Լաւալի Հայ Կեդրոնի հաղորդագրութիւն
Սիրելի հայրենակիցներ,
Ինչպէս նախապէս յայտարարած էինք, ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէն՝ իր կեդրոնէն ներս գործող ուղեկից միութիւններու հետ միասին, մօտէն կը հետեւի Քորոնաժահրի (Coronavirus – COVID-19) պատճառած արտակարգ դրութեան զարգացումներուն եւ քայլեր առած է կեդրոնէն ներս հարկ եղած առողջապահական նախազգուշութիւններու գծով: Նկատի ունենալով իրավիճակի լրջութիւնը՝ Լաւալի Հայ Կեդրոնը պիտի շարունակէ փակ մնալ՝ ցնոր տնօրինութիւն: Առկախուած են նաեւ տեղի ունենալիք բոլոր համայնքային հաւաքական ձեռնարկները:
Այսու կու գանք ձեր բոլորին ուշադրութեան յանձնելու, որ մեր կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր քոյր միութիւններուն համագործակցութեամբ, հաստատած ենք հեռաձայնային շտապ թիւ եւ ե-նամակի հասցէ՝ յատկապէս մեր տարեց սերունդի ա’յն անդամներուն համար որոնք միայնակ են եւ հարազատներու շրջանակ չունին, որպէսզի օժանդակութիւն ցուցաբերենք անոնց անհրաժեշտ կարիքներուն համար:
Մեզի հետ կրնաք կապ հաստատել՝
- Հեռաձայն՝ 514-887-1890 (Երեկոյեան Ժամը 6։00-էն 9։00-ը)
- Ե-նամակ՝ assistance@acclaval.ca
- Սոցցանց՝ facebook.com/AccLaval
Կրնաք նաեւ հետեւիլ մեր Facebook էջին վրայ դրուած տեղեկութիւններուն:
Ծանօթ՝
Ե-նամակի եւ հեռաձայնային կապի պարագաներուն՝ մի մոռնաք ներառել ձեր անունն ու հեռաձայնի թիւը: Իսկ եթէ տեղւոյն վրայ չհասանք պատասխանելու ձեր զանգին՝ հաճեցէք ձգել ձեր պատգամը՝ ձեր կապի տուեալները նշելով:
Ձեր բոլորին մաղթելով առողջութիւն՝
ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէ