Իշխանեանի ուղերձը Պաքուի բանտէն․ «Ատրպէյճանցի պաշտօնեաները կը հասկցնէին՝ դուք այստեղ էք այնքան, որքան ՀՀ իշխանութիւնը ցանկանայ»

Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով բանտարկուած եւ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան բանտէն յղած իր ուղերձին մէջ բացայայտեց, թէ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներ թերեւս 2024 թուականին իրենց հասկցուցած էին, որ հայ գերիներուն վերադարձը կախեալ է Հայաստանի իշխանութիւններուն քաղաքական կամքէն։

Իշխանեան յայտնեց, թէ մայիս 26-ին Պաքուի վերաքննիչ դատարանին մէջ սկսած է հայ գերիներուն բողոքներու քննութեան նախնական նիստը, մինչ առաջին հիմնական դատական նիստը նշանակուած է յունիս 2-ին։ Ան Պաքուի մէջ ընթացող ամբողջ գործընթացը բնորոշեց որպէս «ամբողջապէս վերահսկուող, գրաքննուող եւ հաշուեյարդարի դատավարութիւն»։

Արցախի խորհրդարանի նախագահը նաեւ յիշեցուց, թէ 2024-ի յունուար-փետրուար ամիսներուն, երբ ատրպէյճանցի որոշ պաշտօնեաներ շփումներ ունեցած են իրենց հետ, անոնք անուղղակի կերպով հասկցուցած են, թէ՝ «դուք այստեղ էք այնքան, որքան Հայաստանի իշխանութիւնները ցանկանան»։ Իշխանեան ընդգծեց, որ այդ օրերուն դժուար էր պատկերացնել, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կրնային չցանկանալ իրենց վերադարձը, սակայն «այսօր ամէն ինչ աւելի քան պարզ ու հասկանալի է»։

Չնայած երեք տարիէ ի վեր շարունակուող գերութեան, Իշխանեան շեշտեց, թէ ո՛չ իրենց սկզբունքայնութիւնը, ո՛չ կամքի ուժը եւ ո՛չ ալ հոգեկան ամրութիւնը կոտրած են։ «Այսուհետեւ եւս այդպէս պիտի ըլլայ։ Մենք պիտի շարունակենք մեր որդեգրած ընդհանուր գիծը», յայտարարեց ան։

Իր ուղերձի աւարտին, Դաւիթ Իշխանեան մայիս 28-ի առիթով շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը՝ մաղթելով «ոգիի, կամքի եւ միասնութեան ուժ»։