Ի՞նչ Է հիպրիտային պայքարը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանական ղեկավարները եւ անոնց աջակցող լրագրողներն ու մեկնաբանները կը փորձեն համոզել հանրութիւնը, որ արտաքին ուժեր հիպրիտային պայքար կը մղեն հայկական պետութեան դէմ:

Ի՞նչ բան է հիպրիտը: Այս օտար բառով կ՛որակուին երկու տարբեր տեսակներէ յառաջացած էակները, ինչպէս օրինակ ջորին, որ կը յառաջանայ ձիու եւ էշի խաչաձեւումէն: Նմանատիպ բոյսեր եւս յառաջացած են: Բառը օգտագործուած է նաեւ ճարտարարուեստի մէջ, երբ երկու տարբեր տեսակի արտադրութիւններու համատեղ օգտագործմամբ նոր յատկանիշներով մեքենայ մը, գործիք մը կամ առարկայ մը կ՛արտադրուի: Հիպրիտ ածականին հայերէն համարժէքը խառնածինն է կամ խառնազգին:

Քաղաքական ասպարէզի մէջ օգտագործելով այս յղացքը, ինչի՞ կ՛ակնարկեն հայ քաղաքական պաշտօնեաները: Ակնարկութիւնը կը վերաբերի Ռուսիոյ Դաշնութեան, որ իբրեւ թէ պայքար կը մղէ հայկական պետութեան դէմ, հայկական խմբաւորութիւններու միջոցով: Իշխանութիւններու քաղաքականութեան բոլոր ընդդիմացողները, բոլոր քննադատողները, բոլոր անհամաձայն եղողները իրենց ուղղութիւնը կ՛առնեն դուրսէն` Ռուսիայէն: Կուսակցութիւններ կամ հասարակական կազմակերպութիւններ ցոյցեր ու հաւաքներ կը կազմակերպեն. թելադրողը Ռուսիան է: Արքեպիսկոպոս մը «սրբազան պայքար» կը հռչակէ. թելադրողը Ռուսիան է: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Արցախի տեղահանուած հայերու վերադարձը կ՛արծարծէ. թելադրողը միշտ Ռուսիան է:

Վերջին օրինակը պատճառ դարձաւ իշխանութիւններու ծաւալած պայքարին Հայ եկեղեցւոյ դէմ: Պայքարը անուանապէս կաթողիկոսին դէմ է, սակայն պատշաճութեան համար կը ներկայացուի իբրեւ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան պահանջ: Կաթողիկոսը եւս Հայաստանի դէմ հիպրիտային պատերազմի հրահրող է, քանի որ իր գործունէութիւնը կը ծառայէ Ռուսիոյ շահերուն: Ոմանք նոյնիսկ չեն վարանիր ըսելու, որ կաթողիկոսը… Ռուսիոյ գործակալ է: Մի՛ հարցնէք ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս: Այս այսպէս է, ով իշխանութեան քիմքին համաձայն չէ, օտարի (Ռուսիոյ) գործակալ է, անկէ կը ստանայ իր ուղղութիւնը եւ հնչուն գնահատականը:

Նիկոլ Փաշինեան անցնող եօթը տարիներու ընթացքին յաճախ առաջ քաշեց օրակարգային հրատապ նիւթեր: Նիւթի մը գործածութիւնը հազիւ սպառած, անոր մաշումէն առաջ հրապարակ նետեց նոր նիւթ մը, առանց վախնալու հակասութեան մէջ ըլլալէ իր նախկին ըսածներուն հետ: Հիպրիտային պատերազմը վերջին հնարքն է:

Հայաստանի իշխող վերնախաւը կ՛ուզէ արեւմտամէտ քաղաքականութիւն վարել: Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան մերձենալուն մէջ վատ բան չկայ: Վատը կը սկսի, երբ արեւմուտքին մերձեցումին կ՛ընկերանայ Ռուսիոյ դէմ ընդդիմութիւնը: Երկուքն ալ բարեացակամ չեն եղած մեզի` հայերուս նկատմամբ: Երկուքն ալ երբ հարկն էր` չեն օժանդակած: Մովսէս Խորենացիի տարազումով` փոքր ածու ենք եւ ուժով տկար. երկու կողմերուն հետ ալ պարտաւոր ենք յարաբերութիւն պահել, Հայաստանի ու հայութեան շահերը պաշտպանել ու խուսափիլ Հայաստանը դարձնելէ արեւելքի ու արեւմուտքի միջեւ բախումի հրապարակ: Իրաւունք պաշտպանել կը նշանակէ նաեւ, երբ հարկ ըլլայ, «գրելու արժանի արութեան գործեր ընել»: Ոչ թէ մէկուն անդադար զիջելով` կորուստին համար միւսը ամբաստանել:

7 յունիս 2026-ին նախատեսուած Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն առիթով, իշխանութիւններու վերարտադրութեան համար, ընտրուած է բոլոր կարելի ընդդիմութիւնները իբրեւ օտարի գործակալ ներկայացնելու պատանայական գործելակերպը: Պարտուողական քաղաքականութիւնը ամբողջացնելու համար, իշխանութիւնները պէտք ունին յաջորդ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ունենալու: Այս նպատակը իրագործելու համար, գործող մեծամասնութիւնը կ՛ուզէ ներկայանալ իբրեւ Հայաստանի ապահովութեան միակ պաշտպան, իր հակառակորդներուն վերագրելով օտարի շահերը պաշտպանող, հիպրիտային պատերազմ մղող… պետականութեան թշնամիի կերպարը:

ՀՅԴ Հայաստանի արտակարգ Գերագոյն ժողովը որոշեց Ազգային ժողովի ընտրութեան մասնակցիլ դաշինք կազմելու միջոցով: Դաշինքով ներկայանալու անհրաժեշտութիւնը ակներեւ է. անհրաժեշտ է համախմբել առաւելագոյն չափով ընդդիմադիր ուժեր, իշխանափոխութիւն իրականացնելու նպատակով: Գերագոյն ժողովի արդիւնքները փոխանցող մամուլի ասուլիսի ժամանակ, պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ անընդունելի կը նկատէ օտար որեւէ ուժի վրայ յենուելու գաղափարը: Հասկցողին շատ բարեւ: