Իշխան Սաղաթելեան մերժած է ցուցմունք տալ «Սրբազան Պայքարի» գործով

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեանը հարցաքննութեան ենթարկուած է Քննչական կոմիտէին կողմէ։

Աւելի ուշ յայտնի դարձած է, որ զինք կանչած են «Սրբազան Պայքարի» գործով։ Սաղաթելեան յայտարարած է, թէ մերժած է որեւէ ցուցմունք տալ դատական գործի ուղղութեամբ, զայն որակելով որպէս քաղաքական հալածանք։

«Ես մերժած եմ որեւէ ցուցմունք կամ բացատրութիւն տալ՝ յայտարարելով, որ այս մէկը քաղաքական գործ է, եւ իրաւական որեւէ գործընթաց տեղի չունենար։ Սա քաղաքական պատուէրով կատարուող հալածանք է, ուստի կը մերժեմ որեւէ բացատրութիւն տալ»,– ըսած է ան։