«Ինքնաքանդումի եւ ինքնասպանութեան այս ընթացքը պէտք է կա՛նգ առնէի». Արամ Ա. Վեհափառ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը դատապարտած է Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Հայրապետի ու եկեղեցականներու նկատմամբ ոստիկաններու դրսեւորած պահուածքը։
«Իմացանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին Սարդարապատ մուտքի ժամանակ ոստիկաններուն կողմէ եղած խոչընդոտին մասին։ Խստօրէն կը դատապարտենք այս մեծապէս ամօթալի երեւոյթը, որ խոտոր կը համեմատի մեր ազգի վարքագիծին եւ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն։
Ո՞ւր կերթայ Հայաստանը՝ մեր սիրելի Հայրենիքը, որուն անկախութեան ու յաւերժութեան ի խնդիր դարեր շարունակ մեր սուրբերը աղօթեցին, մեր նախահայրերը ստեղծագործեցին եւ մեր նահատակները իրենց արիւնը թափեցին։
Ինքնաքանդումի ու ինքնասպանութեան ներկայ ընթացքը պէտք է կա՛նգ առնէ։ Մեր եկեղեցին չի՛ կրնար անտարբեր մնալ ի տես Հայրենիքի քանդումին»,- ըսուած է Վեհափառի Հայրապետի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Comments are closed.