Ի Յուշ. Ազգային բարերար Արմէնուհի Գոլոլեան
Ստորեւ կը ներկայացնենք 9 Յուլիս 2024-ին «Գոլոլեան» Նախակրթարանի հիմնադիր բարերար տիկին Արմէնուհի Գոլոլեանի թաղման արարողութեան ընթացքին, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Անի Հոթոյեան Ճոլիի կողմէ արտասանուած դամբանականն ու «Գոլոլեան» վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանի կողմէ արտասանուած հրաժեշտի խօսքը.
ՀՕՄ-ի խօսք.
Սիրելի Սգակիրներ.
Խոր կսկիծով այսօր հրաժեշտ կու տանք մեր մասնաճիւղի հիմնադիրներէն եւ հաւատարիմ անդամներէն՝ ընկերուհի Արմէնուհի Գոլոլեանին:
Սէր, Նուիրում եւ Ծառայութիւն: Երեք բառեր որոնք ամենայն ճշգրտութեամբ կը ցոլացնեն ընկերուհի Գոլոլեանին նկարագիրը:
1962-ին ընկերուհի Գոլոլեան երբ նոր ժամանած էր Թորոնթօ, ան կը ծանօթանայ Ազնիւ եւ Կասիա Ապաճեաններուն եւ յաջորդ տարի, Նոյեմբեր 1963-ին, Ապաճեաններուն ներքնայարկին մէջ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ ՀՅԴ Ս․ Թէհլիրեան Կոմիտէի ջանքերով կը վերակազմուի ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղը՝ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ․ Սեդա Թէրզեանի ներկայութեամբ։
Այդ օրը մասնաճիւղիս առաջին ժողովը տեղի կ’ունենայ, եւ անդրանիկ վարչութեան դիւանը կը կազմուի։ Ընկհ․ Գոլոլեան կ’ընտրուի վարչութեան գանձապահը։
Ընկերուհի Արմէնուհի Գոլոլեան իր երդումը կու տայ այդ օր եւ այդ օրէն սկսեալ գործի կը լծուի եւ հաւատքով իր մասնակցութիւնը կը բերէ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի բոլոր աշխատանքներուն։
Այդ տարիներուն, ընկերուհի Գոլոլեան իր ներդրումը կը բերէ իբերւ ՀՕՄ-ի վարչական անդամ եւ 1974-1976-ին որպէս մասնաճիւղիս վարչութեան ատենապետուհի։
2013-ին ընկերուհի Գոլոլեան ստացաւ ՀՕՄ-ի Թորոթնոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 50 տարուան անդամակցութեան զարդասեղը եւ 30 Ապրիլ 2023-ին ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 60-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին ան ստացաւ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան կողմէ 60 տարուան անդամակցութեան գնահատագիրը։
2018-ին Ընկհ․ Գոլոլեան հիմնեց ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին Գէորգ եւ Արմէնուհի Գոլոլեան Կրթաթոշակը՝ Համալսարանի մէջ Դաստիարակութեան ճիւղին հետեւող ուսանողներու համար:
Ընկերուհի Գոլոլեան «Ռուբինա» մասնաճիւղի անդամական ժողովներուն միշտ ներկայ կ’ըլլար եւ իր ներդրումը կը բերէր իր առաջարկներով եւ գաղափարներով։ Ան նաեւ միշտ ներկայ կը գտուէր ՀՕՄ-ի ձեռնարկներուն, մանաւանդ տարեկան Տօնավաճառին եւ միշտ իրեն վստահուած պարտականութիւնները բծախնդրօրէն կ’ամբողջացնէր։
Ընկերուհին լաւատես էր եւ միշտ մեզ կը քաջալերէր իր խրատներով եւ օրինակով։ Ան հետաքրքրուած էր իր ընկերուհինեով եւ բարեկամներով։ Ան կը հեռաձայնէր, երբ հիւանդ էինք, կը հետաքրքրուէր մեզմով, կ’ուրախանար եւ կը շնորհաւորէր մեր յաջողութիւնները։
Ընկ․ Գոլոլեան շատ հպարտ էր որ իր մայրը՝ ընկ․ Տիգրանուհի Արթինեան, ինքը, իր զաւակը՝ Նայիրին եւ թոռնիկը՝ Յասմիկը, 4 սերունդներ, մաս կազմած են եւ կը շարունակեն մաս կազմել ՀՕՄ-ի վսեմ գործունէութեան եւ 5-րդ սերունդը հպարտութեամբ պիտի շարունակէ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը հայ ժովովուրդին համար։ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ընկերուհի Արմէնուհի Գոլոլեանի ընտանիքին բոլոր անդամներուն եւ իր բարեկամներուն:
Հողը թեթեւ գայ վրադ ընկերուհի Արմէնուհի։
***
Տնօրէնութեան խօսք.
45 տարիներ առաջ, հաւատալով սփիւռքի մէջ հայ դպրոցի կենսական գոյութեան եւ առաքելութեան, տիկին Արմէնուհի Գոլոլեան իր ամուսինին՝ Պարոն Գէորգ Գոլոլեանի հետ միասին, սատարեց մեր վարժարանը հիմնելու աշխատանքին, սերմերը ցանելով Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ վարժարանի «Գոլոլեան» Նախակրթարանին՝ իրենց իշխանական բարերարութեամբ: Առաւել եւս, տիկին Գոլոլեան 12 տարիներ ծառայեց վարժարանի ուսումնական մարմնին իբրեւ գանձապահ: Իր գործակիցներուն հետ միասին, իրենց վարքով հրաւիրեցին կամաւոր աշխատանքի ոգին դպրոցական կեանքէն ներս, դասելով ան որպէս կենսական ներկայութիւն:
Տիկին Արմէնուհի Գոլոլեանի զոհողութիւնները 45 տարիներ առաջ օրինակ դարձաւ թորոնթոհայ գաղութի զաւակներուն եւ որպէս դաստիարակիչ մեծ քայլ, ցոյց տուաւ որ առանց սրտաբուխ անձնական զոհողութիւններու, գաղութ կերտելը, պահելը եւ ծաղկեցնելը անկարելի է:
Տիկին Գոլոլեան իր անզուգական համեստութեամբ, ազնուութեամբ, հոգատարութեամբ, անյատակ սիրով եւ քաջալերութեամբ եղաւ լաւագոյն օրինակը մեր վարժարանի աշակերտներուն, անձնակազմին եւ կրթական մարմնի անդամներուն: Ան մեծ հրճուանքով միշտ ներկայ եղաւ մեր վարժարանի ձեռնարկներուն, նոյնիսկ՝ երբ ատենօք իր առողջութիւնը վատ ըլլար: Եթէ կամքէ անկախ պատճառով ներկայ չըլլար, անպայման հեռաձայնով կը զօրակցէր մեզի:
Իր կատարած բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը եւ քաջալերանքը շարունակական էր եւ խիստ ազդու:
Տիկին Գոլոլեան յաճախ կ’այցելէր կամ կը հեռաձայնէր վարժարան: Անձնական վկայութեամբ կրնամ ըսել, թէ իր զօրակցական խօսքերը եւ խրախուսանքները իւրայատուկ էին: Երբ տեսնէի կամ խօսէի իր հետ, գիտէի իր խրատները պիտի ծառայէր որպէս ներշնչում եւ անհրաժեշտ կայծ՝ մեր գալիք աշխատանքներուն: Ան գիտէր ինչպէս յոյս ներշնչել դժուար պահերուն իսկ: Առիթ չէր փախցներ արտայայտուելու, թէ ինք որքա՜ն հպարտ էր վարժարանի շարունակական վերելքով, որուն սատարելու միշտ իր պատրաստակամութիւնը կ’արտայայտէր: Այսպէս, իր մշտական խնամքով, կը ձեւաւորուէր մեր մտապատկերը որպէս վարժարան:
Տիկին Գոլոլեանի քաջալերանքով կազմուեցաւ նաեւ մեր նուագախումբը, որուն յաջողութեան նպաստեց մինչեւ իսկ վերջերս, իր նուիրատուութեամբ եւ փափաքով անուանեցինք զայն «Արամ Խաչատուրեան» նուագախումբ։
Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի կրթական մարմինը, տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը սրտի խոր կսկիծով կը սգան մահը «Գոլոլեան» Նախակրթարանի հիմնադիր բարերար տիկին Արմէնուհի Գոլոլեանի։
Վարձքդ կատա՛ր, մեր սիրելի պահապան հրեշտակ տիկին Գոլոլեան, շնորհիւ ձեզի, շրջանաւարտ սերունդներ պահեցին իրենց ինքնութիւնը, ծաղկեցուցին մեր լեզուն, յաջողութիւններ գտան իրենց անձնական կեանքերէն ներս եւ իրենց յաջողութիւնները ծառայեցուցին ի շահ քու սիրելի թորոնթոհայ համայնքի վերելքին որպէս ղեկավարներ եւ օրինակովդ՝ կամաւորներ:
Մեր վարժարանին մէջ մինչեւ այսօր հայ մանուկը հասակ կ՚առնէ ու կը կերտուի անոր ինքնութիւնն ու ազգային պատկանելիութիւնը։ Թող հոգիդ խաղաղ հանգչի, քաջ գիտնալով որ «Գոլոլեան» Նախակրթարանի միջանցքներուն մէջ պիտի շարունակէ լսուիլ հայոց լեզուի արձագանգը եւ մեր բեմերուն վրայէն՝ «Արամ Խաչատուրեան» նուագախումբի երաժշտութիւնը։
Comments are closed.