Ի՞նչ նշանակութիւն ունի Տէր Զօրի ազատագրումը հայերուն համար

Տոքթ. Նորա Արիսեան

Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ

Արաբերէնէ թարգմանեց՝ Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

«Տէր Զօրի ազտագրումը կը նշանակէ ահաբեկչութեան վերացումը… Տէր Զօրի ազատագրումը ռազմավարական ձեռքբերում մըն է սուրիական բանակին եւ դաշնակից ուժերուն… Տէր Զօրի ազատագրումը կը նշանակէ հայկական Նահատակաց եկեղեցւոյ ազատագրումը ահաբեկիչներէն… Տէր Զօրի ազատագրումը կը նշանակէ հայ նահատակներուն մնացորդացին փրկութիւնը… եւ եկեղեցւոյ վերականգնումն ու Տէր Զօր քաղաքի վերականգնումը»:

Վերջերս ուշադրութեան կեդրոն դարձած է Սուրիոյ արեւելեան շրջանը եւ յատկապէս՝ Տէր Զօրը: Բոլորը ուշադրութեամբ կը հետեւին Տէր Զօրի արգելափակման խզումին եւ սուրիական բանակին յառաջխաղացքին՝ մուտք գործելու Տէր Զօր եւ տարածաշրջանէն ահաբեկչութեան վերացումի գործողութիւններուն:

Այս «բոլոր»ին նաեւ մաս կը կազմեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր հայերը, ի մասնաւորի՝ սուրիահայերը:

Հաւանաբար շատեր հարց տան, թէ ինչո՛ւ, եւ թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունի Տէր Զօրի ազատագրումը հայերուն համար:

Նորա Արիսեան

Տէր Զօրը հանդիսացած է հաւաքական գերեզմանատուն այն բոլոր հայերուն, որոնք բռնի տեղահանուեցան իրենց երկրէն, դէպի սուրիական անապատը, Օսմանեան կայսրութեան իրագործած Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, երբ դէպի հարաւ ուղղուած հայերու կարաւանները կ’անցնէին Հալէպէն, Ռաս Ուլ-Այնէն, Ռաքքայէն, ապա Տէր Զօրէն, հրամանաւ թրքական կառավարութեան: Եփրատի շրջանի բնակիչները այս գործողութիւններուն «բանակավարութիւն» անունը կու տային:

Այնուհետեւ հայերը մնացին Տէր Զօրի բնակչութեան պաշտպանութեան ներքոյ, մինչեւ որ անոնք կրցան ներգրաւուիլ Տէր Զօրի շրջանակներուն մէջ: Եփրատի շրջանի պատմաբանները իրենց արձանագրութիւններուն մէջ անդրադարձած են հայերու ներկայութեան Տէր Զօրի մէջ եւ Հայոց ցեղասպանութեան: Հետազօտող Ահմէտ Շուհան «Տէր Զօրի պատմութիւնը» իր գիրքին մէջ կը յիշէ պատմական իրողութիւններ Տէր Զօրի շրջանէն, ապա կը նշէ, որ թուրքերը որդեգրեցին ճնշման եւ ահաբեկչական միջոցներ՝ թրքացնելու հայերն ու արաբները: Շուհան նաեւ բանակավարութեան հանդէպ Տէր Զօրի ժողովուրդին վերաբերմունքին մասին կը նշէ. «Անհնար է գրիչով նկարագրել բանակավարութիւնը: Տէր զօրցիները կը կարեկցէին հայերուն՝ տղամարդիկ, կանայք եւ փոքրեր. տարածաշրջանի ազնիւ եւ առատաձեռն ժողովուրդը կ’աջակցէր հայերուն, հակառակ անոր որ կը տառապէին Եփրատի հովիտը հարուածող սովէն, միեւնոյն ժամանակ կը փախցնէին հայ զինուորներ եւ ապաստան տալով անոնց՝ կը փրկէին ստոյգ մահէ»:

Հայկական հանրագիտարանին մէջ Տէր Զօրը կը յիշուի որպէս «սուրիական անապատ Եփրատի ափին, ուր 200 հազար հայ ոչնչացուեցան, որոնք բռնի գաղթի ենթարկուեցան Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ զանազան շրջաններէն՝ թրքական կառավարութեան հրամանաւ: Արաբները մեծապէս օգնեցին գաղթական հայերուն՝ Հալէպի շրջանին մէջ եւ Տէր Զօրի ճամբուն վրայ՝ ձախողեցնելով արաբներու ձեռամբ հայերը ոչնչացնելու թրքական իշխանութիւններուն ծրագիրը, ինչպէս նաեւ հազարաւոր հայ մանուկներ ապաստանեցան արաբներու մօտ Տէր Զօրի մէջ»:

Հետեւաբար պատմական առումով Տէր Զօր քաղաքը յատուկ նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ ժողովուրդին համար, յատկապէս՝ սուրիահայերուն համար, նաեւ բարոյական խորհրդանշան՝ սուրիական քաղաքներուն միջեւ, նկատի առած որ ան հայկական կարաւաններուն վերջին հանգրուանը հանդիսացած էր բռնի տեղահանութեան ճանապարհին եւ բեմահարթակ թուրք ժանտարմաներու ձեռամբ կատարուած սպանութիւններուն, այդ պատճառաւ հայերը այնտեղ կառուցած են նահատակներուն յիշատակին նուիրուած եկեղեցին (պաշտօնապէս կառուցուած 1991-ին) եւ թանգարան, որուն մէջ ամփոփուած էին նահատակներու մնացորդացները, հաւաքածոներ եւ քարտէսներ՝ առ ի յիշատակում մեր նահատակներուն, որոնք բնաջնջուեցան այդ շրջանին մէջ օսմանցի թուրքերու ձեռամբ: Աւելի ուշ քաղաքը հանդիսացաւ ուխտատեղի հարիւրաւոր հայերու՝ ամէն տարուան Ապրիլ 24-ին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառը զայն յայտարարեց որպէս հայոց ուխտատեղի, 2002 թուականին:

Միջազգային մակարդակի վրայ, 11 Փետրուար 2010-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան բացումը Տէր Զօրի մէջ, որուն ներկայ եղաւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարը:

Այստեղ հարկ է նշել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգիսեանի ունեցած ելոյթը, Տէր Զօրի հայկական Նահատակաց եկեղեցւոյ բակին մէջ, Սուրիա պաշտօնական այցելութեան ընթացքին 2010-ի Մարտին, երբ ան կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ «Ես այսօր այստեղ, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի նախագահ, կը հարցնեմ, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ հայերուն նիւրեմպերկը»:

Այս առումով նաեւ ամենամեծ իրադարձութիւնը հանդիսացաւ ահաբեկչական Տահէշ խմբաւորումի ռմբակոծումը հայկական Նահատակաց եկեղեցւոյ, Տէր Զօրի Ռըշտիէ թաղամասին մէջ, 21 Սեպտեմբեր 2014-ին:

Եկեղեցւոյ ռմբակոծումը միջազգային համընդհանուր դատապարտումի արժանացաւ, յատկապէս Հայաստանի եւ Սփիւռքի պաշտօնական շրջանակներուն մէջ: Այդ միջոցին Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Տէր Զօրի Նահատակաց եկեղեցւոյ քանդումը: Յայտարարութեան մէջ հետեւեալ նշումը եղած է. «Խստօրէն կը դատապարտենք ահաբեկիչներու կողմէ հայկական նահատակաց եկեղեցւոյ պայթումը, մանաւանդ որ այն կ’ամփոփէ Հայոց ցեղասպանութեան Տէր Զօրի մէջ մեր նահատակներուն մնացորդացները: Այս բարբարոսական յարձակումը սրբատեղիներուն վրայ կրկին ցուցանիշ կը հանդիսանայ ահաբեկչական «իսլամական կառավարութեան» բարբարոսական բնոյթին: Միջազգային շրջանակները պարտին կանխել այս ժանտախտը, որ կը վտանգէ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը, եւ արգելակէ անոնց աջակցելու եւ ֆինանսաւորելու միջոցները»:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգիսեան նշեց Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը Նահատակաց եկեղեցւոյ քանդումին՝ աջակցելով ահաբեկիչներուն, նշելով որ եթէ Թուրքիա անմեղ է հայկական Նահատակաց եկեղեցւոյ ռմբակոծման ահաբեկչական արարքէն, ապա ան շուտով յայտարարութիւն մը կը հրապարակէր, որուն մէջ կը դատապարտէր ոճրագործական արարքը, եւ թէ եկեղեցւոյ պայթումը այլ փաստ մըն է, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ոճրագործութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ այն ատեն, որ այն ճանաչման եւ դատապարտման չէ արժանացած:

Իր կարգին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի փոխ նախագահ եւ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Եդուարդ Շարմազանով խստօրէն դատապարտեց հայկական եկեղեցւոյ ռմբակոծումը, շեշտելով թէ սոյն ահաբեկչական ոճրագործութիւնը կը միտի «ոչնչացնել քրիստոնէական եւ հայկական բարոյական արժէքները»: Շարմազով նաեւ նշեց, թէ եկեղեցւոյ քանդումը շարունակութիւնն է այն տասնեակ հազարաւոր հայկական յուշարձաններու ոչնչացման՝ Թուրքիոյ տարածքին, շեշտելով միջազգային հանրութեան թերացումը դատապարտելու նման բռնարարքներ, որոնք կը ձգտին հայկական մշակութային ժառանգութեան անհետացման:

Եւ այսօր… Տէր Զօրի ազտագրումը կը նշանակէ ահաբեկչութեան վերացումը… Տէր Զօրի ազատագրումը ռազմավարական ձեռքբերում մըն է սուրիական բանակին եւ դաշնակից ուժերուն… Տէր Զօրի ազատագրումը կը նշանակէ հայկական Նահատակաց եկեղեցւոյ ազատագրումը ահաբեկիչներէն… Տէր Զօրի ազատագրումը կը նշանակէ հայ նահատակներուն մնացորդացին փրկութիւնը… եւ եկեղեցւոյ վերականգնումն ու Տէր Զօր քաղաքի վերականգնումը:

Այսօր, Տէր Զօրի ազատագրումէն ետք, եւ կրկին անգամ, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակները խաղաղութեամբ պիտի ննջեն Տէր Զօրի անապատին մէջ…

«Ալազմինա» կայքէջ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.