Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ռազմավարութեան հարցով Հարցազրոյց սուրիահայ քաղաքական փորձագէտ Սարգիս Գասարճեանի հետ
1755
0
Հարցազրոյց սուրիահայ քաղաքական փորձագէտ Սարգիս Գասարճեանի հետ
Թուրքիոյ վարած ծաւալապաշտական ռազմավարութեան հարցով, Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ թէ Արցախի, «Հորիզոն»ի աւագ աշխատակից Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան հարցազրոյց ունեցաւ սուրիահայ քաղաքական վերլուծաբան եւ լրագրող Սարգիս Գասարճեանի հետ։ Քաղաքական փորձագէտը անդրադարձաւ նաեւ Արցախի հակամարտութեան մէջ սուրիացի վարձկան զինեալներու եւ ահաբեկիչներու գործօնին մասին։
«Վերջերս Թուրքիոյ մշակած բարեկամական յարաբերութիւնները Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի զբաղուածութիւնը ընտրութիւններով, առիթ ընծայեցին Թուրքիոյ, որ պահը յարմար նկատելով յարձակումի ձեռնարկէ Արցախի վրայ: Մինչ Ալիեւ իր իշխանութեան դէմ ելած իր ժողովուրդին կեդրոնացումը շեղելու համար, նոյնպէ՛ս պահը յարմար նկատեց նոր պատերազմի մը շղթայազերծման», յայտնեց Գասարճեան:
https://www.facebook.com/120633978044872/videos/382943306054484