Ինչպէ՞ս էր Հայկական Բանակի անցնող տարին

Չափազանցութիւն չ’ըլլար, եթէ ըսենք, որ 2019 թուականին դրական առումով ամենամեծ բաժինը հասած է ՀՀ Զինուած Ուժերուն։

Sputnik-ի լրագրող Աշոտ Սաֆարեանի հաղորդմամբ՝ 2019 թուականը հայկական բանակին համար յաջող տարի էր։ Բարեփոխումները անդրադարձան ԶՈւ-ի գործունէութեան՝ գրեթէ բոլոր առանցքային ուղղութիւններու վրայ։

Նոր սպառազինութիւն ու ռազմատեխնիկայ, սնունդի համակարգի արմատական փոփոխութիւն, զինծառայողներու հիմնադրամի գործունէութեան ժամային շրջանակներու ընդլայնում, շփման գիծի վրայ ենթակառուցուածքներու բարելաւում եւ բազմաթիւ այլ ասպեկտներ. իւրաքանչիւրը առանձին-առանձին ուշադրութեան եւ վերլուծութեան արժանի են։

Ահեղ «Տոռ» աստուած

Տարեվերջին մենք տեսանք Ռուսաստանէն գնուած «Տոռ-Մ2ԿՄ» ժամանակակից զենիթահրթիռային համալիրները։ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նոյնիսկ սելֆի առած էր այդ համալիրներու ֆոնին։

«Տոռը» ժամանակակից զենիթահրթիռային համալիր է, որ կրնայ նոյնիսկ անձնակազմի բացակայութեան պարագային, պայքարիլ որեւէ օդային յարձակումի դէմ, ներառեալ՝ բարձր ճշգրտութեան հրթիռները։

Համալիրը ստեղծուած է օդային հարուածներէն զինուորական, տնտեսական եւ այլ զինակէտեր պաշտպանելու համար։ Կրնայ պայքարիլ հակառակորդի տարբեր տեսակի հրթիւռներու, ԱԹՍ-ներու (Անօդաչու թռչող սարք), ինքնաթիռներու եւ ուղղաթիռներու դէմ։ «Տոռ»ը իսկական մղձաւանջ կրնայ դառնալ հակառակորդի որեւէ ռազմօդանաւի համար։

«Տոռ» համակարգերու ձեռքբերման մասին կը խօսէին դեռ անցած տարուան գարնան։ Սակայն ռազմական ղեկավարութիւնը մատակարարման ժամկէտը գաղտնի պահեց մինչեւ վերջ։ Եւ ահա անոնք արդէն հասած են։ Համալիրներու առկայութիւնը ՀՀ հակաօդային պաշտպանութեան շատ մեծ առաւելութիւններ կու տայ եւ զայն առաւել արդիւնաւէտ կը դարձնէ։

Նախեւառաջ ռազմօդանաւերը

2019 թուականի սկիզբին իմացանք 4+ սերունդի Սու-30ՍՄ կործանիչներու 4 միաւոր գնելու մասին։ Այդ ժամանակ Sputnik Արմենիա գործակալութիւնը յայտնած էր կործանիչներու մատակարարման պայմանագրին ստորագրման լուրը։

Մեքենաները Հայաստան ժամանած էին 2019 թուականի Դեկտեմբերի վերջը։ Հայաստանը հետագային մտադիր է նման առնուազն 8 ինքնաթիռ ձեռք բերել։

Սու-30ՍՄ-ը կրնայ բարձր ճշգրտութեան հարուածներ հասցնել հակառակորդի առանցքային օբյէկտներուն, ինչ որ կարելի չէ ըսել Ատրպէյճանի մէջ առկայ ՄիԳ-29 կործանիչներուն մասին։

Սու-30ՍՄ-ը կրնայ օգտագործել սպառազինութեան լայն շրջանակ, ինչպէս` նոյն Х59 МК2-ները, որոնք կրնան մինչեւ 285 քմ. հեռաւորութենէ հարուածներ հասցնել ռազմական թիրախներուն։ Ան նաեւ կրնայ յաջողապէս պայքարիլ հակառակորդի հակաօդային համակարգերուն դէմ։

Ջուրը կեանք է

Մէկ տարուան ընթացքին մեծ աշխատանք տարուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ ԼՂՀ շփման գիծին՝ մարտական հերթապահութեան պայմանները բարելաւելու հարցով։ Դեռ Օգոստոսի վերջը ՀՀ կառավարութիւնը որոշում կայացուց լրացուցիչ 2,1 մլռ. դրամ յատկացնել այդ նպատակին։

2019 թուականին աւելցաւ արեւային մարտկոցներով յագեցած դիրքերու, էապէս աւելցան ջերմային պատկերապատիչներու եւ վերահսկման այլ սարքերու քանակը։ Դիրքերը մոնիթորինկի միջոցներով զինումը թոյլ կու տայ ժամանակին նկատել դիվերսիոն խումբերու տեղաշարժը եւ անոնց արժանի հակահարուած տալ։ Տարեվերջին մարտական դիրքերուն շուրջ 35%-ը ապահովուած էր խմելու ջուրով։ Այս մէկը չափազանց կարեւոր ցուցանիշ է, որ կ’աւելցնէ մարտական դիրքերու ինքնաբաւ ըլլալը։

Իւրայիններուն դժբախտութեան մէջ մինակ չեն թողեր

2019 թուականին զգալիօրէն աւելցած է զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամի շահառուներու ցանկը։ Ի սկզբանէ, երբ հիմնադրամը կը ստեղծուէր, կը նախատեսուէր ծրագրին մէջ ներառել միայն 2017 թուականի Յունուարէն վիրաւորուած կամ զոհուած զինծառայողները։

Սակայն 2018 թուականին ընթացքին եւ յատկապէս 2019 թուականին մի քանի անգամ ժամանակային շեմը «տեղաշարժած» է։ Ասոր որպէս արդիւնք 2020 թուականի Յունուարէն սկսեալ հիմնադրամը կը սկսի գումար յատկացնել 1998 թուականէն հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն եւ 1-ին ու 2-րդ կարգի հաշմանդամութիւն ունեցող զինծառայողներուն։

Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը բազմիցս նշած է, որ կ’ուզէ աստիճանաբար հասնիլ մինչեւ 1992 թուական։ Փոխհատուցում կը ստանան զոհուած զինուորներու եւ սպաներու ընտանիքները, ինչպէս նաեւ 1-ին եւ 2-րդ կարգի հաշմանդամութիւն ունեցող զինծառայողները։ Զոհուած զինծառայողներուն եւ 1-ին կարգի հաշմանդամներուն տրուող փոխհատուցումը կը տատանի 52-82 մլն. դրամի սահմաններուն։ 52 մլն. կը ստանան շարքայինները, 72 մլն.՝ ենթասպաները եւ 82 մլն. դրամ՝ սպաները։ Ընդ որում` 10 մլն.-ը կը տրուի միանուագ, իսկ մնացածը՝ 20 տարուան ընթացքին, ամսական 200-300,000 դրամ։

2-րդ կարգի հաշմանդամներու փոխհատուցումը կը կազմէ 26-52 մլն. դրամ` կրկին զինուորական կոչումէն կախեալ։ Անոնցմէ 5 մլն.-ը կը յատկացուի միանուագ, մնացածը՝ 20 տարուան ընթացքին՝ ամսական 100-200 հազար դրամի չափով։ Հիմնադրամի գումարները կը ձեւաւորուին ՀՀ քաղաքացիներու աշխատավարձերէն գանձուող ամէնամեայ վճարներու հաշուին։ Իւրաքանչիւր պաշտօնապէս գրանցուած աշխատող ամսական 1000 դրամ կը վճարէ։

Երջանկութիւնը ոչ թէ դրամին մէջն է, այլ՝ քանակին

Ռազմական բարեփոխումներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեց 2019 թուականի Յունիսէն զինծառայողներուն աշխատավարձերու բարձրացումը։ Շարքայիններուն եւ սպաներուն նիւթապէս շահագրգռելը ոչ պակաս նշանակալի գործօն է մարտունակութեան առումով, որքան՝ ժամանակակից սպառազինութիւններու ձեռքբերումը։ Ընդ որում, բարձրացումը կախեալ է զինծառայողի ռանգից։ Աշխատավարձերու աճը, այսպիսով, կազմած է 5% բարձրագոյն սպայական կազմին համար, աւագ սպայական կազմը ստացած է 8%-նոց յաւելում, կրտսեր սպայական կազմը՝ 13%, աւագ ենթասպաները՝ 15%, կրտսեր ենթասպաները եւ պայմանագրային ծառայութեան շարքային կազմը՝ 18%։

Աւելի կոնկրետ իրավիճակը հետեւեալ տեսքը ունի․ գունդի հրամանատարներու աշխատավարձը աւելցած է 23 հազարով (7%), գունդի զօրահրամանատարներու տեղակալներունը՝ 20 հազար դրամով (7%), գումարտակի հրամանատարներունը՝ 85 հազար դրամով (12%), վաշտի հրամանատարներունը՝ 96 հազար դրամով (18%), դասակի հրամանատարներունը՝ 72 հազար դրամով (18%), աւագ ենթասպաներունը՝ 38 հազար դրամով (18%), պայմանագրային ծառայութեան շարքային զինուորականներունը՝ 30 հազար դրամով (18%)։

«Ան որ չ’ուզեր կերակրել սեփական բանակը, կը կերակրէ օտարինը»․․․

Կարծես թէ բարեփոխումներուն գագաթնակէտը դարձաւ զինծառայողներուն սնունդի կազմակերպման բացարձակապէս նոր համակարգը։ ՀՀ կառավարութիւնը դեռեւս 2019 թուականի Փետրուար 21-ին որոշեց փոփոխութիւններ մտցնել բանակին համար պարէնի գնման գործընթացին։

Այժմ պարէնամթերքը կը մատակարարէ մասնաւոր հատուածը։ Այն նաեւ կը կազմակերպէ սնունդի պատրաստման եւ բաժանման գործընթացը։

Զինծառայողները այժմ կ’օգտուին «շուէտական սեղանէն»՝ համեղ եւ տարատեսակ սնունդով։ Նոր համակարգը նաեւ թոյլ կու տայ ամբողջութեամբ բացառելու հերթապահութիւնները խոհանոցին մէջ։ Անձնակազմը այսուհետեւ չի միջամտեր սնունդի պատրաստման գործընթացին եւ կը զբաղի բացառապէս մարտական պատրաստուածութեամբ։

Նոր համակարգին անցում կը կատարուի աստիճանաբար։ Այսօր այն կը գործէ 30 զօրամասերու մէջ, սակայն ժամանակի ընթացքին կը նախատեսուի զայն տարածել առանց բացառութեան բոլոր զօրամասերուն։ Պարենամթերքի մատակարարման եւ պատրաստման գործընթացին մէջ ներգրաւուած է 4 մասնաւոր ընկերութիւն, անոնց թիւը եւս կ’աւելնայ։

Հարկ է նշել, որ այս մէկը բանակին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն ամբողջական ցանկը չէ։ Մենք պարզապէս յիշատակեցինք առաւել «գովազդուածները»։ Որոշ բնագաւառներ լուսաբանման ենթակայ չեն՝ հաշուի առնելով անոնց առանձնայատկութիւնները, որոնք եւ ամենաշատը կ՚ազդեն որակի եւ հայկական ԶՈւ-ի մարտական պատրաստուածութեան մակարդակին վրայ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.