Թուրքիոյ «Նոր Զարթօնք» միութեան թեկնածուն Տեմիրթաշն է

Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերու կողմէ հիմնադրուած «Նոր Զարթօնք» միութիւնը յայտնած է, թէ խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններուն որ կուսակցութեան եւ նախագահի որ թեկնածուի օգտին պիտի քուէարկէ:

Ըստ Demokrathaber-ի` միութիւնը այդ մասին յայտարարութիւն տարածած է` նշելով, որ իրենց թեկնածուն քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնն է եւ այդ կուսակցութեան նախկին համանախագահ Սելահաթթին Տէմիրթաշը, որ այժմ բանտն է:

Միութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է այդ որոշումը կայացնելու պատճառը` հայերու եւ Թուրքիոյ մէջ ազգային միւս փոքրամասնութիւններու կեանքին մէջ փոփոխութիւնը հնարաւոր է Տէմիրթաշի միջոցով: «Քուէները` յոյսին, քուէները` Տէմիրթաշին: Քեզի հետ է հնարաւոր փոփոխութիւնը: Մեր թեկնածուն Տէմիրթաշն է»,- կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ երէկ Տէմիրթաշին բանտի մէջ այցելած էր ԺԴԿ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը:

Թուրքիոյ մէջ արտահերթ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 24-ին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.