Ներկայիս Թուրքիոյ Օրտուի եւ Կիրեսունի (Կերասուն-ակունքի խմբ.) բնակիչներու կողմէ որպէս մզկիթ օգտագործուող Սեմեն եայլայի եկեղեցին մարտահրաւէր նետած է ժամանակին: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:
Աղբիւրին համաձայն` սոյն եկեղեցին ամառնային ամիսներուն որպէս մզկիթ կ՛օգտագործուի եայլաներ բարձրացող տեղացիներու կողմէ: Եկեղեցւոյ շուրջ գտնուող տուներուն մէջ բնակողները կը փորձեն պահպանել եւ այցելուներուն ներկայացնել այս պատմական կառոյցը:
Սեմենի եկեղեցւոյ այցելուներէն Պիւլենթ Աքչայ առաջին անգամ տեսնելով այս շինութիւնը` շեշտած է, թէ միաժամանակ երկու նահանգներու համատեղ արժէքը եղող սոյն կառոյցը հարկ է վերականգնել` տուեալ շրջաններու մէջ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով:
Հարկ է նշել, որ Սեմեն աւանին մէջ 1900-1920 թուականներուն մօտ 5000 յոյն կը բնակէր: 1915-1920 թուականներուն տուեալ շրջանի յոյն բնակիչներու մէկ մասը բռնի կերպով տեղահանուած է Հալէպ, իսկ միւսը` գաղթել Յունաստան: Յայտնի է նաեւ, որ Սեմենի եայլայի մէջ աճող առանձնայատուկ սալորէն կը պատրաստուէր գինի, որ կ՛արտահանուէր եւրոպական երկիրներ: Հակառակ բնութեան բոլոր արհաւիրքներուն՝ կանգուն մնալ յաջողած Սեմենի եկեղեցւոյ տանիքը կառուցուած է 1900-1910 թուականներուն` լաւագոյն յոյն վարպետներո կողմէ, յատուկ Մարսէյլէն բերուած կղմինդրներով:
Պատրաստեց Մելինէ Անումեանը