Ինչպէս տարածել Աստուածաշունչը Հայաստանի գիւղական բնակավայրերուն եւ հայոց բանակին մէջ

Հարցազրոյց Հայաստանի Աստուածաշնչային Ընկերութեան Ծրագրերու տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեանի հետ

«Հաւատացեալ ըլլալը գերագոյն արժէքներու կապուածութեան ոգեղինութիւնն է»

 

Հարց.- Պարոն Գաբուճեան, խնդրեմ մեր ընթերցողներուն բացատրեցէք, թէ համաշխարհային ի՞նչ կառոյց է Աստուածաշնչային Ընկերութիւնը։

Պատ.- Նախ, կը փափաքէի իմ յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնել «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրութեան, ինծի ընձեռուած այս առիթին համար, զրուցելու եւ կիսելու իմ մտորումները ձեզի հետ, հայ գիրի, հայ լեզուի եւ մշակոյթի այս ջերմիկ մթնոլորտին մէջ։

Շուրջ երկու տասնամեակ է, որ կը գործեմ Հայաստանի Աստուածաշնչային Ընկերութեան մէջ, ղեկավարելով Ընկերութեան ծրագրերու բաժանմունքը, որ իբրեւ գործունէութեան ոլորտ ունի Աստուածաշունչի՝ Աստուծոյ խօսքի տարածումը մեր հայաստանաբնակ ժողովուրդի ամենատարբեր խաւերէն ներս։ Այո, մեր Ընկերութիւնը մաս կը կազմէ համաշխարհային կառոյցի մը՝ մեծ ընտանիքի մը, որ կը կոչուի Միացեալ Աստուածաշնչային Ընկերութիւններ, որոնք կը գործեն աւելի քան 145 երկիրներու մէջ։ Մեր Ընկերութիւնը կը կառավարուի Հոգաբարձուներու խորհուրդի մը կողմէ, որուն անդամները Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ, Հայ Աւետարանական եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներն են, Նախագահ ունենալով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ «Համաշխարհային» անուանումը երբեմն կասկած կը յառաջացնէ շատերուն մօտ, եւ հարցականի տակ կը դնէ մեր ազգային ըլլալու պատկերը, բայց երկար տարիներու մեր աստուածանուէր առաքելութիւնը ապացուցեց մեր ընկերութեան ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ եւ ազգային ըլլալու հանգամանքը։ Ընկերութեան առաքելութիւնը ունի գործունէութեան երեք ոլորտ՝ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, հրատարակութիւնը եւ տարածումը։ Վերջին բնագաւառը իմ գործունէութեան ոլորտն է, ընդարձակ ոլորտ մը, որուն սահմանները կ՚ընդգրկեն մեր ժողովուրդի ամենատարբեր խաւերը, հասնելով մինչեւ սահմանամերձ շրջաններ։

 

Հարց.- Կ՚իմանանք, որ ձեր առաքելութեամբ եղած էք նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններ, յատկապէս Տաւուշի մարզ։ Պատմեցէք այս մասին։

Պատ.- Չեմ եղած, այլ՝ եմ։ Կը կարծեմ այս արտայայտութիւնս շատ բան կ՚ըսէ իր մասին։ Մեր ամէն մէկ ծրագիր ունի իր անուանումը։ Սահմանամերձ շրջաններու կապուած մեր ծրագիրը կը կոչուի «Քայլող Աւետարան», դէպի ժողովուրդ գացող, ժողովուրդին հասնող ծրագիր, որ կը ներառէ անքահանայ եւ անեկեղեցի գիւղեր, յատկապէս Տաւուշի մարզի Բերդի Տարածաշրջանի գիւղերը։ Այս ծրագիրը սկսանք շուրջ 12 տարիներ առաջ, եւ այսօր այցելուած գիւղերու թիւը 60 է, եւ անձնապէս ինծի համար այս ծրագիրը դարձաւ Հոգիի եւ Ոգիի առաքելութիւն, վեր՝ պարզ ծրագրի մը տարազաւորումէն։ Այցելութիւն բառը, իր նեղ իմաստին մէջ չհասկնանք։ Այս այցերը կեցութիւն են, աստուածաշնչական գիտելիքներու ուսուցումներ. իսկ զիս ամենաշատ ուրախացնողը, գիւղերու բնակչութեան, մանաւանդ պատանի ու երիտասարդ սերունդի ամենադրական արձագանգն է։ Ինչո՞ւ յատկապէս այս գիւղերը։ Իմ ուսումնասիրութիւններն ու հետաքրքրութիւնները ցոյց տուին կարգ մը տարածաշրջաններու մեկուսացած, կղզիացած ու անտեսուած ըլլալու երեւոյթները։ Ատրպէյճանի հետ 186 քլմ. երկարութիւն ունեցող տարածաշրջան մըն է այս դրախտը, որուն բնակիչները արժանապատուութեան, բարութեան, հիւրընկալութեան խորհրդանիշներ են, ամէնօրեայ անակնկալ գնդակոծութեան ենթակայ… ի զարմանս այս վտանգաւոր իրավիճակին, դպրոցական կեանքը երբեք կանգ չէ առած ու չ՚առներ… Արդեօ՞ք գերագոյն վայելք ու հրճուանք չէ աշխատիլ այս ժողովուրդին համար… Իմ մտքի ու սրտի պատասխանը միանշանակ Այո է։ Այս ծրագրին զուգահեռ Ընկերութիւնը կ՚իրականացնէ մէկ այլ ծրագիր եւս՝ «Զինուորին Աստուածաշունը», միտուած հայ զինուորի ինքնապաշտպանութեան, քրիստոնէական արժէքներու կապուածութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան ոգիի հզօրացման։ ՀՀ Պաշտպանութեան բախարարութեան իմացութեամբ եւ ՀՀ Զինուած Ուժերու Հոգեւոր առաջնորդութեան հետ համատեղ, կ՚այցելեմ տարածաշրջանի զօրամասեր, կազմակերպելով Ս. Գրոց սերտողութիւններ, ինչպէս նաեւ կ՚ըլլամ սահմանին կանգնած զինուորներուն հետ, երբեմն նաեւ գիշերելով իրենց հետ։

 

Հարց.- Պատմեցէք Սեւանի արեւելեան աւազանի Ատրպէյճանէն եւ պատմական արդմանքէն եկած գաղթականներով վերաբնակեցուած գիւղերուն բնակչութեան հետ ձեր փորձառութեան մասին։

Պատ.- Կարեւոր յիշեցում է։ Հայաստանեան իմ գործունէութեանս շրջագծէն ներս ամենածանր տպաւորութեանս պահերն են եղած այս տարածաշրջան կատարած այցերս։ Առաջինը, որ իմ առջեւ բացուած է՝ խորտակուած կեանք-մակոյկներու պատկերն էր։ ուցէ լճին ա՞փն էր պատճառը՝ չեմ գիտեր. բայց որ ականատես եղայ խորտակուած հոգիներու, փաստ էր։ Առանձին-առանձին գիւղեր են, տարածաշրջանի մը յատուկ ամբողջական պատկերը չէք կրնար գտնել հոն. «իւրայատկութիւնը» փախստականի կամ գաղթականի, տեղահանուած ըլլալու լուռ հոգեբանութիւնն է, որ ուրուականի մը պէս կը թեւածէ։ Սարսափելի են կենցաղական պայմանները՝ տուներէն կամ դպրոցներէն ներս. արտատնային կամ արտադպրոցական միջոցառումներ գոյութիւն չունին, ճանապարհներու անմխիթար վիճակը՝ հին դարերը կը յիշեցնէ… Հազիւ ընտրութենէ մը ընտրութիւն, աչքեր կրնան սեւեռիլ այս մարդոց վրայ։ Իսկապէս որ դժուար է հայրենի պատմական ծննդավայր մը լքած, ամէն ինչ այնտեղ թողած մարդոց այս խումբին հետ աշխատիլը… Հայրենիքի մէջ ապրելով, ծննդավայրը երազելը, եւ անոր չհասնելու անյուսութիւնը հոգեբանական ամենածանր վիճակն է, որ այս մարդոց ժամն ու օրերը կը լեցնէ. եւ որովհետեւ լքուած են իրենց բախտին, լաւ գիտէք թէ որոնց համար «գործելու« դաշտ կը բացուի…

 

Հարց.- Ինչպէ՞ս կը բացատրէք աղանդներու գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ։

Պատ.- Կ՚ուզեմ կարճ պատասխանել։ Մեր ժողովուրդը հոգեւոր vacuum ունի. այս բացն է գլխաւոր պատճառը աղանդներու ապերասան ու ապազգային գործունէութեան։ Այս իրավիճակը կը սիրեմ ներկայացնել հետեւեալ երկու հողաշերտերու պատկերով՝ մշակուածը կու տայ ցանկալի արդիւնք, չմշակուածը՝ փուշ եւ տատասկ, որովհետեւ Աստուծոյ արեւն ու անձրեւը գալու են եւ հասնելու երկու հողաշերտերուն ալ։

 

Հարց.- Սահմանամերձ եւ գիւղական բնակավայրերու ժողովուրդը հաւատացեա՞լ է։

Պատ.- Հաւատացեալ ըլլալը գերագոյն արժէքի կամ արժէքներու կապուածութեան ոգեղինութիւնն է. անհատէ մը նման բան ակնկալելը կամ անհատի մը մէջ այս ոգին տեսնելը դիւրին է. դժուարը հաւաքականութեան մէջ զայն գտնելն է. եթէ անհատին մէջ անիկա ամէնօրեայ կենսարտայայտութիւն է, ապա՝ հաւաքականութեան համար անիկա իրադարձութիւններու կապուած հարց է։ Դժբախտաբար, հաւատքը այսօր քիչ մը ամէն տեղ ֆոլքլորիք բնոյթ կը կրէ. իր առօրեայ տագնապներուն մէջ մեր գիւղաբնակչութիւնը կարիքը ունի այս ոգիի սերմանումին, որուն համար անդուլ աշխատանք կը պահանջուի։ Արտայայտութիւն մը կայ, «Այս շրջանը անհաւատ է», զոր յաճախ կը գործածենք, երբ հիասթափութեան կամ անյաջողութեան մը պատին կը բախինք։ Իմ այս շրջաններու գործունէութիւնը, հակառակը ապացուցեց, մեր ժողովուրդը անհաւատ չէ։ Ժամանակի անտարբերութեան փոշին է նստած ոսկիին վրայ, փոշին մաքրելու աշխատանքը կը պակսի մեզի. դժուար գործ չէ, բայց անձանձրոյթ յարատեւութիւն է պէտք։ Ես երջանիկ մարդ եմ՝ այս սրբազան առաքելութեան նուիրեալը։

Շնորհակալութիւն դարձեալ այս ընձեռուած առիթին համար. կը մաղթեմ լուսագեղ հորիզոններ «Հորիզոնին», հայու մշակութային անդաստանէն ներս։

Հարցազրոյցը վարեց՝ Վահագն Գարագաշեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.