Իշխանութիւնները կը գործեն սփիւռքը պառակտելու եւ քանդելու ուղղութեամբ. Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան

Իշխանութիւններու կողմէ ջանքեր կը գործադրուին՝ սփիւռքը պառակտելու եւ քանդելու ուղղութեամբ։ Այս իշխանութիւններու օրով կ՚իրականանայ քանդումի քաղաքականութիւն,— վերջերս Երեւանի մէջ կայացած ՀՅԴ-ի 135-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր միջոցառումէն առաջ լրագրողներուն յայտնեց ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան։

Ան վստահեցուց, թէ սփիւռքը, որ երկար տարիներ հայապահպանութեան, հայակերտման եւ հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութեամբ գործած է, այդ սկզբունքներէն պիտի չշեղի։ «Մենք համաձայն ենք այն կոչերուն, թէ անհրաժեշտ է վերանորոգել, նորոգել ու նոր աւիւն հաղորդել սփիւռքին, բայց այդ մէկը չի նշանակեր՝ եղածը քանդել»,— ըսաւ ան։

Տէր-Խաչատուրեան նկատեց, որ վերջին շրջանին սփիւռքահայերու մօտ կը նշմարուի արմատներուն վերադառնալու ընթացք։ «Նոր երեւոյթ մըն է վերջին տարիներուն։ Ձուլուած հայերու խումբերու մօտ, ինչպէս նաեւ անոնց զաւակներուն մօտ, կը նկատուի իրենց արմատներուն վերադառնալու պատրաստակամութիւն»,— աւելցուց ան։

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթին մէջ։