Ի՞նչ վիճակ կը պարզէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի բնակարանը այսօր

Յունիս 27-ին, Հայաստանի կառավարութեան Քաղաքաշինութեան պետական յանձնաժողովի նախագահ Նարեկ Սարգսեան, 2016-ի պետական պիւտճէի քննարկումներուն ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ յայտնեց, որ «Հին Երեւան» նախագիծի ծիրէն ներս Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի տունը պիտի պահպանուի:

«Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը, անցնող Մայիսին այցելեց վերոնշեալ բնակարանը եւ լուսանկարեց տարածքը։ Ներկայ դրութեամբ, երկյարկանի շէնքը երդիքէ զուրկ է, իսկ սենեակները բաժնող ներքին պատերը ամբողջութեամբ քանդուած են։ Տարիներու ընթացքին լքուած մնալով շէնքին տարածքին բուսականութիւն աճած է։

Առայժմ յստակ չէ նաեւ այն պարագան, որ այս բնակարանը հանրապետութեան հիմնադիրի տուն-թանգարանի պիտի վերածուի՞ կամ պարզապէս պիտի պահպանուի որպէս հայրենիքի ազգային ժառանգութեան մաս կազմող կալուած-կառոյց։

Լուսանկարները «Հորիզոն»ի

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.