Իշխանութիւնները ամէն կերպ խոչընդոտած են Արցախի նուիրուած «Մենք կանք» միջոցառման ընթացքը
- (0)

Յունուարի 18-ին Կարէն Դեմիրճեանի անուան Մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած է Արցախին նուիրուած «Մենք կանք» մշակութային միջոցառումը, որուն ծիրին մէջ կայացած է ցուցահանդէս, ինչպէս նաեւ մեծ համերգ։ Միջոցառումը մէկ յարկի տակ հաւաքած է Արցախի մշակութային համոյթները, բազմաթիւ յայտնի մենակատարներ՝ Արցախէն եւ Հայաստանէն։ Արցախի բռնի հայաթափումէն ի վեր այս մէկը ամենամեծ մշակութային միջոցառումն էր. ան ունեցած է 400-է աւելի մասնակից եւ 9000-է աւելի հանդիսատես։
Սակայն, միջոցառումը կեանքի կոչուած է մեծ դիմադրութեան արդիւնքով։ Իշխանութիւնները հնարաւոր բոլոր միջոցներով փորձած են արգելել անոր անցկացումը։ Մարզահամերգային համալիրի տնօրէնութիւնը, օրինակ, պարտադրած է, որ հովանաւորներու անունները չնշուին, Արցախի օրհներգը չկատարուի (ՄՀՀ տնօրէնը երէկ ըսած էր, թէ «Արցախի պետական օրհներգը չի կրնար հնչել, եթէ պետութիւն չկայ»), զինանշանը ոչ մէկ տեղ օգտագործուի։ Բարձր գին սահմանուած է տարածքի վարձակալութեան համար։ Բայց, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, միջոցառումը կայացած է. ցուցահանդէսը չափազանց տպաւորիչ էր, իսկ երեքուկէս ժամ տեւող համերգը՝ ոգեւորիչ ու յուզիչ։
Ի դէպ, համերգային ծրագիրը եզրափակող Ներսիկ Իսպիրեանը յայտարարած է՝ Արցախը յետ պիտի բերենք։ Նման յայտարարութիւնները միաժամանակ կը բարկացնեն թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները։ Ուստի զարմանալի չէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն ինչ ըրած են, որպէսզի այս համերգը կեանքի չկոչուի՝ թերեւս փորձելով հերթական անգամ հաճոյանալ եւ չզայրացնել հարեւան երկրի ղեկավարութիւնը ու ցոյց տալ, որ Արցախի մասով յաւակնութիւններ չունին։ Սակայն միասնական կամքի դրսեւորման արդիւնքով հերթական անգամ հնչած է Արցախի անունը եւ վերահաստատուած, որ անհնար է ջնջել հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութիւնը։