Ի Պատիւ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանին
Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան, շուրջ երեսուն տարի Հայ օգնութեան միութեան Հրատարակութեան բաժանմունքը տնօրինելէ ետք, հանգստեան կոչուեցաւ յունուար 2024-ին:
Մեծ է վաստակը ընկեր Թաթուլին հայութեան հաւաքական կեանքին եւ մասնաւորաբար Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ու Հայ օգնութեան միութեան հասարակական, կազմակերպական եւ միութենական կեանքերուն մէջ:
Ան ծնած է Գահիրէ, Եգիպտոս: Համալսարանական իր ուսումը աւարտելէ ետք աշխատակցած է տարբեր օրաթերթերու, շաբաթաթերթերու եւ ամսաթերթերու` ձեւաւորելով անոնց կողքերը: 1951-1957 գործած է Ամերիկեան տեղեկատուութեան գործակալութեան մէջ` իբրեւ հրատարակչական բաժնի վարիչ-գծագրիչ: Տեղին է յիշատակել ընկերոջ գծանկարիչի տաղանդը` ստեղծագործելով որմազդներ եւ նշանապատկերներ` տարբեր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու համար:
Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան 1957-ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ: 1961-1972 վարած է Ունիվըրսիթի փրես աֆ Քեմպրիճի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը: 1972-1978 ունեցած է իր անձնական հրատարակչական ընկերութիւնը` գործակցութեամբ Հարվըրտ համալսարանի հրատարակչական գրասենեակի մասնագիտական հրատարակութիւններու բաժանմունքին: 1978-էն սկսեալ գործած է իբրեւ ազատ մասնագէտ` հրատարակչական, խմբագրական եւ տպագրական մարզերու մէջ:
Ընկեր Թաթուլ ունի նաեւ թարգմանական բեղուն աշխատանք: Ան անգլերէնի թարգմանած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ եւ յօդուածներ, ինչպէս, օրինակ, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»-ը` գործակցաբար Ռուբէն Ճանպազեանի, նաեւ` Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը»` գործակցաբար Վիգէն Թիւֆենքճեանի: Պէտք չէ մոռնալ ընկերոջ մեծ ներդրումը` Համազգայինի թատերական կեանքին, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է երկար տարիներ:
Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան արժանացած է զանազան պատուոյ գիրերու, մրցանակներու եւ շքանշաններու, ինչպէս` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի «Վահան Քարտաշեան» շքանշանին եւ Հայ օգնութեան միութեան Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան «Է. Ակնունի» մրցանակին:
Ան մեծ պատասխանատուութեամբ վարած է ՀՅԴ եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արխիւներու պատասխանատուի պաշտօնը` անձնուիրաբար եւ հաւատարմօրէն կատարելով իրեն տրուած բոլոր պարտականութիւնները: Զուգահեռաբար այս պաշտօնին` ան նաեւ վարած է «Արմինիըն Ռիվիու»-ի խմբագիրի պաշտօնը:
Ինչ կը վերաբերի Հայ օգնութեան միութեան, ապա Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան շուրջ երեսուն տարի անընդմէջ կատարած է միութեան հրատարակութիւններու բաժանմունքի տնօրինումը` յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնելով ՀՕՄ-ի «Հայ սիրտ» պարբերականը: Ան նաեւ վարած է միութեան կեդրոնական գրասենեակի վարիչ- տնօրէնի պաշտօնը:
Ընկեր Թաթուլ կը հանդիսանայ մէկ անձնուէր գործիչը այն սերունդին, որ գործեց խոր գիտակցութեամբ` իր գիտելիքը եւ փորձառութիւնը ի սպաս դնելով Հայ դատին եւ առհասարակ հայ հասարակական ու միութենական կեանքերուն` իբրեւ ղեկավար, խմբագիր, հրատարակութիւններու վարիչ, թարգմանիչ եւ մտաւորական:
Հայ օգնութեան միութիւնը երախտապարտութեան եւ երախտագիտութեան զգացումներով պիտի յիշէ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի վաստակը` երկար եւ առողջ կեանք մաղթելով սիրելի ընկերոջ:
Comments are closed.