«Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն
- (0)

«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննիսեան յայտարարած է, որ իր քաղաքական ուժը պատրաստ է ներգրաւուելու յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Ըստ «Փաստինֆո»-ի՝ կուսակցութիւնը մօտիկ ատենէն պիտի քննարկէ իր մասնակցութեան ձեւաչափը եւ հաւանական համագործակցութիւններու կարելիութիւնը։
Ընտրապայքարին մասնակցելու որոշումին մասին արդէն իսկ յայտնած են քաղաքական զանազան ուժեր եւ գործիչներ։ Անոնց շարքին են ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Հայաստան» դաշինքը, նախկին մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոեանը՝ իր «Միասնութեան թեւեր» նախաձեռնութեամբ, եւ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը՝ «Նոր ուժ» կուսակցութեամբ։ Նոյնպէս մասնակցութեան մասին յայտարարած են Հայ Ազգային Կոնգրեսը, որուն վարչապետի թեկնածուն Լեւոն Զուրապեանն է, եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը՝ Արամ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ։
Յառաջիկայ ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը հաստատած են նաեւ Սամուէլ Կարապետեանի «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը, Գագիկ Ծառուկեանը՝ իր «Առաջարկ Հայաստանին» ծրագիրով, ինչպէս նաեւ «Հայկական քուէ» կուսակցութիւնը։