Իրան–ԱՄՆ շփումներու նախաշեմին՝ իւրանիոմի հարցով զիջումի ազդանշան

Իրան պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ իւրանիոմի հարստացման ներկայ մակարդակը իջեցնելու, սակայն այդ քայլին դիմաց փոխհատուցում կը պահանջէ։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդին խորհրդական Ալի Շամխանին։

Ան ընդգծած է, թէ Թեհրան համաձայն է իւրանիոմի հարստացումը 60 առ հարիւրէն հասցնելու 20 առ հարիւրի։ Շամխանին շեշտած է նաեւ, որ նման քայլ մը պիտի իրականացուի բացառապէս երկրի ներքին կարիքները հոգալու նպատակով։

Նոյն շրջանակին մէջ ան զգուշացուցած է, թէ եթէ Միացեալ Նահանգները դիմեն հնարաւոր զինուորական գործողութեան, Իսրայէլը պիտի նկատուի Իրանի օրինական թիրախ։ Ան աւելցուցած է, որ հակազդեցութեան ծաւալը պայմանաւորուած պիտի ըլլայ հակառակ կողմին ձեռնարկած քայլերով ու գործողութիւններով։

Մինչ այդ, արաբ պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ «հաւանական է՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ հանդիպումներ կայանան փետրուար 6-ին, Թուրքիոյ մէջ»։

Աւելի վաղ, Թեհրան կոչ ուղղած էր շարունակելու իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները, մինչ Ուաշինկթըն զգուշացուցած էր Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը՝ համաձայնութեան չհասնելու հնարաւոր հետեւանքներուն մասին։

«Մեծ հաւանականութիւն կայ, որ Թուրքիոյ մէջ ամերիկացի բանագնացներու եւ իրանցի պաշտօնատարներու միջեւ հանդիպում մը տեղի ունենայ», ընդգծած է նոյն աղբիւրը։

Արաբ պաշտօնատարը նաեւ նշած է, որ «հաւանական հանդիպումը կարելի դարձաւ Եգիպտոսի, Քաթարի, Թուրքիոյ եւ Օմանի միջնորդական ջանքերէն ետք»։

Իր հերթին, ամերիկեան «Աքսիոս» լրատու կայքը հաղորդած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին ուրբաթ օրը հանդիպում պիտի ունենան Պոլսոյ մէջ։