Ինքնութիւն, յիշողութիւն, իրաւունք…

Յ. Պալեան

Ֆրանսայի նախկին նախարար Ֆիլիփ տը Վիլլիէ Memoricide անունով ուշագրաւ գիրք մը հրատարակեց.. «Յիշողութեան սպանդ»: Ինչպէս genocide…Ան հեռատեսիլէն ելոյթներ կ’ունենայ եւ կը պաշտպանէ իր ժողովուրդի ինքնութիւնը, մշակոյթը, իւրայատկութիւնը եւ հարազատութիւնը, այսինքն կը պայքարի ընդդէմ ազգի յիշողութեան եւ ինքնութեան կորուստի, զանոնք վտանգուած կը գտնէ: Կը խօսի ֆրանսացի ժողովուրդի Յիշողութեան «Սպանդ- MEMORICIDE»ի մասին:

Եթէ Ֆրանսացի քաղաքական եւ մտաւորական գործիչը կ’ահազանգէ մեծ երկիր եւ պատմութիւն ունեցող ժողովուրդի ազգային յիշողութեան սպառնացող սպանդը կանխելու համար, ի՞նչ պէտք է ընէ հայը իր ամէն տեղ եւ ամէն օր վտանգուած ազգային յիշողութեան խաթարման եւ կորուստին դէմ պայքարելու համար: Առանց ուրոյն նկարագիր կազմող ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ, հայը կ’այլանայ, որպէս ինքնուրոյն ազգ կը մեռնի, կը ստանայ նոր դէմք, շարունակութիւն չ’ըլլար:

Հայը, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ), ամէն օր եւ ամէն ժամ ենթակայ է բազմաբնոյթ ազդեցութիւններու, զորս կ’ընդունի՝ վասն պետական եւ քաղաքակրթական կեղծ յառաջդիմութեան եւ արդիականութեան, կը պատշաճի, ի հեճուկս այն բոլոր «բաներուն», որոնք ցարդ զինք տարբերած են շրջապատէն, «հայութիւն» պահած են:

Հանրապետութեան մէջ եւ Սփիւռք, որպէս ազգ, ի՞նչ կորսնցուցած ենք եւ կը կորսնցնենք այն բոլոր «բաներ»էն, որոնք ցարդ հայը պահած են ինքնուրոյն ազգ: Անոնք Հայուն յիշողութիւն գիրը, լեզուն, ծագումը եւ մշակոյթը, յուշարձանները, կրօնը, եկեղեցին, անունները եւ տեղանուններն են: Համագումար՝ Պատմութիւն, նախնիներու կտակ: Թաղային անհեռանկար դիրքապաշտութեամբ եւ «վասն լաւ ապրելու իրաւունք»ի, հայերը, անպատասխանատուութեամբ, մեղսակից են իրենց ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՆԴին, որ ԻՆՔՆԱՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ է, որ պիտի յանգեցնէ հայ ազգի անհետացման, եւ ան պիտի յայտնուի մեռեալ ազգերու ցանկին վրայ: Միամիտ բանգէտներ կը հաւատան, որ Սփիւռքը երեւոյթ է, որ պիտի տեւէ որպէս « ազգի հատուած»: Նկատի չեն առներ, որ հայու ինքնութիւնը տեւաբար ենթակայ է ուղղակի եւ անուղղակի ազդեցութիւններու, որոնք, արագ կամ դանդաղ, նախկինը կը փոխարինեն նոր տարբերով:

Կը մտածեմ Հայաստանի Վարչապետի այն խօսքի մասին, որ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումները ո՛չ մէկ շահ ապահոված են Հայաստանի: Հարցում. վնաս պատճառա՞ծ են, անհանգստացուցա՞ծ են պետութիւնը, երկիրը եւ անոր ժողովուրդը: Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ կրնան անհանգստացուցած ըլլալ: Ի՞նչ եզրակացնել…

Ճիշդ է, որ այդ ճանաչումները ցարդ ո՛չ մէկ դրական հետեւանք ունեցած են յարաբերաբար հետապնդուած նպատակին, որ ոճիրին ճանաչումէն ետք անոր դատապարտութիւնը, պատիժը, հատուցումը, ցեղասպանուած եւ հայրենահանուած ժողովուրդի յետնորդներու հայրենիք ունենալու իրաւունքի վերականգնումը պիտի ըլլային: Արցախեան ազատամարտի օրերուն, Աշոտ Բլէեան ըսաւ, որ Արցախի համար պայքարելու կարիք չկար, քանի որ ղարաբաղցիները ապրած էին ազրպէյճանցիներու հետ եւ կրնային շարունակել ապրիլ: Վարչապետն ալ, կրնայ ըսել, որ օսմանեան կայսրութեան հպատակ հայերը ապրած էին եւ կրնային այդպէս շարունակել, չպահանջել բարեկարգում, ազատութիւններ, հայրենիք: Միթէ՞ այս ազգային-քաղաքական բարոյական վարքագի՞ծ կ’ըլլայ: Անձնատուական գործնապաշտութեան այս միտքի հունով, միթէ՞ պէտք է եզրակացնել, որ աւելի լաւ է մոռնալ, չյիշել, չյիշեցնել, որ եղած են մէկ կամ երկու եւ աւելի միլիոն ցեղասպանութեան զոհեր, հայրենահանուած հայեր, որ հայուն հայրեիքը օտարուած է եւ անոր տէր են բռնագրաւող եկուոր ներխուժողներ:

Որո՞ւ համար եւ ի՞նչ շահելու համար պէտք է հրաժարիլ ազգի իրաւունքէն եւ յիշողութենէն: Փոխարէն ի՞նչ պիտի ստանան ցեղասպանուածներու եւ հայրենահանուածներու իրաւատէր յետնորդնրները:

Ցեղասպանութիւնը քաղաքական միջազգայնօրէն սահմանուած եւ դատապարտուած ոճիր է, անուն ունի. ethnocide: Ուրիշ անուն կրնա՞նք տալ Ի դարու առաջին քսանամեակին իր հողին վրայ ապրած եւ ապրող ժողովուրդի զանգուածային ջարդին եւ բռնագաղթին եւ անգիտանալ տեւող հետեւանքները:
Ո՞վ էր այդ բնիկ ժողովուրդը, ի՞նչ անունով ճանչցուած էր ան: Անոր ապրած երկիրը ինչպէ՞ս կը կոչուէր, աշխարհի ժողովուրդները, մեծեր եւ նուազ մեծեր, իրաւունքի եւ արդարութեան դափնիի տիրանալու ձգտողներ, նաեւ ցեղասպանուած ժողովուրդի յետնորդներ, պիտի հասկնան, հասկցած պիտի ըլլային, որ հայ ԱԶԳը ցեղասպանութեան ենթարկուած էր, որ ուզած էին զայն անհետացնել, անոր հող-հայրենիք ստացուածքին տիրանալու համար, այսինքն տեղի ունեցած էր ոճիր, կողոպուտ եւ աւազակութիւն, որոնք կը շարունակուին:

Ցեղասպանութիւն գործուած էր որպէսզի հայու բազմադարեան կենսատարածքը բռնագրաւուի այդ տարածքին խորթ եկուորին կողմէ, այդ նպատակի իրագործման համար տարածքի տէր ժողովուրդը բնաջնջուած եւ հայրենազրկուած էր, հայրենահանուած, արմատախիլ եղած: Փրկուածները դատապարտելով ըլլալու գաղթական, անոնց յետնորդներն ալ, ճիշդ գնահատումով, միշտ գաղթականներ են:

Այսօր ալ, Արցախ եւ Նախիջեւան հայու կենսատարծքի բռնագրագումը եւ օտարումը նոյն քաղաքական աւազակութեան շարունակութիւնն են: Կողոպտողը եւ կողոպտուողը նոյներն են: Ինչ որ տեղի ունեցած էր երէկ եւ տեղի կ’ունենայ այսօր, ցեղասպանութիւն է: Հաւկուրութենէ տառապողը չի տեսներ, որ կողոպուտի արշաւանքը չէ կասած, վաղը նոր պատմութիւն կրնայ գրուիլ՝ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆով եւ ԷՐԻՎԱՆով: Քարտէսի վրայ յայտնուելիք այդ նոր անունները ո՞ր Հայաստանին ի՞նչ շահ պիտի ապահովեն:

Նաւթի եւ զէնքի առեւտուրը նման մանրուքներով չի զբաղիր:

Գաղթականը ապաստան կը փնտռէ, կը պատշաճի կացութեան եւ բնակավայրին, անոր կլիմային, անոր տէր ժողովուրդի կենցաղին, բարքերուն, արժէքներուն: Իր կեանքը ապահովելու համար, կը թաթխուի լայն առումով տարբեր մշակոյթի մը մէջ, որ նախահայրերու ինքնութեան շարունակութիւնը չէ եւ պիտի չըլլայ, ինչ որ ալ ըլլան «պահպանման» թափահարումները, որոնք այդքան պիտի ըլլան, եթէ հայը տէր չըլլայ իր ինքնութեան եւ նախահայրերու անսակարկ եւ հայրենիք-կենսատարածքին: Գաղթականը, կամայ թէ ակամայ, առաւել կամ նուազ արագութեամբ, ինքնութեան նոր շապիկ կը հագնի, որ շարունակութիւն ըլլալու երաշխիք չի տար: Գաղթականը կը կարծէ գոյատեւել անհարազատ ենթահողի վրայ, ուր կենսաձեւ, բարքեր, տեսակի պատում, ազգապատում, նոր եւ տաբեր են, հարազատի շարունակութիւն չեն: Հուսկ կը յառաջանան նորաձեւ եւ տարբեր մարդիկ, որոնք ժամանակ մըն ալ կը մշակեն նոյնը մնացած ըլլալու եւ շարունակելու պատրանքը: Զանոնք հարիւր տարիէ վեր կոչած ենք սուրիահայ, իրանահայ, ռուսահայ, վիրահայ, պարսկահայ, ֆրանսահայ, բազում անուանումներ, կը գումարուին նոր անուններ, կ’ըսենք՝ աւստրալահայ, նորզելանատահայ, «բելգա»հայ, շուէտահայ, չիլէհայ… համատարածի երկիրներու եւ քաղաքներուն անունով հայեր: Ցանկը կազմող պիտի գտնուի՞, որպէսզի անգէտ չմնանք: Այս միթէ՞ իր անունը չըսող ցեղասպանութիւն չէ՞:

Բազմանուն եւ բազմացող անուններով ժողովուրդը, զոր քաղաքական միամիտներ կը համարեն «համաշխարհային ազգ», ժամանակ մըն ալ շարունակութիւն ըլլալու ինքնախաբութիւն պիտի խաղայ մոլորակի դաշտին վրայ:

ՀԱՅ ԱԶԳ գլխուն տակ տեսնել եւ խմբել բազմանուն եւ բազմահասցէ հայերը,-ուղեղ քերելու մարզանք է, այդ ընել ինչո՞ւ, ո՞ր ԳԱԼԻՔի համար: Ո՛չ Հայաստան-պետութիւնը եւ ո՛չ ալ Սփիւռք կոչուած անշրջագիծ «համաշխարհայնացած» գաղթականութեան առաջնորդները այս մասին ապագայի ծրագիր, projet, project, չունին, պրոյեկտ չունին, ինչպէս կ’ըսուի նորահայերէնով…

Ցեղասպանուածներու եւ հայրենահանուուածներու բազմամիլիոն յետնորդները ի՞նչ կ’ընեն որպէսզի տէր ըլլան իրենց ժառանգութիւն-հայրենիքին եւ չմիամտանան «Հողակտոր Հայաստան» կատարուող «տուրիզմ»ով, որ մխիթարական բարեսիրութիւն է:

Ի՞նչ կ’ընենք որպէս իրաւատէր յետնորդներ, որպէսզի բռնագրաւուած եւ օտարուած Հայաստանները չմնան ջրամոյն եղած տաճարներու վիճակին մէջ: Ի՞նչ կ’ընենք անունով, ազգանունով եւ յիշողութեամբ ջրամոյն չըլլալու համար: Փակագիծ. եթէ սկսէինք անուններ, ազգանուններ եւ տեղանուններ հայացնել…

Չի բաւեր ըսել որ «հայրենահանուած ենք»: Յետոյ ի՞նչ:

Մենք մեզի հանդէպ հաւատարիմ ըլլալու համար, չբաւարարուելու համար խօսքով եւ ողբով, որպէս մարդ եւ ազգ, նախ մենք մեզի ըսենք, որ Ազգ ենք: Իսկ Ազգի շարունակութիւն ըլլալու համար, հայրենահանուածի կարգավիճակը ապագայ չէ, ազգի իրաւութեան տեսանկիւնէ ան ո՛չ մէկ բանի խոստում է:

Հայրենահանուածներու անորոշ թիւով բազմամիլիոն յետնորդները ի՞նչ կ’ընեն, ի՞նչ կ’ընենք, որպէսզի հայրենատէրի իրաւունքը վերականգնենք, ընենք այնպէս, որ հայրենահանուածի կարգավիճակը վերջնական անհետացման սպասման սենեակ չըլլայ: Այս հարցը օրակարգ պէտք է դարձնել, ճշդել նպատակ եւ ծրագրուած աշխատանք:

Հարցում. ցեղասպանուած եւ հայրենահանուած Արեւմտահայութեան յետնորդները եւ անոնց բազմահարիւր միութիւնները եւ կուսակցութիւնները ինչո՞ւ միացնող եւ համադրող Ներկայացուցչութիւն մը կամ կոմիտէ մը չունին, որպէսզի իրենց իրաւունքին տէր կանգնին եւ տէր մնան, հարցը քաղաքականացնեն եւ պահեն միջազգային բեմի վրայ, առանց կծկուած մնալու իրապաշտութիւն համարուող անձնատուական պատերու ետին, եւ ըսելով, որ անկարելի է, ուշ է, եւ հիմա կայ, նոր բանաձեւումով, «իրական Հայաստան» մը, եւ… վերջ:

Տեւաբար պէտք է կրկնել, յիշել եւ յիշեցնել, որ Արեւմտահայաստանը եւ Կիլիկիան հայութեան հայրենիք Հայաստան էին եւ Հայաստան են, ընել այնպէս որ երէցները մտահան չընեն իրենց իրաւունքը եւ սերունդները գիտնան եւ պահեն այդ աշխարհի տէր ըլլալու եւ տէր մնալու անխախտ համոզում եւ վերանորոգ ուժերով շարունակուի ցեղասպանուած եւ հայրենահանուած Արեւմտահայութեան եւ անոր յետնորդներու իրաւունքի վերականգնման պայքարը, պատրաստ ըլլալ, բացակայ չըլլալ եւ մնալ որպէս ներկայ ԱԶԳ՝ Պատմութեան օղակ փոխելու տիեզերական պահուն երբ վճիռներ պիտի կայացուին:

Ինչո՞ւ տէրունական աղօթքի պէս չըսել եւ չկրկնել՝ յառաջիկայ տարի՝Վան, Անի, Մուշ, Սասուն եւ Սիս…

Ժողովուրդ մը կը մեռնի եւ կ’ըլլայ բոյս, երբ մեռնի երազը…

Հայերը կառուցած են Անիի պարիսպները, Հովիւի եկեղեցին եւ Վանայ ծովակին պահակ կանգնած Աղթամարի եկեղեցին:
Տէ՞ր ենք, մեր ժառանգին, ինչպէ՞ս տէր ըլլալ: Ո՛չ ոք զանոնք սկուտեղի վրայ դրած մեզի պիտի վերադարձնէ:

Ազգի ստացուածք-կենսատարածքը հէքիաթ չէ, հայրենիք է:

Հայը միշտ պէտք է ըսէ, որ անոնց տէր է, որպէսզի ինք չայլանայ… Տունը եւ դպրոցը կրկնուող այս կենսական իմաստութիւնը իրաւատէր ազգ կ’ապրեցնէ:

«Համաշխարհային ազգ»_ը գաղափարական զառանցանք է, այլացում է, ազգի շարունակման ընթացք չէ: Օտարում է: Եթէ հայերէն բառը խորթ կը թուի, խելօք եւ հասկնալի ըլլալու համար՝ ըսենք alienation…