Իսրայէլցի նախարար․ «Թուրքիան թշնամի պետութիւն է»

Իսրայէլի սփիւռքի հարցերու նախարար Ամիխայ Չիքլին «i24 News»-ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնած է, թէ Իսրայէլը այլեւս չի կրնար Թուրքիան ընկալել որպէս գործընկեր երկիր, եւ զայն պէտք է նկատել «թշնամի պետութիւն»։

Նախարարը շեշտած է, որ անհրաժեշտ է ամբողջական կերպով դադրեցնել Իսրայէլ–Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւնները։ Ան զգուշացուցած է, թէ Կազայի տարածքին թրքական զինուժի հնարաւոր տեղակայումը կրնայ լուրջ վտանգ ստեղծել եւ յանգեցնել ուղղակի բախման Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակին (IDF) եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերուն միջեւ։

Չիքլին նաեւ ներկայացուցած է իր գնահատականը Մերձաւոր Արեւելքի ներկայ քաղաքական իրադրութեան մասին՝ նշելով, որ շրջանէն ներս ձեւաւորուած են երկու սիւննիական ճամբարներ։ Ըստ իրեն, մէկ կողմը կը ներկայացնէ Թուրքիան, Քաթարը եւ Սուրիոյ ներկայ իշխանութիւնները ներառող արմատական իսլամիստական թեւը, իսկ միւս կողմը՝ Պահրէյնը, Մարոքը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Եգիպտոսն ու Յորդանանը համախմբող աւելի չափաւոր ճամբարը։

Չիքլին շեշտած է, որ Թուրքիան ներկայիս տեղակայուած է «արմատական ճամբարին» մէջ՝ սպառնալով տարածաշրջանային կայունութեան։