Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը գործածէ…«Ցեղասպանութիւն» եզրը
Լաթվիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւին հակազդելով, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը գործածեց երկրէն ներս արգիլուած «Ցեղասպանութիւն» եզրը։ Լուրը կը հաղորդէ յունական «onalert.gr» կայքը։
Շտապելով դատապարտելու որոշումը, թրքական նախարարութիւնը «Թուիթըր»ի վրայ կատարած յայտարարութեամբ յատկանշականօրէն գրած է՝ «Կը մերժենք եւ եւ չենք ընդունիր Լաթվիոյ խորհրդարանի որոշումը ցեղասպանութեան առնչութեամբ»։
Այս յայտարարութիւնը մեծ աղմուկ յառաջացուց թրքական հասարակութեան մօտ, որոնք իրենց զայրոյթը արտայայտեցին նախարարութեան պաշտօնական գրառումին տակ։ Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ մէջ «Ցեղասպանութիւն» եզրը արգիլուած բառ մըն է, քանի որ այդպէս Թուրքիան ընդունած կ՚ըլլայ զայն։ Պաշտօնական շրջանակները ընդհանրապէս կը գործածեն «1915-ի իրադարձութիւնները» կամ «այսպէս կոչուած ցեղասպանութիւնը» եզրերը, մերժելով Հայոց ցեղասպանութեան պատմական եւ իրաւական ճշմարտութիւնը։
Նշենք, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հասկնալով իր կատարած լուրջ վրիպանքը, աւելի յետոյ վառ առած է աղմկահարոյց գրառումը ու անոր փոխարէն տեղադրած անգլերէն եւ թրքերէն լեզուներով լուր մը, որուն մէջ կ՚ըսուի թէ, «պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Լաթվիոյ պաշտպանութեան նախարար եւ երկրի փոխվարչապետ Արթիս Փապրիքսի հետ երկկողմանի եւ տարածաշրջանային խնդիրներու մասին, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕ-ի հետ առնչուած հարցերու շուրջ»։ Լուրի կողքին տեղադրուած է նաեւ թուրք նախարարի նկարը հեռաձայնին վրայ խօսած պահուն։