Թուրքիոյ ամէնէն շատ ականապատուած տարածքները Հայաստանի սահմանին վրայ են
2066
0
BBC լրատուականգործակալութեան թրքական բաժանմունքը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիա ընդգրկուած է ականապատ մեծ տարածքներ ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ։
Ականներու եւ ռումբերու դիտարկման միջազգային կեդրոնի 2018ի զեկուցման համաձայն, ականապատ հողատարածքներու քանակութեամբ Թուրքիա երրորդն է աշխարհի մէջ։ Երկրորդ կարգի վրայ է Ֆինլանտան, իսկ առաջին տեղը կը գրաւէ Պանկլատէշը։ Առաջին տասնեակին մէջ են Աֆղանիստան, Անկոլա, Իրաք ու Եէմէն։
Թուրքիոյ մէջ ականապատ տարածքները այնքան շատ են, որ անկարելի է զանոնք մաքրել մինչեւ 2022 թուական։ Ըստ տեղեկագրին, Թուրքիոյ մէջ ամէնէն շատ ականապատ տարածքները կը գտնուին Հայաստանի հետ սահմանի վրայ, որուն կը յաջորդեն Իրաքի ու Իրանի հետ սահմանային տարածքները։