Իշխանութիւններու վերջին ելակէտը՝ հրաժարիլն ու քաւարանն է
«Հայրենիքներն ապրում են հայրենասիրութեամբ, մեռնում հայրենասիրութեան պակասի պատճառով…»
Գարեգին Նժդեհ
Ժողովուրդի հաւաքական կամքի արդիւնք են Հայաստանի մէջ ամէնօրեայ քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւնները։
Հայաստանի Հանրապետութեան պատմագրութեան մէջ, 2018 թուականի իշխանափոխութենէն ետք, ժողովրդավարական քաղաքական վարչակարգի ձևաւորման գործընթացը հանգրուանային եղափոխման եւ ելեւէջներու ենթարկուեցաւ, փոխան բարեփոխումներու՝ սուր շեշտ ստացան անդանդուրժողականութիւնը, ազգային գաղափարախօսութեան անկումը, տնտեսական ճգնաժամը, ներքաղաքական շեշտուած լարուածութիւնները, ընդհուպ մինչեւ 2020 թուականի անձնատուողական պարտութիւնը։
Գործող իշխանութիւնները ձախողելով հասարակութեան համար պետական համարժէք կենսահամակարգը ստեղծելու իրենց փորձերուն մէջ՝ վարկազրկուած ու հեղինակազրկուած են։
Ժողովրդային խաւերու անհնազանդութեան իրաւունքին ի պատասխան՝ իշխանութիւններու կամակատար ոստիկանութիւնը խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ բռնարարքներ գործադրելուն զուգահեռ` հալածանքի կ՚ենթարկեն երկրի քաղաքական այլընտրանք ընդդիմութիւնը։
Ստորագրելով Արցախի տարածքները Պաքուի զիջելու մասին անձնատուողական փաստաթուղթ՝ Փաշինեանը ոչ միայն հարուածած է Արցախի լինելութեան, այլեւ՝ սպառնալիք ստեղծած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան համար, վտանգի ենթարկելով Սիւնիքն ու պետականութեան հարաւային սահմանադուռը։
«Ցաւոտ զիջումներ»ու հակամէտ հայրենավաճառ այս վարչախումբի ապաշաւելու վերջին հասցէն՝ քաղաքական քաւարանն է։ Հազարաւոր որդեկորոյս մայրերու, հարիւրաւոր վանքերու, հազարաւոր դամբարաններու կորուստին, կործանման ու վիշտին պատճառ դարձած այս վարչակարգին լուծը թօթափելու ժամանակն է։
Պայքարը կը մղուի յանուն հայրենատիրութեան, պայքարը կը մղուի՝ դաւադիրներու պատճառած ազգի անկումէն ետք՝ ժողովուրդի ու հայոց բանակի վերայաղթելու ոգեղնութիւնը բարձր պահելու նպատակով, պայքարը կը տարուի՝ հայոց պետականութեան ապագայ գոյատեւելիութեան հիմնասիւները յաջորդ հաւանական սասանումէն փրկելու համար։
Ոգեկորոյս ժամանակներէն ետք ուժերու գերլարման միշտ ունակ հայ ազգը, համախումբ պատուար պէտք է հանդիսանայ հայրենի սահմանին կանգնած արնախում թշնամիին դէմ, որուն գերագոյն նպատակը՝ հայութեան ի սպառ բնաջնջումն է։
Հայոց պատմութեան այս անկիւնադարձային քաղաքական իրադարձութեան վայրաբերումը յաղթահարելու առաջին նախադրեալը՝ գործող վարչախումբի քաղաքական բեմէն ինքնակամ հեռացումն է, որուն անմիջապէս պէտք է յաջորդէ կաթուածահար պետութիւնը քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական և հոգեբանական ճգնաժամերէն դուրս բերելու անյետաձգելի առաքելութիւնը։
Վաղուան սերունդներու հզօր հայրենիքի ապահովման, համերաշխ ու ապազգային ուժերու սադրանքներէ զերծ հասարակութեան գոյացման, առանց զիջումներու զարգացման ու հայրենակերտման գործընթացի առողջ հունաւորման համար թափ առած է հայրենիքի փրկութեան շարժումը՝ Հայաստանի, Արցախի ու համայն հայութեան վերջին ապաւէնը։
«Հորիզոն»ի խմբագրական