Ի՞նչ մնաց այդ հարստութենէն

ԱԼԵՔՍ ՖՈՆԹԵՆ (Թրգմ. ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ)

Այս անգամ մեր ընթերցողներուն կ՚ուզեմ որոշ չափով ծանօթացնել ԺԸ. դարու ականաւոր իմաստասէր Ատամ Սմիթի (Adam Smith) կարեւոր երկը՝ «Ազգերու հարստութիւնը» (The wealth of nations) հատորը, որուն առաջին հրատարակութեան 250-ամեակը նշեց Մոնթրէալի Լը Տըվուար օրաթերթը «Ինչ որ կը մնայ այսօր Ազգերու հարստութիւնը-էն»յօդուածով։ Յօդուածագիրը Ալեքս Ֆոնթենն է։ Անկասկած պիտի նկատէք, որ տակաւին որքան այժմէական կը հնչեն սկովտիացի Սմիթին միտքերը այսօր, մա՛նաւանդ այսօր։ Ստորեւ այդ յօդուածին թարգմանութիւնը՝ միայն փոքր յապաւումներով Վ-Ա.։


«Ազգերու հարստութիւնը-ը քիչ մը Աւետարանին նմանող գիրք մըն է։ Ամեն մարդ յղում կ՚ընէ անոր, բայց ոչ ոք զայն կարդացած է», կ՚առաջադրէ Ճէյմս Օթըսըն (James Otteson)՝ Գործերու բարոյագիտութեան դասախօս Ինտիանայի Նոթր-Տամ համալսարանը։  

«Յաճախ կ՚ըսուի, թէ Ատամ Սմիթէն կը ծագի այն, ինչ որ այսօր իբր գիտաճիւղ համարուող տնտեսութիւնն է» կ՚ընդգծէ ան, որ բազմաթիւ գիրքեր գրած է հռչակաւոր սկովտիացիին մասին։ Այս վերջինը կ՚ըսէր, թէ իր ըրածը «քաղաքական տնտեսութիւն» էր, ձեւով մը հաշտեցնելով իմաստասիրական բարոյականը եւ տնտեսական դատողութեան սկզբունքները։

Սմիթ շատ լաւ տեղեակ էր, թէ ընկերութիւնը, ուր ինք կ՚ապրէր, մեծապէս անհաւասարապաշտ էր, կը յիշեցնէ Օթըսըն։ Ան կ՚որոնէր ձեւ մը, որ արտօնէր բոլորին, եւ ոչ միայն ունեւորներուն՝ բարելաւելու իրենց վիճակը»։ […] Հեղինակը շեշտը պիտի դնէր յատկապէս անձնական սեփականութեան իրաւունքին եւ առեւտուրին վրայ։ Ան համոզուած էր, թէ բոլորին բարօրութիւնը պիտի իրականանար դիւրացնելով փոխանակութիւնները եւ ապահովելով սեփականութեան իրաւունքը։ 

«Հարցը, որ ան կ՚արծարծէր, հետեւեալն է. ինչպէ՞ս կրնանք արտօնել այդ [չունեւոր]  անձերուն, որ դուրս գան իրենց թշուառութենէն», կ՚եզրակացնէ Օթըսըն։ Հարց մը, որ 250 տարի ետք տակաւին կը մնայ նոյնքան էական։

Թիեռի Փոշան (Thierry C. Pauchant), Մոնթրէալի համալսարանի Առեւտրական բարձրագոյն ուսմանց մնայուն դասախօս, կ՚ընդգծէ, թէ Սմիթի մտածումը մեծապէս աղաւաղուած է ժամանակի ընթացքին։ Ան կը մտաբերէ մասնաւորաբար, պահպանողական քաղաքագէտ Էտմընտ Պըրքը (Edmund Burke) եւ տնտեսագէտ Թոմըս Մալթըսը (Thomas Malthus), որոնք նպաստած են Սմիթի խօսոյթէն հանելու ընկերային զարգացման եւ բարոյագիտութեան հասկացութիւնները։

Իր «Ատամ Սմիթ, դրամատիրութեան հակաթոյնը» (2023) գրքին մէջՓոշան կը պաշտպանէր այն թեզը, ըստ որուն Սմիթ հաւատացող մը չէր դրամատիրութեան, եզրոյթ մը, որ գոյութիւն չունէր «Ազգերու հարստութիւնը»-իժամանակաշրջանին։ «Այսօր շատ կարեւոր շփոթ մը կայ երկու հասկացութիւննրուն միջեւ, անոր, որ դրամատիրութիւն կը կոչենք եւ անոր, որ շուկայի տնտեսութիւն կը կոչենք», կը յարէ պրն Փոշան։ Դրամատիրութիւնը միջոց մըն է տնտեսութիւնը գործածելու ի նպաստ ամենէն ունեւորներուն եւ անոնց, որոնք ամենէն մեծ իշխանութիւնը ունին։ 

Ատամ Սմիթ աւելի կը պաշտպանէր շուկայի տնտեսութիւնը, անձնական սեփականութեան վրայ հիմնուած դրութիւն մը, ուր տետեսական գործակալները փոխանակումները կ՚իրականացնեն ապակեդրոնացած ձեւով մը։ «Ան կը հաւատար, թէ սովորական մարդկային էակները կրնան իրենց վիճակը բարելաւելու ձեւը գտնել եթէ իրենց տրուի այդ առիթը», կը բացատրէ Օթըսըն։

Այս ըսելէ ետք, ան կ՚աւելցնէ, թէ Սմիթի կարծիքով կառավարութիւնը իրապէս ունի խաղալիք դեր մը, — թէկուզ սահմանափակ, —  եւ թէ պետութիւնը պէտք է ստանձէ սահմաններուն պաշտպանութիւնը, ներքին ապահովութիւնը, — ներառելով ոստիկանութիւնն ու դատական համակարգը, — եւ կարգ մը հանրային հաստատութիւններ։   

Այս վերջին կէտով, Սմիթ յատկապէս դուռը բաց կը ձգէ հանրային միջոցներով հոգալու կրթութեան, հանրային առողջապահութեան եւ կարգ մը փոխադրական ենթակառոյցներու ծախսերը։ «Այս համակարգերը պէտք է կառավարել շուկայի տնտեսութենէն դուրս», կը յարէ պրն Փոշան։ «Բայց ամբողջ մնացեալին համար՝ […] շատ արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ շուկայի տնտեսութիւն մը, ուր իսկական մրցակցութիւն կայ»։ 

Արդարեւ, սկովտիացին կ՚այպանէր մենաշնորհները եւ ձեռնարկութիւնները, որոնք կը չարաշահէին իրենց տիրական դիրքը ճզմելու համար մրցակցութիւնը՝ ի վնաս փոքր առեւտուրին։ Ամեն ինչ մեզ կը մղէ հաւատալու, թէ ան պիտի ցնցուէր տեսնելով ափ մը ձեռնարկութիւններ, որոնք կը տիրապետէին իրենց շուկային, ինչպէս եղած էր երբ կը նկատէր գաղթատիրական կեցուածքը Իսթ Ինտիա ընկերութեան՝ «իր օրերու GAFAM-ը [Google-Apple-Facebook-Amazon-Microsoft]» ըստ պրն Փոշանի։       

[Այս վերջինը] կը մտածէ, թէ պէտք է յիշել, որ Սմիթ իր ներդրումը ունեցած է «հնարելու տարբեր ձեւ մը վարելու տնտեսութիւնը, որ ընկերային յառաջդիմութեան կը ծառայէ»։

Պիտի օգտուէինք աւելի լաւ հասկնալով ինչ որ Ատամ Սմիթ մեզի կ՚ըսէր, կ՚ապահովեցնէ Թիեռի Փոշան. «Եթէ իրապէս հասկնայինք ի՛նչ կ՚ըսէր ան, […] պիտի կարենայինք ի վերջոյ ազատել լեզուն, ազատել տեսութիւնները եւ կասեցնել մտածումի մենաշնորհը, որ այսօր մեզի կը պարտադրուի»։

Ըստ պրն Փոշանի, յարացոյցի փոփոխութեան արշալոյսին ենք։ «Դրամատիրութիւնը այնքան ծայրայեղական դարձած է, այնքան դէմ է բնական միջավայրին, դէմ է մարդկային իրաւունքներուն, դէմ է աշխարհի խաղաղութեան, որ մարդիկ պիտի սկսին հակազդելու՝ ըսելով “մենք այս չենք ուզեր”»։

«[Սմիթ] կը մտածէր, թէ տնտեսութիւնը փաստօրէն կը միտէր բարելաւելու մարդոց կեանքը, կ՚եզրակացնէ Ճէյմս Օթըսըն։ Խնդիրը այնքան երկրի մը կամ անոր ղեկավարներուն նպաստել չէր, որքան տնտեսական բուրգին ստորոտը գտնուող անձերուն արտօնել, որ ատկէ դուրս գան ու բարելաւեն իրենց կեանքը»։

ALEX FONTAINE
Ce qu’il reste aujourd’hui de La richesse des nations
Le Devoir, 2029-03-09
Թրգմ. ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ