Ի՞նչ կը նշանակէ ղեկավար ըլլալ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այժմէական, շա՛տ այժմէական, մի՛շտ այժմէական հարց մըն է, որ կը դրուի, այսօր առաւ՛ել ուժգնութեամբ եւ սրութեամբ, երբ ամեն պատեհապաշտ կը յաւակնի ճակատագրուած ըլլալ ղեկավար դառնալու, ոչ միայն կը յաւակնի այլեւ կը յաջողի՛՝ հիմնուելով թիւրիմացութիւններու, անգիտութեան, շրջապատի նախապաշարումներուն, վախերուն եւ շահադիտութիւններուն վրայ։

Իսկական ղեկավարները, սակայն, ի յայտ կու գան յատկապէս տագնապներու, խառնաշփոթ իրավիճակներու ատեն՝ յստակօրէն ցուցաբերելով այն յատկանիշերը, որ ղեկավարներ ունենալու են՝ առաջնորդել կարենալու համար հաւաքականութիւնը։ Օրինակները քիչ չեն մեր պատմութեան մէջ, գոհանանք յիշելով Քրիստափոր Միքայէլեան մը, Արամ Մանուկեան մը, Խրիմեան Հայրիկ մը։ Քիչ չեն նաեւ, բնականաբար, աշխարհի տարեգրութեան մէջ։

Այդպիսի իսկական ղեկավար անձնաւորութիւն մը ըլլալը ցոյց տուաւ վերջերս Նոր Զելանտայի երիտասարդ վարչապետուհին՝ Jacinda Ardern, իր որդեգրած կեցուածքով իր երկրի Christchurch քաղաքին մէջ կատարուած ահաբեկչական արարքներուն առթիւ, երկու մզկիթներու դէմ՝ խլելով հարիւրաւոր զոհերու կեանքը։ Observer, որուն ուշագրաւ խմբագրականը՝ այդ հաստատումը ընող վերնագրով մը, արտատպուած էր The Guardian Weekly-ի 5 ապրիլ 2019-ի թիւին մէջ, վերնագիր, որ կ՚ամբողջանար «դժբախտաբար ուրիշ քիչեր կը հետեւին իր օրինակին» ափսոսանքով։

Ըստ «Օպզըրվըր»-ի՝ «Արտեռն չձեւացուց, թէ բոլոր պատասխանները ունէր։ Ինչպէս այլ երկիրներու մէջ, կարելի չէ ամբողջովին ջնջել տգիտութիւնը, նախապաշարմունքն ու անհանդուրժողականութիւնը, որոնք կը հրահրեն ընկերային բաժանումներն ու քաղաքական ծայրայեղութիւնը։ Սակայն Նոր Զելանտայի վարչապետուհին այդ չարիքները դիմակայեց այնպիսի անդիմադրելի, անդրդուելի ձեւով մը, որ հաստատեց նոր չափօրինակ մը, որուն հետեւելու են պետական ղեկավարներ ամենուրեք»։

Այս յօդուածին նպատակը չէ վեր առնել Արտեռնի բարեմասնութիւնները, որոնք այլապէս արժանացան բազմաթիւ թերթերու ուշադրութեան։ «Օպզըրվըր» շաբաթաթերթը, սակայն, իր այդ խմբագրականին մէջ կը վկայակոչէ Jim Kouzes-ի եւ Barry Posner-ի համահեղինակած The Leadership Challenge («Ղեկավարումի մարտահրաւէրը») հատորը, որ 1987-ի լաւագոյն վաճառուող գիրքերէն մէկն էր, ուր անոնք կը հաստատեն, թէ «Ղեկավարումի օգտակար ձիրքերը կրնան ըլլալ բնազդային կամ սովորելի»։

Այդ երկու հեղինակները կը մատնանշեն հինգ հիմնական ունակութիւններ, որ կը գտնենք լաւագոյնս դրսեւորուած ղեկավարներուն մէջ։ Անոնք են՝

  1. Ձեւաւորել ուղին.
  2. Ներշնչել հասարակաց տեսլական մը.
  3. Առարկել որդեգրուած գործընթացին.
  4. Խրախուսել այլոց մասնակցութիւնը.
  5. Սիրտ տալ։

Գիտենք, որ բազմաթիւ այլ արժանիքներ կամ յատկանիշեր ունենալու են ղեկավարները։ Օրինակ՝ կարգապահութիւն, հետեւողականութիւն, նուիրում, անձնուրացութիւն եւ այլն։ Այս բոլորին մասին յաճախ խօսուած է, մանաւանդ երբ աչքի առաջ ունեցած ենք մեր ազատագրական շարժումին առասպելատիպ դէմքերը*։

Տակաւին, պէտք չէ ղեկավարին հետ շփոթել գործավարը, վարիչը կամ կառավարողը։ Անոնք անկասկած կարեւոր յատկութիւններ պէտք է ունենան, որպէսզի կարենան իրենց տրուած պաշտօնը կատարել։ Բայց առաջնորդել, ղեկավարել չի նշանակեր գործ մը վարել։ Ահա այդ պատճառաւ ալ կ՚արժէ յամենալ վերոնշեալ արժանիքներուն վրայ։

Առաջին յատկանիշ.– Ձեւաւորել ուղին, այսինքն՝ ըլլալ ուղենիշ, կարենալ հաստատել սկզբունքներ եւ նպատակակէտեր։ Ճիշտ է, պիտի առաջնորդես ու առաջնորդուիս երկրին սահմանադրութեամբ կամ քու պատկանած կազմակերպութեան կանոնագրով, համապատասխան ժողովներու որոշումներով, բայց ճամբա՛յ ցոյց պիտի տաս, ոչ թէ հովին փչած ուղղութեամբ շարժիս։ Ժողովրդահաճական (populist) շարժումներէն օգտուող «ղեկավար»-ները ա՛յդ է, որ կ՚ընեն, մինչդեռ հակառակը պէտք է պատահի., մանաւանդ դժուարին կացութիւններու մէջ, երբ պիտի գիտնաս ընդդիմանալ չարիքին, կորուստին կամ ձախողութեան, նոյնիսկ երբ այդ ընելու համար զոհողութիւններ են պէտք, որոնք ոչ բոլորին հաճելի կրնան թուիլ։ Կարեւոր է ղեկավարին կեցուածքը։

Երկրորդ յատկանիշ.– Ներշնչել հասարակաց տեսլական մը, այսինքն՝ ըլլալ տեսանող մը։ Կարենալ նոր կարելիութիւններով գրգռել մտքերը. «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»,– պիտի ըսէր մեր բանաստեղծը։ Մղել հետեւորդներդ գերազանցման, նոր բարձունքներու նուաճման։ Կրնաս յարգել սահմանադրութիւններու, կանոնագրերու կամ որոշումներու տառը, սակայն անտարբեր ըլլալ ոգիին նկատմամբ, ինչ որ վերջին հաշուով բարիք մը, շահ մը կամ յաջողութիւն մը չի հանդիսանար։ Չի բաւեր խոստումը, երեւութական յանձնառութիւնը։ Պէտք է ունենալ կի՛րքն ու հաւա՛տքը, որպէսզի տեսլականովդ վարակես նաեւ քեզի հետեւողները։

Երրորդ յատկանիշ.– Առարկել որդեգրուած գործընթացին, այսինքն՝ ըլլալ նորարար։ Չհաշտուիլ իրավիճակին հետ, «աս ա՛ս է» ըսել ու անցնիլ, չգոհանալ տեսածովդ, գիտցածովդ, չհիմնուիլ միայն ու պարզապէս փորձառութեանդ վրայ։ Ամեն նոր կացութիւն, նոր տագնապ կրնայ կարօտիլ նոր լուծումներու։ Ունենալ վառ երեւակայութիւն, չվախնալ նոր ուղիներ որոնելէ, նոր միջոցներ գործադրելէ։ Գիտնալ ընթանալ ժամանակին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ քայլ մը առաջ տանիլ, աստիճան մը վեր բարձրացնել երկիրդ, կազմակերպութիւնդ, թէկուզ վարչութիւնդ կամ յանձնախումբդ։ Չվախնալ նորէն, նորերէն մանաւանդ, գիտնալ օգտուիլ անո՛նց մատղաշ ներդրումէն, այլապէս ետեւէդ եկողներուն մէջ չես գտներ զանոնք։

Չորրորդ յատկանիշ.– Խրախուսել այլոց մասնակցութիւնը, այսինքն՝ ըլլալ համախմբող։ Ղեկավարը միապետ չէ, առանձին գործող ասպետ մըն ալ չէ, այլ ասպետական կարգի մը անդամը, այդ կարգին գլո՛ւխը։ Ուրեմն պիտի կարենայ համախմբել իր զինակիցները՝ բոլորին ճիգերը նոյն ուղղութեամբ հունաւորել կարենալու համար։ Ղեկավարը ձեռնածու մը չէ. ան պիտի գիտնայ ոգեւորել, խթանել, պիտի գիտնայ ներուժը ո՛ւժի վերածել, մղել, որ իրենց լաւագոյնը դրսեւորեն, լաւագոյնը ընծայեն, եւ ոչ թէ այդ ուժերը իր ձեռքի խաղալիքը դարձնել, ի նպաստ իր փառքին ու շահերուն ծառայեցնել։

Հինգերորդ յատկանիշ.– Սիրտ տալ, այսինքն՝ ըլլալ յուսադրող, խանդավառող, ոգեշնչո՛ղ։ Յուսահատական ու անել վիճակներու մէջ ի յայտ կու գայ այս յատկանիշը, երբ ղեկավարը կը յաջողի հետեւորդներուն յոյսը վառ պահել, հաւատքը զօրացնել, կամքը ջրդեղել, որ շարունակեն պայքարը։ Այս արժանիքը կը լրացնէ երկրորդը, կ՚ամբողջացնէ զայն։ Ինչպէ՞ս չվերյիշել Արամ Մանուկեանն եւ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերը առաջնորդող միւս ղեկավարները։

Աւելցնեմ, որ ղեկավար ըլլալը պաշտօնավարութիւն մը չէ։ Կոչո՛ւմ մըն է։ Միայն ղեկավար դիրքերու վրայ գտնուողներուն չէ՛, որ վիճակուած է ունենալ այդ կոչումը, ներշնչել, առաջնորդել երկիրը, ազգը, հաւաքականութիւնը կամ կազմակերպութիւնը։ Սակայն որքա՛ն աւելի լաւ կ՚ըլլայ մեր վիճակը՝ աշխարհի ու անոր բաղկացուցիչ իւրաքանչիւր հաւաքական միաւորի, եթէ առաջին հերթին այդ դիրքերու վրայ գտնուողնե՛րը ունենան այդ կոչումը։ Ճեսիքա Արտեռնի օրինակը այս ուղղութեամբ տեղին վերյիշեցում մըն է բոլորիս համար։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.