Թուրքիոյ Հայաբնակ Վաքըֆ Գիւղին Մէջ Թանգարան Պիտի Բացուի․ Կազմակերպիչները Կոչ Կ՛ուղղեն Աշխարհասփիւռ Մուսալեռցիներուն Աջակցելու

Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Հաթայի նահանգի մէջ մտնող եւ մինչ օրս հայաբնակ մնացած Վագըֆ գիւղին մէջ (Մուսա լերան գիւղերէն ) շուտով պիտի բացուի գիւղի պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած թանգարան, որպէսզի այստեղ ժամանող զբօսաշրջիկներուն աւելի մանրամասն պատմէ կիլիկիահայութեան` Թուրքիոյ մէջ մնացած վերջին համայնքի անցեալի մասին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով «Ակօս»-ը, թանգարանի հիմնադրութեան աշխատանքները կը նախատեսուի աւարտել մինչեւ միւս տարուան Օգոստոս` Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման տօնին, որ Վագըֆի մէջ աւանդաբար մեծ շուքով կը նշուի:

Նախագիծի հեղինակները կոչ կ՛ուղղեն աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ բնակող մուսալեռցիներուն` Վագըֆի ու Մուսա լեռի հետ կապուած որեւէ արխիւային նիւթ, լուսանկար, նամակ կամ փաստաթուղթ ունենալու պարագային կապ հաստատել իրենց հետ։

Կը նշուի, որ թանգարանը յագեցած պիտի ըլլայ ժամանակակից արհեստագիտական սարքաւորումներով, այցելուներուն պիտի ներկայացուին նաեւ Վագըֆի բարբառի առանձնայատկութիւնները, աւանդական երգերն ու պարերը, խոհանոցն ու այլ մշակութային առանձնայատկութիւններ:

Վագըֆ գիւղը (թրքերէն անունը Վաքըֆլը) պատմական Կիլիկիոյ տարածքին` Մուսա լերան լանջերուն գտնուող վերջին հայկական գիւղն է:

Զայն յաճախ կ՛անուանեն Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը, քանի որ անիկա միակն է, որ ունի գործող եկեղեցի եւ երկրի մէջ պաշտօնապէս գրանցուած է որպէս քրիստոնէական հայկական համայնք, մինչդեռ մահմետականացուած կամ ծպտեալ քրիստոնեայ հայերու շարք մը գիւղեր ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին նման գրանցում չունին` պետութեան ու պատրիարքարանի կողմի արձանագրուած եւ գործող եկեղեցի չունենալու պատճառով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.