Իրան Հասկցաւ «Զանգեզուրի Միջանցք»ի Բացման Դաւադրութեան Խորութիւնը. Վելայաթի

«Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման Իրանի հակազդեցութիւնը պայմանաւորուած է անով, որ Արեւմուտքը, ՆԱԹՕի քօղին տակ, կ՛ուզէ արեւելք-արեւմուտք փոխադրումներ կատարել Ատրպէյճանի, Կասպից ծովու եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածքով, եւ միայն Իրանը հասկցաւ այս դաւադրութեան խորութիւնը: Այս մասին, ըստ իրանեան «Խապարանլայն» կայքին, ըսաւ երկրի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի` միջազգային հարցերու գծով խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթի:

Ան ընդգծեց, որ «ի տարբերութիւն Արեւմուտքին, որ չունի բարի նպատակներ», Իրանի իսկապէս կ՛ուզէ իր ատրպէյճանցի եղբայրներուն բարօրութիւնը:

Իրանի նախկին արտաքին գործոց նախարարը նաեւ աւելցուց, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սկսած ռազմափորձերը փոխադարձ վստահութեան աճ ցոյց կու տան:

«Աստուած ուզէ, ասիկա շրջադարձային ըլլայ շրջանի պատմութեան մէջ եւ խաղաղութեան ու ապահովութեան հաստատումին օժանդակէ այս զգայուն շրջանին մէջ: Իրանի եւ Ատրպէյճանի միացեալ ռազմափորձը կարեւոր իրադարձութիւն է», ըսաւ ան:

Comments are closed.