Ի՞նչ պատահեցաւ Արճէշի հայերուն 1915-ին

Թարգմանութիւն` Վարդան Մատթէոսեանի

Օսմանեան կայսրութեան 1915-ի դէպքերուն կիզակէտերէն մէկը Վանի շրջանն էր, ուր հերոսամարտն ու ջարդերը տեղի ունեցան։ Վանի ապստամբութիւնը յաճախ շահագործուած է ժխտող պատմաբաններու կողմէ իբրեւ այդ շրջանի եւ այլուր գտնուող հայերու ընդհանուր տեղահանութեան պատրուակ։ Սակայն, Վանի նկատմամբ օսմանեան պետութեան քաղաքականութեան եւ տեղւոյն հայ բնակչութեան աւելի ուշադիր հետազօտութիւնը տարբեր իրականութիւն մը կը ցոլացնէ։ Այս շրջանին մէջ արձանագրուած բրտութիւնը եւ զայն վերլուծելու ու նկարագրելու փորձերուն դժուարութիւնը բանավիճելու շատ նիւթ կը հայթայթէ պատմաբաններուն։

«Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն ու արխիւային պատմաբան Արա Սարաֆեան, որ մասնագիտացած է ուշ օսմանեան եւ արդի հայոց պատմութեան մէջ, վերջերս ներկայացուց իր հետազօտութիւնները այս բնագաւառին մէջ։ Դասախօսութիւնը կազմակերպուած էր տոքթ. Գրիգոր Մոսկոֆեանի կողմէ (Հայագիտական Ուսմանց Ծրագիրի տնօրէն), UCL-ի (University of London) Հայկական Ընկերակցութեան աջակցութեամբ ու Ռաֆայէլ Կրէկորեանի ատենավարութեամբ։

Արճէշ քաղաքի (Վանայ լիճի հիւսիս-արեւելք) հայ բնակչութեան հետ առնչուած դէպքերը անյարիր են ժխտողական խօսոյթին (discourse)։ Պրն. Սարաֆեան իր բանախօսութիւնը կեդրոնացուցած էր Արճէշի դէպքերուն պատմութեան վրայ, զայն օգտագործելով Վանի ապստամբութեան շրջածիրը գծելու համար։ Վանի շրջանը, որ աւելի քան յիսուն հայկական գիւղեր ունէր՝ 10.000-է աւելի բնակչութեամբ, թուրք-ռուսական հակամարտութեան թատերաբեմ պիտի դառնար 1914-ին։ Սարաֆեանի հետազօտութիւնները մաս կը կազմեն Ի. դարու սկզբնաւորութեան Վանի շրջանի իրադարձութիւնները ուսումնասիրող աւելի լայն աշխատանքի մը։

Սարաֆեան մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ արեւելեան Թուրքիոյ ժողովրդագրութեան՝ ուշ օսմանեան պատմութիւնն ու արդի Հայաստանի առաջին շրջանը հասկնալու համար։ Ասիկա բուռն վիճաբանութեան ոլորտ մըն է, տրուած ըլլալով արխիւներու սահմանափակ մատչելիութիւնը, իսկ Օսմանեան կասյրութեան արեւելեան նահանգներուն ժողովրդագրութեան ու աշխարհագրութեան հազուագիւտ ուսումնասիրութիւնները բազմաթիւ անճշդութիւններ կը պարունակեն։ Արճէշի պարագային, Սարաֆեան հիմնուած է ռուս զինուորական հետախուզութեան սպայ Մայեւսկիի ուսումնասիրութեան վրայ։ Ան զինուորական նպատակներով Վանի եւ Պիթլիսի բնակչութեան ու քաղաքական աշխարհագրութեան համակարգուած ուսումնասիրութիւն մը կատարած է։ Անոր մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնները կը յիշեն այցելած գիւղերուն, ինչպէս եւ այլ քարտէսներու մէջ գտածներուն անունները, եւ բնակչութիւնը բաժնած են ըստ ազգային պատկանելիութեան եւ նոյնիսկ ցեղախմբային կապերու։ Ասիկա կարեւոր է, որովհետեւ համանման օսմանեան ժողովրդագրական քարտէսները չեն զանազաներ մուսուլմանական համայնքներու էթնիկ բաղադրութիւնը, որոնք ենթադրաբար միասնական իսլամական համայնք մը (ümmet) կը կազմէին։ Ըստ Մայեւսկիի հարցախոյզին, Արճէշի հայերը, որոնք բնակչութեան շուրջ 17 առ հարիւրը կը կազմէին, փոքրամասնութիւն էին մահմետական բնակչութեան մէջ (քիւրտեր՝ 61 առ հարիւր, թուրքեր՝ 22 առ հարիւր)։ Ըստ Սարաֆեանի, նման ժողովրդագրական հարցախոյզներու քննութիւնը թոյլ կու տայ տարբեր ընկերային խումբերու դիքորոշումը ճշդել՝ պետութեան եւ իրարու հանդէպ։

Վանի շրջանի նկարագրութիւնները քիւրտերը կը բնորոշեն իբրեւ հովիւներ, իսկ հայերու մեծամասնութիւնը՝ իբրեւ գիւղացիներ. շրջանի քիւրտերը մինչեւ այսօր արաբերէն ֆելլահ («գիւղացի») բառը կը գործածեն հայերը բնորոշելու համար։ Առեւտրական դասն ալ հայերէ բաղկացած էր, մինչդեռ վարչական դասը թուրքեր էին։ Քիւրտերը ցեղախմբային բաղկացութիւն մը ունէին, ուր իւրաքանչիւր ցեղախումբ պետութեան եւ այլ ցեղախումբերու հետ տարբեր յարաբերութիւններ կը վարէր։ Վաչկատուն խումբերու (ընդհանրապէս՝ քիւրտ) եւ նստակեաց բնակչութեան միջեւ լարուածութիւն կար։ Եթէ դիտուի մարքսեան դիտանկիւնէ մը, այս լարուածութիւնը կրնայ վերագրուիլ բնապահպանական-տնտեսական վէճերու, աւելի քան էթնիկ կամ կրօնական։ Օրինակ՝ երաշտի եւ սովի շրջաններուն, վաչկատուն քիւրտերը իրենց հօտերուն մէկ կարեւոր մասը կը կորսնցնէին, իսկ նստակեաց հայերը՝ իրենց հունձքը։ Սակայն, հայերը կրնային շատ աւելի արագ վերականգնել իրենց կորուստները, քան քիւրտերը, որոնք աւելի հակամէտ էին մնայուն վնասներ կրելու, ինչ որ հայերու հետ հակամարտութեան սերմերը ցանելու դուռ կը բանար։ Այդուհանդերձ, փոխյարաբերութիւնները այդքան լարուած չէին, դրական գոյակցութեան ու առեւտուրի ժամանակաշրջաններ եղած են երկու խմբաւորումներուն միջեւ։

Ա-Դօ (Յովհաննէս Մարտիրոսեան) Վան ուղարկուած էր 1914-1916-ի իրադարձութիւններուն մասին տեղեկագիր մը կազմելու նպատակով։ Անոր գործը աղբիւրագիտական եզակի արժէք ունի՝ այս շրջանի բրտութեան հետազօտութեան համար, քանի որ Ա-Դօ բազմաթիւ աղբիւրներ օգտագործած է, ներառեալ՝ ականատեսի վկայութիւններ, Վանի ապստամբութեան նախադրեալներուն համապարփակ ուսումնասիրութեան համար։

Սարաֆեան բացատրեց, որ վերջերս յուշագրութիւններու նոր շարք մը հրատարակուած է Հայաստանի մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Այս ականատեսի վկայութիւնները Կովկասի տարբեր կողմեր սփռուած վերապրող-գաղթականներէ հաւաքուած էին 1916-ին։ Առաջին հատորը ամբողջութեամբ Վանի նահանգի մասին է, ներառեալ՝ Արճէշ։ Ան նշեց, որ սկզբնապէս Արճէշի հետազօտութեան ձեռնարկած էր՝ Ա-Դոյի գործին անկախ գնահատումի մը համար։ Այս գործը, աւելցուց, հիմնովին դիմագրաւած էր նման խստապահանջ քննութիւն մը։

Սարաֆեան յայտնեց, թէ տրամադրելի տուեալներով կարելի է քննական պատում մը ներկայացնել Արճէշի մէջ պատահածին մասին։ Ջարդերը սկսած էին 19 Ապրիլ 1915-ին։ Ըստ վկայութիւններուն, այդ թուականէն առաջ հայկական զինեալ գործունէութեան փաստ չկայ. Արճէշի հայերը հնազանդած էին, վստահելով քայմաքամ Ռիզա Պէյին, եւ վերահաս ջարդ մը չէին ակնկալեր։ Սակայն, անոնք մեթոտական ձեւով առանձնացուեցան, օղակի մէջ առնուեցան ու սպաննուեցան երկու օրուան ընթացքին։ 19 Ապրիլին, Ռիզա պէյ հայ տղամարդիկը կանչած էր իր գրասենեակը՝ ենթադրաբար զինուորագրութեան համար։ Անոնք հոն ձերբակալուած, կապուած ու սպաննուած էին։ Ոստիկանները գործադրած էին համակարգուած սպանութիւններ՝ յայտնապէս կեդրոնական հեղինակութեան մը թելադրանքով։ Արճէշ սպաննուածներուն թիւը մօտաւորապէս 2.500-ի կը հասնի։

Այս ջարդերուն կարգ մը յատկանիշերը կրկին կը մատնանշեն ոճիրին կազմակերպուած բնոյթը, որ կը հակադրուի մարդասպաններու աննպատակ հորդայի մը գործին։ Կիներն ու մանուկները ընդհանրապէս չսպաննուեցան, այլ անոնց ապահովութիւնը եւ ուտելիքը նոյնիսկ երաշխաւորուեցաւ, ինչ որ վերադաս մարմիններու թելադրանքը կը մատնէ։ Երկրորդ՝ գլխաւոր սպանողները թալանողները չէին. աւելի ուշ, պետութիւնը քիւրտ տարրեր բերած էր՝ գիւղեր կողոպտելու եւ այրելու համար։ Թէեւ հայեր փրկող տեղացի քիւրտերու դէպքեր եղած են, սովորական պատումը կը նկարագրէ հայկական գիւղերու քանդումը ամբոխի մը կողմէ։ Ուրիշ պատումներ կը նկարագրեն թէ ինչպէս երիտասարդներու հրահանգ տրուած է հաւաքուիլ ու յանձնել իրենց զէնքերը Վանի նահանգի այլ վայրերու մէջ, ուրեմն՝ Արճէշի սպանութիւնները ամենայն հաւանականութեամբ հայերը ջարդելու լայն ծրագրի մը մաս կը կազմէին։ Վանի քաղաքը ինքնապաշտպանութեան լայն գործողութիւն մը կազմակերպեց, բայց Արճէշի հայերը նման ծրագիրներ չունէին, այլ աւելի հակած էին Կովկաս փախչելու ըստ կարելւոյն։ Բացայայտ կը դառնայ, որ օսմանեան պետութիւնը Վանի շրջանի հայկական համայնքները կործանելու նպատակը կը հետապնդէր։

Սարաֆեան տեղադրեց Արճէշի իր ուսումնասիրութիւնը հայագիտութեան ընդհանուր ծիրին մէջ։ Դասախօսութեան ընթացքին, ան կալուածը բնորոշեց իբրեւ «կարկտան», դիտել տալով, որ հակառակ առատ սկզբնաղբիւրներու գոյութեան, անոնց քննութիւնը կը պակսի, եւ յայտնեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ուշ օսմանեան պատմութեան յատուկ դրուագներու նման մանրամասն վերլուծումներ թոյլ կու տան, որ արդի հայոց պատմութեան աւելի կատարեալ պատկեր մը երեւան գայ։ Սարաֆեան քննադատեց չափազանցուած «ենթադրութիւններ»ու առկայութիւնը այս կալուածին մէջ, որոնք կը փոխարինեն հետազօտութեամբ եւ փաստական նիւթերով պատասխաններ գտնելու պատմագրական ճիշդ աւանդութիւնը։ Ան պնդեց, թէ տակաւին արդի հայոց պատմութեան շատ երեւոյթերու մասին գրուած չէ, որովհետեւ «էսթապլիշմենթի պատմաբաններ»է աւելին չակնկալուիր։ Սարաֆեանի աչքին, յատուկ պարագաներու մանրամասն հետազօտութիւնները վստահելի պատմագրութեան հիմքին մաս կը կազմեն։

Դասախօսութեան յաջորդած հարց ու պատասխանի բաժնին ընթացքին, Սարաֆեան ափսոսաց, որ արխիւները հաւասարապէս բաց չեն բոլոր գիտնականներուն առջեւ։ Քաղաքական շահեր հետապնդող հաստատութիւններու արխիւները կա՛մ գաղտնի կը պահեն նիւթերու կարեւոր բաժին մը եւ կա՛մ միայն մուտքը կ՚արտօնեն այն գիտնականներուն, որոնք իրենց հաւաքած նիւթերը անոնց ի նպաստ պիտի գործածեն։ Ասիկա կը հաստատէ մատչելիութեան նուիրապետութիւն մը, որով կարգ մը գիտնականներ տարբեր տեսակէտներ ունեցող գիտնականներու պնդումներն ու գործը ստուգելու եւ քննադատելու անկարելիութեան առջեւ կը գտնուին։ Այսպէսով, դրական մտածողութեամբ պատմաբաններու առջեւ պատնէշ մը կը ստեղծուի, որպէսզի պատմութեան արդար վերլուծումի ու նկարագրութեան իրենց նպատակը կարենան իրագործել՝ ի տարբերութիւն քաղաքական նպատակներով պատմութեան օգտագործումին, որ նկատելի է թէ՛ հայկական ժողովրդապաշտ հրատարակութիւններու եւ թէ՛ ժխտողական ճամբարին մէջ։

Պրն. Սարաֆեան աւելի խորացաւ թրքական ժխտողական պատմագրութեան եւ 1915-ին հայերը իբրեւ ապստամբ ներկայացնելու անոր հետեւողական միտումին մէջ։ Այս բնորոշումը յաճախ կը գործածուի հայոց զանգուածային սպանութիւնն ու տեղահանութիւնը արդարացնելու համար իբրեւ անկայունութիւնը չէզոքացնելու եւ ռուսական շրջափակումի սպառնալիքին հակադարձելու միջոց։ Սակայն, այս փաստարկը անտրամաբանական է եւ շօշափելի պատմական ապացոյցէ զուրկ։ Թուրք ազգայնական պատմաբանները՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներ, կը խուսափին քննելէ հայերը ինքնապաշտպանութեան մղող համագիրը (context), ինչպէս եւ Վանի բուն կռուի խորապէս ինքնապաշտպանական բնոյթը, ուր հայերը փակուած են քաղաքի թաղամասերու մէջ։ Սարաֆեան անդրադարձաւ Ճասթին ՄաքԳարթիի եւ երեք թուրք ժխտող պատմաբաններու համահեղինակած «Վանի հայկական ապստամբութիւնը» անգլերէն գիրքին, ուր հայերը կը ներկայացուին որպէս թէ Վանի շրջանի խռովարարներ 1912-էն ի վեր։ Այս գիրքը, սակայն, 1915-ի իրադարձութիւններուն, գիւղերու ջարդերուն եւ անոնց նախատուեալներուն չ՚անդրադառնար։ Ժխտողականներու գործը բանալի տեղեկութիւններ անտեսել է եւ ո՛չ թէ պատմագրութեան հետ հաշուի նստիլ։ Էտուըրտ Էրիքսըն կը յիշուի իբրեւ ժխտողական խաղին նորեկ մը, որ հայկական խնդիրը կը դիտէ թրքական զինուորականութեան ակնոցով։ Մինչ Էրիքսըն Անգարայի օսմանեան զինուորական արխիւներէն կը մէջբերէ, Սարաֆեանի պէս պատմաբան մը իրաւունք չունի այդ արխիւները մտնելու՝ Էրիքսընի գործը քննելու համար։ Միեւնոյն ձեւով, 1990-ականներուն, երբ կը քննէր Ճասթին ՄաքԳարթիի գործը, Սարաֆեանին մերժուած էր Պոլսոյ վարչապետարանի արխիւներու մուտքը, ուր ՄաքԳարթիի աղբիւրները կը գտնուին։ Միւս կողմէ, պրն. Սարաֆեանը կը նշէ, թէ հակառակ անոր, որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոստոնի արխիւներուն մէկ մասը տեսած է, չի մէջբերեր զանոնք իր գործին մէջ, որովհետեւ անոնց մուտքն ալ սահմանափակ կը մնայ։ Ան ըսաւ, թէ կը հաւատայ, որ բոլոր գիտնականները պէտք է հաւասար մուտք ունենան բոլոր վաւերաթուղթերուն, նոյնիսկ՝ ցեղասպանութիւնը ժխտող թուրք պաշտօնական մտաւորականներ։

Պրն. Սարաֆեան ժխտողական պատմագրութեան ուրիշ օրինակ մը կը նկատէ Եուսուֆ Սարընայի գործը։ Ապրիլ 24ի դէպքերուն նուիրուած գործի մը մէջ, Սարընայ պնդած է, որ Պոլիս ձերբակալուած մտաւորականները պետական հսկողութեան տակ պահուած էին մինչեւ ազատ արձակումը՝ կեդրոնանալով Այաշ ղրկուած քաղաքական բանտարկեալներուն վրայ։ Սարընայի աշխատութիւնը ամբողջութեամբ հիմնուած էր օսմանեան աղբիւրներու վրայ։ Սակայն, Սարաֆեան հետազօտած էր Սարընայի պնդումները ու եզրակացուցած, որ շինծու են։ Այնուհետեւ, ան Սարընային ուղղուած պատասխան մը հրատարակած էր «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ, բայց թուրք պատմաբանը նախընտրած էր չպատասխանել։ Ժխտողական պատմաբանը չի զբաղիր փաստերու վրայ հիմնուած փաստարկներով, ուստի, կանխատեսելի էր, որ Սարընայ լուռ մնար։

Ներկաներէն մէկը հարցուց, թէ Արճէշի նման պարագայ մը ուսումնասիրելու նպատակով ոչ-հայկական աղբիւրներ գոյութիւն ունի՞ն։ Պրն. Սարաֆեանը նշեց, թէ ամերիկացի միսիոնարները գրած են Վանի շրջանի դէքպերուն մասին, եւ աւելցուց, թէ կը կարծէ, որ նման բնոյթի ռուսական պատումներ կրնան պահպանուած ըլլալ զինուորական արխիւներու մէջ ու կրնան օգտագործուիլ Վանի շրջանի իրավիճակը լուսաբանելու համար։ Սարաֆեան իր հիասթափութիւնը յայտնեց նիւթին մասին օսմանեան պիտանի աղբիւրներու բացակայութեան հանդէպ։ Տրամադրելի միակ աղբիւրը՝ ըստ իր գիտութեան, զինուորական արխիւներէն մատչելի պատում մըն է թուրք-քրտական գիւղի մը ջարդին մասին։ Ան օրինակը տուաւ Տիարպեքիրի մօտ կարծեցեալ ջարդի մը՝ 1915-ին։ Խնդրոյ առարկայ գիւղը երթալով, տեղւոյն բնակիչները կտրուկ կերպով յայտարարած էին, թէ հոն իսլամներ ջարդուած չէին 1915-ին, այլ միայն հայեր։ Արճէշի պարագային, ռուսական բանակի ժամանումէն ետք, վկայութիւններ կան, թէ ռուսեր ու քոզակներ (բայց ո՛չ հայեր) իսլամներու խանութներ կողոպտած են։ Թրքական ազգայնական խօսոյթը այս զանազանութիւնը չ՚ըներ։ Ռուսական գրաւումի շրջանին դէպքերը արեւելեան Թուրքիոյ մէջ տակաւին յստակ չեն եւ յաւելեալ հետազօտութեան կը կարօտին։

Պրն. Սարաֆեան իր դասախօսութիւնը աւարտեց, նշելով, թէ ուշ օսմանեան շրջանի ակադեմական հետազօտութեան լաւագոյն նմոյշներէն ոմանք Թուրքիոյ գիտնականներէ կը բխին։ Ան յիշեց քրտական ծագումով Եքթան Թիւրքեըլմազը, որ նաեւ հայերէն գիտէ եւ առանձին չէ. Ումիթ Քուրթ եւ Ուկուր Ունկոր՝ այլոց շարքին, հիմնաւոր գործեր կ՚արտադրեն այս նիւթին շուրջ։ Շրջանի բոլոր ազգութիւններուն կիսած անցեալի փորձառութիւնը եւ էթնիկ սահմանները զանցող համագործակցական ջանքերը պէտք է քաջալերուին՝ աւելի առարկայական պատմութիւն մը գրելու համար։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.