Լաւալի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի առիթով, քաղաքապետ Պոյէր Ցեղասպանութեան յուշարձանին այգին վերանուանեց «Parc de l’Espoir»՝ «Յոյսի այգի»՝ ի պատիւ հայ համայնքին։
- (0)

Կազմակերպութեամբ Քեպէգի հայ համայնքի միացեալ մարմնին, ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին Լաւալի քաղաքապետարանի Շոմէտի շրջանի կայանատեղիէն սկիզբ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած ժողովրդային քայլարշաւը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լաւալի փողերախումբին եւ սկաուտական կազմին, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի եւ Պատանեկան միութեան անդամներուն, ՀԲԸՄ-ի սկաուտական կազմին, հոգեւոր հայրերու, համայնքային ներկայացուցիչներու եւ ժողովրդային հոծ բազմութեան:
Քայլարշաւի վերջին կայանն էր Հայոց ցեղասպանութեան Լաւալի յուշարձանին վերջերս տեղափոխուած այգին, ուր տեղւոյն վրայ յուշարձանին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ եւ յիշատակուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը, ներկայութեամբ Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւորներ՝ Ֆայսալ Ալ-Խուրիի, Անի Քութրաքիսի եւ Գարլոս Լէյթաուի, Քեպէգի խորհրդարանի պատգամաւորներ՝ Սոնա Լախոյեան Օլիվիէի, Սելին Հայթայեանի, Վիրժինի Տիւֆորի եւ Վալերի Շմալցի, Լաւալի քաղաքապետ Ստեփան Պոյէրի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ՝ Սեդա Թօփուզեանի, Ռէյ Խալիլի, Ալին Տիպի, Սանտրա Ալ Հլուի, Նիքոլաս Պորընի, Փիեռ Պրապանդի, Ֆլաւիա Ալեքսանտրա Նովագի, Վասիլիոս Քարիտոկիանիսի, Մոհամէտ Պայի, Անիք Պրունէթի, Անիք Սենկորի, Սեսիլիա Մագետոյի, Քրիստին Փուարիէրի, Տէյվիտ Տէ Քոթիսի, Իզապէլ Փիշէի, Մարթին Վայլանքուրթի եւ Լուիզ Լորթիի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Կեատայեանի, Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վերապատուելի Ճորճ Տապոյի եւ Ֆրանսայի Աւետարանական համայնքի Վերապատուելի Ռընէ Լեւոնեանի, պատկան մարմիններու եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու:
Բացումը կատարուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, որմէ ետք բացման խօսքով (երկլեզու) հանդէս եկան օրուան հանդիսավարներ՝ Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Ալին Պէրպէրեան եւ ՀԲԸՄ-ի Պատանեացի անդամ Մանէ Յովհաննիսեան: Հայ դատի յանձնախումբի անունով խօսք առաւ Արեւիկ Աֆարեան, որ անդրադարձաւ յուշարձանի տեղափոխման եւ նշեց, թէ Հայ դատի յանձնախումբին առաջարկին ընդառաջելով Լաւալի քաղաքապետութիւնը տեղափոխեց զայն այս ներկայ այգին, որ առաւել եւս կ’արդարացնէ իր խորհրդանշական ներկայութիւնը, այս մէկը նաեւ լաւագոյն փաստն է համայնքին եւ քաղաքապետարանին միջեւ օրինակելի գործակցութեան, ապա խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Վերջապէս, այս յուշարձանը զգօնութեան կոչ մըն է։ Ան մեզի կը յիշեցնէ մեր հաւաքական պատասխանատուութիւնը՝ գործելու, որպէսզի կանխենք ապագայ վայրագութիւնները»:
Խօսք առաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի Մոնթրէալի մասնաճիւղի գործադիր խորհուրդի ատենապետ եւ Ալեք Մանուկեան վարժարանի տնօրէն Շահէ Թանաշեան, որ ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը, հակառակ պատմական բոլոր դժուարութիւններուն, տակաւին կանգուն է եւ պիտի շարունակէ գոյատեւել, կառուցել ու իր յիշողութիւնը փոխանցել, մինչեւ որ արդարութիւնը վերականգնի։ Ճշմարտութեան ամբողջական ճանաչումէն ետք հայերը պատրաստ են արժանապատուութեամբ ապրելու միւս ժողովուրդներուն հետ՝ փոխադարձ յարգանքի եւ ճանաչման հիման վրայ։ Հուսկ, յիշատակման նպատակը անցեալին մէջ փակուիլը չէ, այլ ապագան լուսաւորելը»:
Օրուան պատգամաբերն էր ՀՅԴ Լաւալի Սարգիս Զէյթլեան կոմիտէի անդամ Լեւոն Աւետանեան, որ անդրադարձաւ մեր նահատակներուն կտակին, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը յուզող ներկայի մարտահրաւէրներուն, ապա իր խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան ըսաւ. «Եւ այսօր, 111 տարի անց, ապաւինելով ձեր յանձնառութեան, սիրելի՛ երիտասարդներ, մենք բոլորս միասին կ’ըսենք՝ պիտի յիշենք, պիտի պահանջենք, պիտի պայքարինք։ Մենք պիտի չլռենք, երբ ճշմարտութիւնը կը մերժուի։ Մենք պիտի չյուսահատինք, եթէ արդարութիւնը տակաւին ուշանայ։ Մենք պիտի չմոռնանք, երբ աշխարհը ուզէ մոռնալ։ Որովհետեւ մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ անցաւ խաւարէն, բայց երբեք չմնաց խաւարին մէջ։ Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ կորսնցուց շատ բան, բայց երբեք չկորսնցուց իր ապրելու կամքը։ Եւ մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ ոչ միայն կը վերապրի, այլ կը վերածնի, կրկին ու կրկին։ Թող յաւերժ ըլլայ յիշատակը մեր նահատակներուն։ Թող յարատեւ ըլլայ մեր պայքարը՝ յանուն արդարութեան, յանուն Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին»:
Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Լաւալի յուշարձանի միացեալ յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սագօ Եագուպեան եւ ըսաւ. «Այսօր Լաւալի մէջ, ինչպէս աշխարհի տարբեր կողմերը, ցեղասպանութենէն վերապրողներու սերունդները կը համախմբուին՝ յարգելու 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակը եւ արդարութիւն պահանջելու։ Մենք կը շարունակենք պատմել, ուսուցանել եւ փոխանցել այս պատմութիւնը, որովհետեւ քանի յիշատակը դեռ կենդանի է, ցեղասպանը իր նպատակին չէ հասած։ Այս յիշատակը միայն մերը չէ, այլ կը կիսուի բարեկամներու եւ գործակիցներու հետ, ներառեալ Լաւալի քաղաքապետարանը, որ ականջ տուաւ, հասկացողութիւն ցուցաբերեց եւ գործնական քայլերով յարգեց այս ժառանգութիւնը: Յուշարձանին արժանավայել տեղ տրամադրելով՝ քաղաքապետարանը կը նպաստէ նման արհաւիրքներու կանխարգիլման առաքելութեան»։
Լաւալի քաղաքապետ Ստեփան Պոյէր իր խօսքը ուղղելով համայնքին՝ ըսաւ. «Երբ կը դիտէի բազմութիւնը՝ մարդիկ, որոնք կը քալէին դրօշակներով, երիտասարդներ, որոնք կ’երգէին, զգացի, որ հայ համայնքը իսկապէս կենդանի է։ Հայ համայնքին սիրտը տակաւին կը բաբախէ այսօր եւ պիտի բաբախէ նաեւ վաղը: Ասոր մեծագոյն փաստն է այսօր հոս մեր բոլորին ներկայութիւնը, ներառեալ քաղաքային խորհուրդը իր ամբողջ կազմով, ինչպէս նաեւ դաշնակցային, նահանգային, եկեղեցական եւ համայնքային ներկայացուցիչները։ Դուք բոլորդ հայ համայնքի ուժին ապացոյցն էք՝ համայնք մը, որ Լաւալի մէջ լիովին համարկուած եւ արմատացած է, ունի իր արժանապատիւ ներկայութիւնը, դերը եւ մասնակցութիւնը Լաւալի տնտեսական, քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային կեանքին մէջ», ապա ան ուրախութեամբ յայատարարեց. «Սոյն այգին, ուր կը գտնուինք հիմա, հայ համայնքին ի պատիւ՝ պիտի վերակոչուի «Parc de l’Espoir» (Յոյսի այգի)»:
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան՝ Միրիամ Պաղտասարեան՝ «Ապրելու ապրիլ» երգի կատարումով, Շիրազ Բէնէնեան՝ «Առաքել-Մուշեղ» եւ «Զարթիր լաօ» երգերու սրինգի նուագակցութեամբ, Ալեք Մանուկեան վարժարանէն աշակերտուհիներ՝ Կիսանէ Մխիթարեան եւ Մարի Աբրահամեան՝ «Ils sont tombés» ասմունքով, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան Մոնթրէալի եւ լաւալի «Դրօ-Գետաշէն» մասնաճիւղէն խումբ մը պատանիներ՝ «Արի զօրավար» երգով, երաժշտահան արուեստագէտ Արթիւր Մարկոսեան՝ տուտուկի նուագակցութեամբ, ՀՄԸՄ-ի Լաւալի մասնաճիւղի սկաուտական կազմէն Մէրի Հապիպ՝ «Ուխտ Արարարտին» ասմունքով եւ Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ «Կաքաւիկ» կրտսերաց դպրաց դասը՝ փունջ մը ազգային երգերու կատարմամբ:
Արարողութիւնը վերջ գտաւ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Կեատայեան»ի աղօթքով եւ յուշարձանին դիմաց ծաղիկներու տեղադրումով:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»

–
Լուսանկարները՝ Visions Unlocked by Jennifer Sevan-ի եւ Մայք Թաշճեանի