«Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն թիւը հետզհետէ կ’աճի, ու եկեղեցին կը բարգաւաճի». Հարցազրոյց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վարդան Վրդ. Թաշճեանի հետ
Հարցազրոյց Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տէր Վարդան Վրդ. Թաշճեանի հետ
Հոգշ. Տէր Վարդան Վրդ. Թաշճեան, մկրտութեան անունով՝ Մայք, ծնած է 16 Ապրիլ 1989-ին, Պէյրութ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանին մէջ, իսկ միջնակարգը՝ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ: Լիբանանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի դպրեվանք ընդունուած է 2005-ին։ Աբեղայութեան օծում ստացած է 6 Յունիս 2010-ին, Անթիլիաս, ձեռամբ՝ Գերշ. Տէր Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ 2013-ին հովուական եւ ուսումնական առաքելութեամբ կը փոխադրուի Գանատա (Մոնթրէալ), ուր երկու տարի ետք կը ստանայ Վարդապետական աստիճան 14 Նոյեմբերի 2015-ին, ձեռամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի անդրանիկ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի: Սկիզբը ծառայած է Մոնթրէալի մէջ, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի որպէս պատասխանատու ապա Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ նշանակուած է 2018-ի Յունուարին:
Մէկ տարիէն աւելի է, որ Հոգշ. Տէր Վարդան Վրդ. Թաշճեան կը ծառայէ Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, որպէս հոգեւոր հովիւ: Այս առթիւ «Հորիզոն»ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին Հայր Սուրբը շեշտեց. «Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն թիւը հետզհետէ կ’աճի, ու եկեղեցին կը բարգաւաճի: Այդ մէկը անշուշտ կը պայմանաւորուի մեր միասնական ճիգով, երբ մեր նպատակակէտը եկեղեցւոյ եւ մեր համայնքին ծառայելը կը դառնայ»:
Խօսելով Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին Հայր Վարդան ըսաւ. «Նախ ըսեմ, որ Ս. Գէորգ եկեղեցին շատ հին պատմութիւն մը չունի: 25 տարուան պատմութիւն ունեցող նորակազմակերպ համայնք մըն է Լաւալի համայնքը, սակայն Սուրբ Գէորգ եկեղեցին այս 25 տարուան ընթացքին, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, երբեմն նոյնիսկ կարողութենէն ալ աւելին փորձած է ընել, որպէսզի Լաւալի մեր համայնքին ազգային եւ հոգեւոր պէտքերը հոգայ»:
Ապա Հայր Վարդան եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուած միութիւններն ու կազմակերպութիւնները յիշելով կը յայտնէ, թէ ՀՕՄ-ը իր բազմածաւալ գործունէութեան կողքին անվարան կը սատարէ նաեւ եկեղեցւոյ, Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւնը, որպէս ընդհանուր կազմակերպող, շէնքին կարիքներուն կը հասնի եւ եկեղեցւոյ կ’աջակցի, Հոգաբարձութիւնը սիւնը կը հանդիսանայ եկեղեցւոյ, ՀՄԸՄ-ի Լաւալի մասնաճիւղը, որ վերջերս աշխուժացած եւ լաւապէս կազմակերպուած է, իր 100-150 գայլիկ- արծուիկներով, տօնական օրերուն կը մասնակցի եկեղեցական թափօրներուն, իւրայատուկ ներդրում ունի եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբը, Դպրաց Դասը եւ Կիրակնօրեայ դպրոցը իր ուսուցչաց կազմով: «Եկեղեցին միշտ աջակցութիւնը կը վայելէ քոյր միութիւններուն, անոնց պատասխանատու կազմերուն եւ անդամներուն, որոնք միասնաբար կը գործակցին, եւ իւրաքանչիւրը իր յատուկ ներդրումը կը բերէ եկեղեցւոյ գործունէութեան ի նպաստ», ըսաւ Հայր Սուրբը:
Դպրաց Դասին անդրադառնալով ան յայտնեց, թէ անցնող 20 տարուան ընթացքին յաճախակի փոփոխութիւններ կրած են ղեկավարութիւնը, անդամները եւ այլն, սակայն «Անոնք միշտ եղած են աշխոյժ, գործունեայ, հաւատքով աղօթած են, կամաւորաբար, պաղը, ցուրտը եւ բոլոր աննպաստ պայմանները անտեսելով եկած եւ ներկայ եղած են ըլլա՛յ փորձերուն, ըլլա՛յ եկեղեցական արարողութիւններուն»: Ան կը յայտնէ, թէ անոնց ներկայութիւնն ու երգեցողութիւնը միշտ ալ ոգեւորած եւ ներշնչած են հաւատացեալ ժողովուրդը:
Հարցումին, թէ իր ծառայութեան մէկ տարուան ընթացքին նկատառելի ի՞նչ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան եկեղեցական կեանքէն ներս, յատկապէս երբ սուրիահայ ներգաղթողներու հոսքը սկսաւ, Հայր Վարդան պատասխանեց. «Անշուշտ սուրիահայերու ներգաղթով փոփոխութիւններ պէտք էր ըլլային, որովհետեւ սուրիահայը եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ժողովուրդ է, հետեւաբար անտարբեր պիտի չմնար եւ անպայման իր ներդրումը բերէր նախեւառաջ եկեղեցւոյ, ապա՝ միւս միութիւններուն: Սուրիահայութիւնը կրցաւ շատ լաւ ձեւով միախառնուիլ գանատահայ շրջանակին հետ, փոխադարձաբար նաեւ գանատահայ գաղութը գրկաբաց ընդունեց զիրենք իր բոլոր կառոյցներէն ներս»: Ան կ’աւելցնէ, թէ եկեղեցին խտրութիւն չի դներ սուրիահայուն, այլ գաղութի մեր զաւակներուն եւ գանատահայերուն միջեւ, «Բոլորս Հայ եկեղեցւոյ զաւակներն ենք,- կ’ըսէ ան,- սակայն սուրիահայերու հոսքով նկատառելի թիւի աճ տեղի ունեցաւ բոլոր կառոյցներուն մէջ՝ Տիկնանց յանձնախումբին, Դպրաց Դասին, Պատարագի մասնակցող հաւատացեալ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ կեդրոնին մէջ գործող բոլոր միութիւններուն»: Ան նշեց նաեւ, թէ թիւի այս աճը իր հետ կը բերէ աշխուժութիւն եւ նոր աւիւն եկեղեցական կեանքէն ներս:
Հայր Սուրբին ծառայութեան սկիզբէն ի վեր ուշագրաւ նորութիւնը եղաւ համացանցային աշխուժութիւնը յատկապէս եկեղեցւոյ դիմատետրի էջին, ուր կը տեղադրուին եկեղեցւոյ ծանուցումները եւ մանաւանդ՝ ուղիղ եթերով Պատարագի կամ ժամերգութիւններու սփռումները: Այդ էջին շնորհիւ մենք տեղեկացանք, թէ ամէն շաբաթ երեկոյեան տեղի կ’ունենայ Կիրակմուտքի ժամերգութիւն, որուն համար Հայր Սուրբը կ’ըսէ. «Կիրակմուտքի ժամերգութիւնը վանական աւանդոյթ մըն է, որպէսզի Կիրակին խաղաղութեամբ մտնենք: Այս մէկը հարկաւոր է յատկապէս եկեղեցւոյ ծառայողներուն: Ճիշդ է, որ ժողովուրդը աշխուժօրէն չի մասնակցիր այս ժամերգութեան, հաւանաբար վարժ չէ ըսելով, սակայն մենք նախընտրեցինք, որ այս աղօթքը տեղի ունենայ եկեղեցւոյ մէջ, ժողովուրդը ներկայ ըլլայ կամ ոչ»: Ան յիշեց նաեւ կարգ մը բարեկարգումներ եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս՝ երգչախումբին եկեղեցւոյ յետսամաս փոխադրուիլը, որպէսզի ժողովուրդը կարենայ կեդրոնանալ եւ ապրիլ Պատարագի խորհրդաւորութիւնը, նաեւ լոյս մը տեղադրուած է եկեղեցւոյ պատերէն մէկուն վրայ, որպէսզի ժողովուրդը անոր հետեւելով գիտնայ, թէ ե՛րբ պէտք է ոտքի ելլէ: «Մեծ ծրագիրներ չունինք եկեղեցւոյ բարենորոգման, որովհետեւ ծրագիր կայ Լաւալի մէջ աւելի մեծ եկեղեցի մը ունենալու», կը նշէ ան:
Իսկ հարցումին, թէ ինչո՛ւ նման ծրագիր ունի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին, ան շեշտեց. «Աւելի մեծ եկեղեցի ունենալը ոչ միայն կարեւոր է, այլեւ՝ անհրաժեշտութի՛ւն է», մատնանշելով Լաւալի համայնքին թիւի աճը: Ան կը յայտնէ, թէ հիմակուան եկեղեցին մատուռ մըն է, ուր նախապէս մայրապետներ կը մնային, հետեւաբար անոնց համար բաւարար էր, մինչ այսօր Լաւալի աճող ու առաւել եւս կազմակերպուող ու բարգաւաճող գաղութին համար անբաւարար է: «Աւելի մեծ եկեղեցւոյ մը ծրագիրը իրականացնելու համար կարիքը ունինք մեր ժողովուրդին աջակցութեան՝ ե՛ւ նիւթական, ե՛ւ բարոյական»: Ապա աւելցուց, թէ մեր ժողովուրդը բարեբախտաբար կամեցող է եւ գործունեայ, հետեւաբար ան յոյսով է, որ ծրագիրը յաջողութեամբ կը պսակուի, եւ համայնքը կ’օժտուի նոր եկեղեցիով:
Առաջնորդարանի Հայեցի դաստիարակութեան եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդներուն հետ աշխատակցութեան մասին Հայր Սուրբը կը յայտնէ, թէ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին միշտ մասնակից եղած է անոնց ծրագիրներուն, ինչպէս Գանատայի միւս եկեղեցիները: Ակնարկելով նոր յանձնախումբերու կազմութեան, Հայր Սուրբը յայտնեց. «Կարիքը չկայ նորին, որովհետեւ արդէն ունինք յանձնախումբեր, այլ կարիքը ունինք զանոնք աշխուժացնելու, նոր ծրագիրներ իրագործելու համար աշխատանք տանելու եւ մանաւանդ՝ աշխատանքի յարատեւումը ապահովելու համար հետապնդելու եւ քաջալերելու»: Ան յիշեց նաեւ, որ եկեղեցւոյ տարեկան ծրագիրները, տօնական առիթներու առթիւ ելոյթները, դասախօսութիւնները, սուրբ գրային սերտողութիւնները արդէն ընթացքի մէջ են, երբեմն կրնան յապաղիլ, պայմաններու բերումով, սակայն անպայման աշխատանք կը տարուի անոնց շարունակականութիւնը ապահովելու:
Հարցումին, թէ ի՞նչ իրավիճակ կը պարզէ այսօր Լաւալի հայ համայնքի երիտասարդութիւնը, Տէր Վարդան նախ կը շեշտէ հետեւեալը. «Իրապաշտ ըլլալու համար, մեր աւանդական ոճը պէտք է որոշ փոփոխութիւն կրէ, ոչ իր ամբողջական բարքով ու սովորութիւններով, այլ մեր մօտեցումով, եւ ոչ միայն երիտասարդներուն հետ, այլեւ՝ երեխաներուն: Այս ծիրէն ներս, օրինակ, ես անձնապէս այցելած եմ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարանները, աշակերտներուն հետ հանդիպումներ ունեցած եմ եւ զրուցած, որպէսզի մեր նոր սերունդը աւելի մօտ զգայ եկեղեցւոյ եւ ինչու չէ կղերականին հետ, առիթը ունենայ իր մտածումներն ու միտքերը փոխանակելու եւ լուսաբանուելու»:
«Եկեղեցին անշուշտ շատ մեծ դեր ունի երիտասարդները համախմբելու,- շարունակեց ան,- մենք արդէն կապուելով Քրիստոնէական Դաստիարակութեան խորհուրդին հետ ճամբար կը կազմակերպենք, որուն ամբողջ Գանատայէն 100-150 երիտասարդ կը մասնակցի, սակայն ընդհանուր առմամբ ծրագիրներու հետեւողականութիւնը պահելու եւ յարատեւելու դժուարութիւն կայ: Օրինակի համար Միջին Արեւելքի մէջ մենք չէինք միախառնուեր տեղացի շրջանակներու հետ, մեզ համախմբողը, մեր կեանքը լիցքաւորողն ու արժեւորողը մեր ակումբն էր, մեր եկեղեցին: Հոս աշխարհին բացուած, զարգացած երկիր է, որ ունի երիտասարդը ներգրաւելու դիւրութիւններ եւ կարելիութիւններ, հոսանքը շատ զօրաւոր է, սակայն այս բոլորին մէջ նաեւ եկեղեցականը մեծ դեր ունի երիտասարդները համախմբելու հարցով, ան պէտք է ճկուն ըլլայ, ընկերային մօտեցում ունենայ եւ հասկացողութիւն ցուցաբերէ»:
Վերջապէս, անդրադառնալով ժողովրդական այն արտայայտութեան, թէ այսօր եկեղեցին ի՛նչ ունի տալիք երիտասարդին, Հայր Սուրբը ըսաւ. «Եկեղեցին առեւտուրի տեղ չէ, որ բան մը տայ: Եկեղեցին աղօթանուէր մօտեցում ունի, երիտասարդը պէտք է այն գիտակցութիւնը ունենայ, որ ինք եկեղեցւոյ մէկ մասն է», ապա աւելցուց, թէ մեր երիտասարդները միշտ մարդասիրական, կամաւորական աշխատանքներ տարած են ի նպաստ մեր համայնքային կեանքին:
Հայր Վարդան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ հակառակ որ Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ կարողութիւնները ներկայ դրութեամբ սահմանափակ են, «Սակայն ոչ մէկ ջանք պիտի խնայենք, որ սահմանափակ կարողութիւններով իսկ, միասնաբար գործակցելով, պիտի ծառայենք ի նպաստ մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի զաւակներուն»:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան