«Թրքական Մտայնութիւնը Օսմանական Եւ Թուրանական Նոյն Մտայնութիւնն Է». Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Նորա Արիսեան
Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, պատմաբան եւ «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքի խմբագիր դոկտ. Նորա Արիսեան Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման առիթով լսատեսողական լրատուամիջոցներու անդրադարձին շրջագիծին մէջ, դարձաւ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանի «Մաշհատիա» յայտագիրին հիւրը:
Հարցազրոյցին ընթացքին Ն. Արիսեան շեշտեց, որ Հայ դատը չի մեռնիր, որովհետեւ հայ ժողովուրդը կը պահպանէ իր հաւաքական յիշողութիւնը, որուն ընդմէջէն ան կը պահպանէ նաեւ հայկական իր աւանդները, հայոց լեզուն, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական մանրամասնութիւնները:
«Հաւանաբար ոմանք զարմանան, որ 104 տարի ետք տակաւին կը յիշենք մեր նահատակները, սակայն կը վերահաստատենք, որ հաւաքական յիշողութեան պահպանումին շնորհիւ է, որ այս ամբողջը պահպանուեցաւ», ըսաւ ան:
Ն. Արիսեան անդրադարձաւ նաեւ այն իրականութեան, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պարզապէս սուգի եւ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու օր մը չէ, այլ` ամբողջ աշխարհին եւ յատկապէս Թուրքիոյ ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ հատուցումները պահանջելու օր է: Ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը կը պահանջէ իր արդար իրաւունքները, հետեւաբար այդ հատուցումը պէտք է ըլլայ նիւթական եւ բարոյական:
«Ճի՛շդ է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են մեծ թիւով երկիրներ, Եւրոպայի մէջ, Միացեալ Նահանգներու տարբեր նահանգներուն մէջ, միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ, սակայն կարեւորագոյնը այն է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուի դահիճին` Թուրքիոյ կողմէ: Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է վերջ տան Ցեղասպանութեան նկատմամբ իրենց որդեգրած ուրացումի քաղաքականութեան: Դժբախտաբար Թուրքիան աւելի քան մէկ դարէ ի վեր կառչած կը մնայ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ իր ժխտողական քաղաքականութեան: Այնքան ատեն որ Թուրքիա այդ ընթացքին մէջ է, Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութիւնը վառ կը մնայ եւ ճանաչումի ու հատուցումի պահանջատիրական կեցուածքը կը շարունակուի», ըսաւ ան:
Ն. Արիսեան հաստատեց, որ ճիշդ է, թէ քաղաքական շահերը առաջին գիծի վրայ կրնան գտնուիլ, սակայն հայ ժողովուրդը Հայ դատի իր պայքարը պիտի շարունակէ` վստահելով իր բարեկամ երկիրներու ժողովուրդներուն, որոնց շարքին է նաեւ արաբ ժողովուրդը:
«Թուրքիոյ մէջ ժխտողական քաղաքականութիւնը նոյնիսկ առիթ չի տար, որ թուրքերը իրենց պատմութիւնը գիտնան, իսկ ուրացումը կ՛արգիլէ, որ Թուրքիա ինքն իր պատմութեան հետ հաշտուի», շեշտեց ան: Թուրք այլախոհ պատմաբաններուն վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով` Նորա Արիսեան ըսաւ, թէ թրքական մտայնութիւնը օսմանական եւ թուրանական նոյն մտայնութիւնն է, սակայն կան այլախոհ թուրք մտաւորականներ, որոնք իրենց պատմութեան հետ հաշտուելու կամքէն առաջնորդուելով է, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրքեր գրած են, սակայն անոնք իրենց գիրքերը Թուրքիոյ մէջ չեն հրատարակած: Այդ պատմաբաններէն է Թաներ Աքչամը, որուն կարեւորագոյն գործը «Սպանութեան հրահանգներ» գիրքն է, որ կը բովանդակէ նոր փաստաթուղթեր` Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրելու իմաստով Թալէաթ փաշայի տուած հրահանգներուն մասին:
Ն. Արիսեան նշեց, որ Թուրքիան նաեւ չի ճանչնար իր ակադեմականներն ու պատմաբանները:
Սուրիահայութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ն. Արիսեան շեշտեց, որ հայկական իր ինքնութիւնը պահպանելու կողքին, սուրիահայութիւնը կառչած կը մնայ նաեւ սուրիական իր պատկանելիութեան եւ կը ծառայէ երկրին տնտեսական, առեւտրական, ընկերային ու մշակութային բարգաւաճման:
«Անշուուշտ հայութիւնը իր կարգին տուժեց` Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքներէն, սակայն իմ կարծիքովս, մեծագոյն վնասը, որ հայութիւնը կրեց, ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ քանդումն է, որուն ուղղակիօրէն պատասխանատու է Թուրքիան», եզրափակեց Ն. Արիսեան: