Թուրք Պատմաբան Թաներ Աքչամ Հայաստանի Մէջ Կը Ներկայացնէ «Ցեղասպան Պետութեան Ակունքները» Գիրքը

Horizon Weekly Newspaper

Հայոց ցեղասպանության 110-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու շրջանակներուն մէջ Հայաստան կը գտնուի թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ: 22 ապրիլին ՀԲԸՄ-ի սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ հանդիպում թուրք պատմաբան, հասարակագէտ Թաներ Աքչամի հետ, որի ընթացքին ան ներկայացուց իր՝ «Ցեղասպան պետութեան ակունքները. 1918-1923 թուականներու Թուրքիոյ Հանրապետութեան ձեւաւորումը եւբ խտրականութեան վարչակարգի կառուցումը» գիրքը՝ հայերէն թարգմանութեամբ: Թուրք պատմաբանի այցելութիւնը Հայաստան կազմակերպած է Հայաստանի արեւելագէտներու միութիւնը:

Թաներ Աքչամ ծնած է 23 հոկտեմբեր 1953-ին Թուրքիոյ Արտահանի նահանգի Էօլչեք քաղաքին մէջ։ Թուրքիոյ արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեամբ հետաքրքրուած է կանուխ տարիքէն։ Ան լայնօրէն յայտնի է իբրեւ առաջին թուրք մտաւորականներէն մէկը, որ բացայայտօրէն ճանչցած եւ գիտականօրէն ուսումնասիրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Թաներ Աքչամ1976-ին ձերբակալուած է քրտական շարժումին աջակցող ուսանողական պարբերական ստեղծելու մեղադրանքով: Դատապարտուած է 10 տարուան բանտարկութեան, բայց մէկ տարի ետք փախած է բանտէն եւ քաղաքական ապաստան ստացած Գերմանիոյ մէջ։ Դոկտորական թեզը պաշտպանած է Հանովըրի համալսարանին մէջ 1996-ին։ Նիւթը՝ «Թրքական ազգայնականութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը. 1919-1922 թուականներու Պոլսոյ ռազմական դատարանները»: 2002-էն հրաւիրեալ դասախօս էր Մինեսոթայի համալսարանին մէջ (Միացեալ Նահանգներ)։ Ապա աշխատած է Քլարք համալսարանի Ողջակիզումի եւ ցեղասպանագիտութեան կեդրոնին մէջ։ 2008-էն նոյն համալսարանի Հայագիտութեան կեդրոնի ղեկավարն է: Ան 10 գիրքի հեղինակ է։

Ան տասնամեակներ նուիրած է Ցեղասպանութեան փաստաթղթային ուսումնասիրութեան՝ օգտագործելով օսմանյան արխիվները, ինչպէս նաեւ միջազգային աղբիւրներ։