Թրամփ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն անդրադարձաւ Հայաստան–Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանին իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ իր վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան ձեռքբերումներուն՝ յայտարարելով, որ իր նախագահութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգները գործած են այն հարցերուն մէջ, որոնց մասին ուրիշներ տարիներ շարունակ միայն խօսած են։

«Մինչ ուրիշները խօսած են, ես գործած եմ։ Մինչ ուրիշները խօսած են խաղաղութեան մասին, ես խաղաղութիւն հաստատած եմ», յայտարարեց Թրամփ՝ իր վարչակազմի միջնորդութեամբ արձանագրուած համաձայնութիւններու շարքին յիշատակելով նաեւ Հայաստան–Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը։

Թրամփ մէջբերեց Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ իր դերակատարութեան մասին կատարած գնահատականները։ Ան նշեց, որ Փաշինեան խաղաղութեան գործընթացի արձանագրած յառաջընթացը կապած է Թրամփի անձնական ներգրաւուածութեան եւ «խաղաղութեան» հասնելու վճռականութեան հետ, մինչ Ալիեւ յայտարարած է, որ ԱՄՆ նախագահը վեց ամսուան ընթացքին «հրաշք գործած է»։

Թրամփ նաեւ անդրադարձաւ Իրանին՝ զայն բնորոշելով իբրեւ «ահաբեկչութեան թիւ մէկ հովանաւոր» եւ շեշտելով, որ իր վարչակազմը պիտի շարունակէ հակազդել Թեհրանի ազդեցութեան եւ սպառնալիքներուն։

Նախագահ Թրամփ Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին առիթով վարչապետ Փաշինեանին յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ եւս շեշտած էր հայ-ամերիկեան համագործակցութիւնն ու TRIPP նախաձեռնութեան յառաջմղումը՝ նշելով, որ Միացեալ Նահանգները կը նախատեսեն ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ եւ ընդլայնել տնտեսական կապերը։