Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութիւնը հակահայ վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստած է
Թուրքիոյ Պատմագիտական ընկերութիւնը «հայկական հարց»ի մասին նկարահանած է «փաստագրական» ժապաւէն մը, որ կը կոչուի «Հայերու ապստամբութիւնը, ահաբեկչութիւնն ու քարոզչութիւնը՝ Օսմանեան պետութեան դէմ»: Ժապաւէնի նպատակն է «հայկական հարց»ի մասին իրազեկել թրքական ու միջազգային հանրութիւնը:
Թուրքիոյ Պատմագիտական Ընկերութեան (Turkish Historical Society – Türk Tarih Kurumu) պաշտօնական կայքէջի վրայ կը նշուի որ ժապաւէնը եօթը մասերէ կը բաղկանայ: Վաւերագրական ժապաւէնը Հանրութեան պիտի ներկայացուի հինգ լեզուներով՝ թրքերէն, անգլերէն, սպաներէն, գերմաներէն եւ ֆրանսերէն:
Հարկ է նշել, որ Թուրքիոյ Պատմագիտական ընկերութիւնը անցեալին բազմաթիւ առիթներով, հրատարակութիւններու եւ գիտաժողովներու միջոցով հանրութեան ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւններու խեղաթիւրուած տարբերակը։
Ժապաւէնի տարբեր բաժիններու ենթախորագիրներն են.
1- 1915, ահաբեկչութիւն եւ ապստամբութիւն
2- 1915, տեղափոխութիւն եւ վերաբնակեցում
3- Սփիւռք, դիւանագիտութիւն եւ քարոզչութիւն
4- ASALA. արիւն ու կրակ
5- Կեղծ փաստաթուղթեր ու իրականութիւն
6- Ոչ-պատմական դիւանագիտութիւն
7- Առաջին կրակը. 1915 թուական, մահմետականներու դէմ դաժանութիւն: