Թուրքեւատրպէյճանական «մշակութային» գործակցութիւն՝ արցախի մէջ

Ձախէն աջ՝ Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմով եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու

Ա.Ա.

Հայաստան կ՛ապրի վտանգաւոր եւ ճակատագրական հանգրուան մը, ուր իշխանութիւններ – ընդդիմութիւն տարակարծութիւնները կը շարունակեն Արցախեան երկրորդ պատերազմէն մեծապէս ցնցուած երկիրը պահել վտանգաւոր գօտիի մը մէջ։ Հարաւային կովկասեան միւս հանրապետութիւնը՝ Վրաստան եւս մխրճուած է իշխանութիւններ- ընդդիմութիւն տարակարծութիւններու պատճառով անկայուն իրավիճակի մը մէջ, որ քսանվեց փետրուարէն ի վեր կը շարունակուի՝ ցոյցերով եւ բողոքի հաւաքներով, նաեւ՝ ձերբակալութիւններով եւ ոստիկան ուժեր – ցուցարարներ յաճախակի բախումներով։ Եթէ Վրաստանի պարագային Եւրոպական Միութիւնը աճապարեց միջնորդական առաքելութեամբ մը Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը Թիֆլիս առաքել, Հայաստանի պարագային ներքին քաղաքական անկայունութիւնը, որ առաւել սրեցաւ նախ սպայակոյտի պետի տեղակալը, ապա պետը պաշտօնազրկելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումներէն ետք, ցարդ Եւրոպական Միութիւնն ու միջազգային ընտանիքը մղած են՝ միայն հանդարտութեան եւ զուսպ ըլլալու կոչերով բաւականանալու։
Սակայն հարաւայի կովկասեան այս բաւական անկայուն իրավիճակին մէջ չափազանց մտահոգիչը Թուրքիա – Ատրպէյճան համագործակցութեան թափն ու բնոյթն է, այն պահուն, երբ Հայաստանի մէջ իրավիճակը առաւել կը սրի եւ նոյնիսկ քաղաքական որոշ մեկնաբաններու կարծիքով, քաղաքացիական պատերազմի մը վտանգին հաւանականութիւնը օրէ օր աւելի կը բարձրանայ, եթէ թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ՛ ընդդիմութիւնը խելամտութիւնը չունենան՝ փոխադարձ զիջումներով հասկացողութեան մը հասնելու եւ երկիրը անել վիճակէն դուրս բերելու համար։
Թուրքիա ոչ իսկ կը մտածէ Արցախի հանդէպ իր ախորժակները թաքցնելու մասին եւ առիթը չի փախցներ Ատրպէյճանի մատուցած իր «ծառայութիւններուն» դիմաց, Լեռնային Ղարաբաղի միջոցով Հարաւային Կովկասի մէջ իր ռազմաքաղաքական ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը ամրապնդելու առիթներ պահանջել Ատրպէյճանէն։
Թրքական այս ծրագրին նորագոյն դրսեւորումը եղաւ երկու մարտին Անգարայի մէջ կայացած՝ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմովի միջեւ հանդիպումը, որուն ընթացքին Չաւուշօղլու յայտնեց պաշտօնական Անգարայի պատրաստակամութիւնը՝ «աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական գրաւման տարիներուն Ատրպէյճանի մշակութային ժառանգութեան վնասուած կոթողներուն վերանորոգման աշխատանքներուն»։ Չաւուշօղլու նաեւ յայտարարեց, որ Թուրքիա զօրավիգ պիտի կանգնի եւ Ատրպէյճանի պիտի աջակցի՝ միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնց շարքին յատկապէս Եունեսքոյի մէջ կատարուելիք աշխատանքներուն, որոնց նպատակն է միջազգային ընտանիքին ներկայացնել այսպէս կոչուած «հայկական վանտալիզմի զոհ գացած ատրպէյճանական մշակութային կոթողներուն վնասն ու նիւթական հատուցման պահանջը»։
Մինչ Անգարայի մէջ Չաւուշօղլու թրքական այս պատրաստակամութիւնը կը յայտարարէր, անդին Ատրպէյճանի առաջին տիկին եւ փոխ նախագահ Մեհրիպան Ալիեւա,որ 2004էն ի վեր Եունեսքոյի Բարի Կամքի դեսպան է, Լեռնային Ղարաբաղի գրաւեալ շրջաններ կ՛այցելէր իր ամուսնոյն՝ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ ազրպէյճանական լրատու աղբիւրները մրցումի կ՛ելլէին իրարու հետ, թէ ով աւելի տպաւորիչ կերպով պիտի ներկայացնէ եւ հրապարակէ Ալիեւներուն «քաջագործութեան» լուսանկարը եւ տեսերիզը։ Իլհամ եւ Մեհրիպան Ալիեւ կը լուսանկարուէին բաց դաշտի մը մէջ՝ իրենց ոտքերուն տակ տապալած հայատառ Ղարաբաղ ցուցանակով։ Պատկերը առաջին հայեացքով իսկ կը յուշէր,որ Ատրպէյճան պիտի տրորէ ու քանդէ Արցախի գրաւեալ տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային բոլոր կոթողները, ճիշդ այնպէս,ինչպէս ատրպէյճանցի զինուորներ 2005-ին պուլտոզըրներով ջարդուփշուր ըրին Նախիջեւանի մէջ Հին Ջուղայի միջնադարեան հայկական գերեզմանատան արուեստի մէկական գլուխ գործոց խաչքարերը, իսկ Եունեսքօ պարզապէս բաւականացաւ անդիմագիծ ու անջիղ հաղորդագրութեամբ մը։ Գրեթէ նոյն ժամանակ կ՛արձանագրուէր եւ ապա կը բացայայտուէր դրամական գայթակղութիւն մը՝ Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ Եունեսքոյի այդ օրերու ընդհանուր տնօրէնին ամուսնոյն փոխանցուած գումարի մը պատմութեամբ։
Բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ հիմա ալ Ատրպէյճան, այս անգամ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ պիտի մաքրագործէ Արցախի գրաւեալ տարածքներէն հայկական քաղաքակրթական եւ մշակութային ժառանգութեան բոլոր հետքերը։ Այս ծրագրին պատճառով է, որ Պաքուի իշխանութիւնները չեն արտօներ, որ Եունեսքոյի մասնագիտական խումբը մուտք գործէ Արցախի գրաւեալ տարածքներ, ստուգէ հայկական մշակութային կոթողներուն վիճակը, արձանագրէ, տեսագրէ եւ վաւերագրէ անոնց աշխարհագրական տեղը եւ մանրամասն տեղեկագիր մը պատրաստէ։Պաքու Եունեսքոյի մասնագէտներուն կրնայ արտօնել, որ Արցախի գրաւեալ տարածքներ մուտք գործեն, Թուրքիա- Ատրպէյճան «մշակութային» գործակցութեան համատեղ աշխատանքներու իրականացումէն ետք…..
…..Իսկ մինչ այդ Երեւանի մէջ…..

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.