Իրաւատիրութիւն Եւ Պահանջատիրութիւն
ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ
Պահանջատիրութիւնը առանց իրաւատիրութեան` անիմանալի է, սակայն անիկա ժամանակի ընթացքին սրբագործուած է եւ առանձին կը գործածուի: Կը կարծեմ, որ տարբերութիւն կայ անոնց իմաստներուն եւ թելադրանքներուն միջեւ: Պահանջելը խօսակիցէ, հակառակորդէ, կամ բարեկամէ պահանջ կ’ենթադրէ, մինչդեռ իրաւատիրութիւնը ենթակայի գործառոյթ է: Ինչ խօսք` երկուքն ալ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ տեղ եւ կիրարկութիւն ունին: Մինչ այդ առաջարկս նրբութիւններուն շուրջ համաձայնիլն է` տարբերել եւ նկատի ունենալ զանոնք:
Անձնապէս կը հաւատամ, որ իրաւատէր մարդը, կամ հաւաքականութիւնն է, որ պատրաստ է պահանջատիրութեան, իսկ հակառակ ուղղութիւնը ճիշդ տեղ չ’առաջնորդեր: Եթէ իրաւունքներդ չես ճանչնար կամ հակամէտ ես մոռնալու, զիջելու, չես կրնար պահանջատէր ըլլալ, իսկ պահանջատիրութիւնն անհեթեթ է` առանց իրաւունքներու իմացումին, աւելի՛ն, պահանջատիրութենէ իրաւատիրութիւն երթը զարտուղութիւն է տրամաբանութեան մակարդակի վրայ, իր իրաւունքներուն գիտակն է, որ կրնայ պահանջատէր ըլլալ:
Մեր ազգային դժբախտութիւններէն մին պետական իշխանութիւններու մակարդակով, լաւագոյն պարագային, իրաւունքներու չիմացութիւնն է, իսկ վատթարագոյնն այն է, երբ գիտակցուած է եւ անտեսուած, կամ` սկիզբէն իսկ հրաժարած եւ «սեփական կէտէն» սկսած:
Պահանջատիրութեան, Հայ դատին եւ ընդհանրապէս ազգային իրաւունքներուն հանդէպ թեթեւամիտ վերաբերմունքը աւելի քան երեսուն տարի մեր պետականութեան ուղեկիցն է եւ մայրը` մեր բոլոր թերացումներուն, տկարութիւններուն ու պարտութիւններուն:
Սակայն այս յօդուածին նպատակը անպտուղ բանավէճի յորձանքին անձնատուր ըլլալը չէ:
Դարման խորհիլը եւ կիրարկելը աւելի օգտակար է այսօր եւ վաղը: Եւ լուծումը կրթութիւնն է:
Երբ մենք կը սկսինք ցեղասպանուած ըլլալու իրողութիւնը պարզել որպէս առաջնորդող դրօշ, արդէն մեր գիտակցութեան մէջ մարդկայնօրէն անարդարուած ըլլալն է, որ հիմք կ’առնենք: Մինչդեռ առաջին դիրքին վրայ պէտք է դնել ոչ միայն մարդու կեանքի իրաւունքը, այլեւ` ազգայի՛նը, որուն համար պայքարի տուեալ փուլին տմարդօրէն դաւաճանուեցանք ու կոտորուեցանք:
Միջանկեալ ըսենք, որ հայը` իբրեւ բանող եւ ստեղծող մարդ, չէր խանգարեր իր դահիճին. խանգարողը` որպէս մարդկային ուրոյն հաւաքականութիւն, իր նուազագոյն իրաւունքներուն ձգտումն էր` սկսելով կեանքի, պատուի եւ ինչքի ապահովութենէն: Այսինքն դահիճը ցեղասպանելով ազդակ դառնալու ուղին բռնած հայն է, որ ոչնչացուց` կարծելով, թէ իր խնդիրները առյաւէտ լուծեց: Սակայն այդպէս չ’ըլլար: Այսօր նոյն սխալը իր կրտսեր, գաճաճ եղբայրը` Ազրպէյճանի բռնակալը, կը կարծէ իրագործած ըլլալ:
Վերադառնալով մեր նիւթին` իրաւատիրութիւնը խթանող տրամաբանական շղթան սերունդներուն մօտ տարբեր գիտակցութիւն եւ ձգտում կը յառաջացնէ, արգելքները յաղթահարելու կամք կը կոփէ` պայքարի դաշտի պատրաստելով յանձնառո՛ւ իրաւատէրը, որ ամէն ջանք գործադրելու պատրաստ պահանջատէրին նախատիպն է:
Պահանջատիրութեան ժողովրդական օժանդակն է իրաւատիրութիւնը: Առանց իրաւատիրական լայնաճակատ աշխատանքի ու պատրաստութեան` պահանջատիրութիւնը թոյլ ու անկար կը մնայ, զի անիկա օտարին առնչուած է, իսկ օտարը յաւիտեանս յաւիտենից ունի սեփական շահերը եւ հաշիւները: Իսկ օտարին այպանել, որ սեփական շահերը կը գերադասէ, մեզի ոչ մէկ արդիւնքի կը յանգեցնէ:
Այդ ըսել չէ անշուշտ, որ պահանջատիրութեան պէտք է դադար տալ, մինչեւ որ իրաւատիրական դաշտը լայննայ, երբե՛ք: Սակայն, եկէ՛ք համաձայնինք, որ պահանջատիրութեան ալ աստիճանաւորում կրնանք տալ. օտարներուն` անհատ թէ պետութիւն, վարժեցնել հայկական աստիճանական պահանջատիրութեան պատասխանել եւ նկատի առնել զայն, խօսոյթ փոխել, կեցուածք որդեգրել:
Օրինակի համար, առնենք հայոց եւ Հայաստանի հազարամեակներու ուղեկից, բարեկամ Իրանի պետութիւնը: Պետութիւն, որ հայոց քաղաքակրթական ժառանգութեան հոգածութիւն կը ցուցաբերէ, մինչ արեւմուտքի եւ արեւելքի թուրքերը կը քանդեն, կ’իւրացնեն, կամ աջ ու ահեակ կը նուիրեն զանոնք: Տարբերութիւնը մեծ է, եւ նոյնքան մեծ է մեր երախտագիտութիւնը:
Քաղաքակրթական մակարդակէն անդին` ունինք քաղաքական մակարդակը, ներկան: Բնական է, որ դրական է Իրանի գծած կարմիր գիծը թրքական զանգեզուրեան նկրտումներուն դիմաց: Սակայն այս ամբողջ վէճին ու աղմուկին մէջ Իրանը կրնայ շատ աւելի հատու խօսք ըսել յատկապէս արեւելքի թուրքերուն` «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի մասին բարբաջանքները լռեցնելու համար: Իրանական պետութիւնը այս հողերուն վրայ դարերով հիմնական դերակատար եղած է եւ բոլորէն լաւ գիտէ գլխաւորէն առաջ մանրուքը:
Եւ յարգելով արտաշրջանային ուժերու ներկայութեան հանդէպ Իրանի զգայնութիւնը` կը փափաքինք, որ Թեհրան տէր կանգնելով իր պատմական պատասխանատւութեան` բարբառի եւ ծանրակշիռ իր խօսքն ըսէ Հայաստանի ու հայոց մասին, մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան մասին, ճանչնալով ներկայ իրավիճակի ստեղծման մէջ իր պատմական դերը` դրական թէ բացասական:
Վէճը եթէ թրքութեան եւ հայութեան միջեւ է, իրաւարարը պէտք է նախ ճշմարտութիւնը վկայէ: Եւ անիկա պէտք է անաչառ ըլլայ: Եթէ Իրան պատրաստ չէ այսօր այդ դերն ստանձնելու, դատարկութիւն մը թողած պիտի ըլլայ, զոր պիտի լեցնէ մէկն ու մէկը, որ կրնայ իր ճաշակովը չըլլալ:
Այս ալ պահանջատիրութիւն է հարեւան բարեկամ պետութենէ, զոր կրնայ բաւարարել կամ անտեսել զայն, սակայն պահանջն իր գոյութեան իրաւունքը կը պահէ այնքան ժամանակ, որ չէ բաւարարուած: Մէկը ի վերջոյ պիտի ստանձնէ իրաւարարութիւնը եւ շրջանին մէջ Հայաստանէն ետք երիցագոյնին կը վայելէ այդ բարձր դերը:
Այլապէս, խաղաղութեան մասին կարելի է երկար ճառել ուժերու հաւասարակշռութեան վրայ հիմնուած ընկալեալ արժեչափերով, որոնք յարափոփոխ են եւ կայունութեան կռուան չեն կրնար ըլլալ:
Իրաւատիրութենէն բխող պահանջատիրութիւնը նա՛եւ այսպիսի դրսեւորում կրնայ ստանալ` ճկուն, սակայն տոկուն, այն գիտակցութեամբ, որ ընդհանուր դատի մը յաղթանակին պիտի ծառայէ ան:
Comments are closed.