Ի՞նչ կրնանք ընել Սփիւռքի մէջ…
- (0)

Թող չսահմռկի ընթերցողը. խորագրին չափազանց ընդհանրական երեւցող հարցադրումը կը վերաբերի յատուկ հարցի մը միայն։
Իսկ այդ յատուկ հարցը մեր ուշադրութեան յանձնողը «Երկիր» օրաթերթի խմբագիրն էր՝ ընկ. Վահէ Սարգսեանը, որ թերթի 3 հոկտեմբեր 2025-ի կայքէջին վրայ ստորագրած էր իրապէս մտահոգիչ երեւոյթի մը մասին՝ «Ինչո՞ւ է հայագիտութիւնը յանձնւում օտարի տնօրինմանը» իր յօդուածը (դասական ուղղագրութեան վերածումը իմ կողմէ)։
Պիտի չմտնեմ հարցի իրապէս բարդ ու միաժամանակ մեր ընթերցողին թերեւս ոչ այնքան դիւրամատչելի մանրամասնութիւններուն մէջ, բայց քանի մը բառով փորձեմ բացատրել խնդիրը։
Հայաստանի հայագէտ-հասարակագէտ մասնագէտներէն ներկայիս կը պահանջուի, որ իրենց գիտական աշխատանքները տպագրեն միջազգային գիտաչափական շտեմարաններուն մէջ, որպէսզի իրաւունքը ունենան մնալու իրենց ակադեմական կամ բուհական (բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու) պաշտօններուն վրայ։ Կարելի է ենթադրել, թէ այս միջոցառումը երեւութապէս կը միտի բարձրացնել գիտական աշխատանքներու որակը, սակայն անհաւանական չէ, որ կը հետապնդէ նաեւ քաղաքական նպատակներ։
Բացի անկէ, որ հայերէն գրուած աշխատանքները պէտք է նախ թարգմանուին օտար լեզուի մը՝ միջազգային հարթակի մը վրայ տպագրուելու համար, Սարգսեան իրաւամբ հարց կու տայ. «ինչպէ՞ս է ռուսը, իտալացին, գերմանացին, թուրքը, անգլիացին եւ այլն որոշելու՝ Վանի հերոսամարտի մասին գրուած հայգիտնականի յօդուածը լա՞ւն է, թե՞ չէ։ Բացի այդ, շատ հետաքրքիր է, ինչպէ՞ս է բարբառագիտութեան, հեքիաթներ ուսումնասիրող կամ ֆիդայական շարժմամբ զբաղուող մասնագէտը յօդուած տպագրելու նմանշտեմարաններում ընդգրկուած պարբերականներում։ […] Ի հարկե, գիտաչափութիւնը շատ կարեւոր է, եթեայն արդիւնաւէտ է եւ օբիեկտիւ [առարկայական]: Բայց, միթէ՞ հասկանալի չէ, որ հայագիտութիւնը դաֆիզիկա, մաթեմատիկա կամ քիմիա չէ, այլ ուղն ու ծուծով քաղաքական աստառ ունեցող, երկրի ու ազգիհամար ռազմավարական նշանակութեան ուղղութիւն, և արդեօ՞ք օտար խմբագրութիւնները, որոնցերկրներից շատերը կարող են ունենալ ջերմ յարաբերութիւններ Հայաստանի հանդէպ թշնամաբար և ոչբարեկամաբար տրամադրուած երկրների հետ, կարող են լինել անաչառ»։
Ինք եւս գիտնական (պատմաբան) հեղինակը կը հաստատէ, թէ ոչ միայն ինքն ալ դէմ չէ, որ մեր մասնագէտներու գործերը տպագրուին միջազգային պարբերականներու մէջ, այլ այդ առումով պետութիւնը խրախուսէ եւ օժանդակէ անոնց, նոյնիսկ դիւանագիտական միջոցներով, եւ աշխատի «Սփիւռքիհեղինակաւոր կառոյցներին ու դէմքերին ներքաշել այդ գործում եւ ստանալ նրանց օժանդակութիւնը, եւ այլն, եւ այլն»։
Ահա ճիշտ հոս է, որ ես ալ հարց կու տամ, թէ այս ուղղութեամբ իրապէս ի՞նչ կրնանք ընել մենք եւս Սփիւռքի մէջ։
Պատասխանս է՝ շա՛տ բան։
Քիչ մը մանրամասնեմ։
Առաջին հերթին կազմել քանի մը հոգինոց գործադիր մարմին մը, որ միասնաբար նշանակուի վերոյիշեալ հեղինակաւոր կառոյցներուն՝ կուսակցութիւններուն, եկեղեցիներուն, կրթական-մշակութային հաստատութիւններուն կողմէ։
Այդ մարմինը կամ անոր կողմէ պաշտօնի կոչուած յանձնախումբ մը կամ գործակալներ աշխատին ստեղծել Սփիւռքի մէջ գործող հայագիտական ամբիոններու, դասընթացքներու համապարփակ ցանկը, եթէ արդէն չկայ, նշելով ոչ միայն հիմնական տուեալները (հասցէ, ել-հասցէ, հեռախօսի համար, կայքէջ), այլեւ անձնակազմն ու անոնց առնչուած ուսանողներն ու գիտաշխատողները։ Այս ցանկը ամբողջացնել այդ կազմակերպութիւններէն դուրս գործող անհատներու ալ նման տուեալներով։ Բոլորին պարագային անպայման աւելցնելով զիրենք հետաքրքրող նիւթերը։
Նոյն ձեւով ստեղծել միջազգային գիտական հանդէսներու համապարփակ ցանկը՝ ներառելով աշխարհի գոնէ տասը կամ աւելի կարեւոր լեզուներով հրատարակուողները։ Բոլոր տուեալներով՝ անձնակազմ, մասնագիտութիւն եւ այլն։
Վերոյիշեալ երկու ցանկերէն վերակազմել մասնագիտութիւններու համապարփակ ցանկը, իւրաքանչիւր մասնագիտութիւնը ամբողջացնելով հաստատութիւններու, անձերու եւ հրատարակութիւններու անուններով եւ մանրամասնութիւններով։
Հաստատել թարգմանական գրասենեակ մը, կամ տրամադրելի թարգմանիչներու ցանկ մը, միշտ նոյն տուեալներով ու մասնագիտական կողմնորոշումով՝ նկատի առնելով լեզուները, որոնց կրնան թարգմանուիլ հայ գիտնականներու գործերը։
Անշուշտ, անկասկած, վերոյիշեալներն ալ իրականացնելու համար գտնել նիւթական մնայուն կռուանները, հաստատել անոնց օգտագործման պայմանները եւ այլն։
Այս բոլորը պէտք է ընել՝ օգնութեան հասնելու համար «Երկիր»-ի խմբագրին նշած պարագաներուն։
Կրնա՞նք իրականացել այսքանը։ Ինչո՞ւ չկարենանք։ Անհրաժեշտ ամավարկէն որքա՜ն անգամ աւելի մեծ գումարներ կը ծախսուին այլ նպատակներով։ Նիւթականը չի պակսիր։ Երբեք չէ պակսած։ Սակայն կա՞յ նախաձեռնողը։
Եթէ յաջողեցանք նման նախաձեռնութիւն մը իրականացնել, չէ՞ք կարծեր, որ ինքնավստահութիւնը կ՚ունենանք Հայ դատի թէ հայ մշակոյթի ի նպաստ ուրիշ ինչե՜ր իրականացնելու։ Թէ՛ Հայաստանի համար, թէ՛ Սփիւռքի։
Իսկ եթէ չյաջողեցանք…
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ