Խմբագրական. Զօրավիգ կանգնինք Մոնթրէալի մեր կրթութեան դարբնոցին

Իր հարազատ պատկերն է սուրբ մեր լեզուն
Որ կը հնչէ զանգերուն պէս Յարութեան
Իր տեսիլքէն կը կրէ կեանք եւ արիւն
Ամէ՛ն տաճար, ամէ՛ն գմբէթ հայկական:

Մուշեղ Իշխան

Գանատայի մէջ տասնամեակներէ ի վեր գործող հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու կրթական մարմիններու գերագոյն նպատակը եղած է ազգային գաղափարախօսութեան հիմնադոյթներով` աշակերտին հայակերտ դաստիարակութիւնը եւ ազգը, Հայրենիքը, ընտանիքը եւ եկեղեցին գերադասելու հրամայականը:

Սփիւռքահայութիւնը պէտք է մշտական հոգատարութիւն ցուցաբերէ ազգային մշակոյթի և կրթական համակարգի հիմնախնդիրներու նկատմամբ։ Սփիւռքի ոստաններուն մէջ գործող դպրոցներուն մէջ առանձնայատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձուի մայրենի լեզուի, հայոց պատմութեան և գրականութեան դասաւանդման հիմնախնդիրներուն, ինչպէս նաեւ ազգային գաղափարախօսութեան էաբանութեամբ համալրուած դասագիրքերու ստեղծման: Ազգային մտածողութիւն ու հայեցի դաստիարակութիւն ունեցող սերունդի կերտումը՝ կ՚ապահովէ հայ ժողովուրդի ազգագրական եւ տոհմային աւանդական արժէքներու պահպանումը։

Այսօր, գիտարուեստի սրընթաց զարգացման ժամանակներուն, հայ վարժարանները, հայ դաստիարակը կը դիմագրաւեն նոր մարտահրաւէրներ, թէ ի՞նչ ձեւաչափով պէտք է համադրել արհեստավարժ մանկավարժութիւնը հայեցի դաստիարակութեան հետ եւ ինպէ՞ս արմատաւորել հայրենասիրութեան եւ պետականակերտման հոգեբանութիւնն ու ազգային ինքնութեան ամրապնդումը նոր սերունդի մանկավարժական դաստիարակութեան մէջ:

Սփիւռքի տարածքին, ազգային գաղափարախօսութիւնը հայ անհատի գոյակերպը պահպանող ամրապինդ այն համակարգն է, որ կ՚երաշխաւորէ առանց սեփական ինքնութիւնը վտանգելու` ներամբողջանալ եւ համարկուիլ տեղւոյն օտար մշակոյթին եւ համամարդկային արժէքներուն։

Իրենց հիմնադրութիւններու առաջին իսկ օրէն, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Եկեղեցին եւ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանը սերտօրէն շաղկապուած ու միաձուլուած լրացուցիչ կառոյցներ են, որոնք միասնաբար կը հետապնդեն յստա՛կ մէկ նպատակ՝ ստեղծել հայ նոր սերունդի կատարելատիպ կերպարը, որ լիովին պիտի հիմնուի պատմական յիշողութեան, ազգային ինքնագիտակցութեան, Առաքելատիպ հայ եկեղեցւոյ հոգեկերտուածութեան, հայրենասիրութեան, ուսումնատենչութեան եւ ընտանեկան նուիրուածութեան յենասիւներուն վրայ։

Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի «Վ. եւ Ա. Սարաֆեան նախակրթարանի եւ «Բաստրմաճեան» երկրորդականի հանգանակային հեռուստամարաթոնը պիտի կայանայ Նոյեմբեր 3-ին։ Աւելի քան 700 աշակերտ հաշուող եւ 1047 շրջանաւարտ ունեցող այս հայադարբնոցը՝ Սփիւռքի մեծագոյն հայկական վարժարաններէն է։ Իր կրթական առաքելութեան գիտակից՝ «Ս. Յակոբ» վարժարանը իր աշխարհըմբռնման մէջ ներառած է ազգային արժէքներն ու հայեցի ինքնաճանաչումը աշակերտներուն հոգւոյն մէջ քանդակելու ուղեգիծը։

Մասնակցի՛նք նուիրահաւք-հեռուստամարաթոնին, զօրակցի՛նք մեր վարժարանին, աջակցի՛նք նոր սերունդին, որպէսզի ամրագրենք մեր լինելութեան երթը։

«Հորիզոն»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.