Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգը կատարուեցաւ

Horizon Weekly Newspaper

Աւագ Ուրբաթ, 18 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 4-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգը կատարուեցաւ, հանդիսապետութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք.Չարեանի, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչ՝ Հայր Սուրբին, Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի եւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Տէր Հօր, Սարկաւագաց, Դպրաց դասերու, ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտութեան, կամաւորներու եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու։

Ժամերգութեան աւարտին, տարիներու աւանդութեան համաձայն «Քրիստոսի Թաղման» թափօրը կազմուեցաւ, առաջնորդութեամբ ոստիկանական ջոկատի, Սկաուտական խումբերու, Փողերախումբի, Գ.Ե.Մ.-ի երիտասարդներու, ինչպէս նաեւ առաւել քան 2000 հաւատացեալներու:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն։ Ան ըսաւ, որ Քրիստոսի գերեզմանը մահուան սարսափ չէ, այլ կեանքի աղբիւր է, որովհետեւ հոնկէ կը սկսի յաւիտենական կեանքը։

Քրիստոս խաչ բարձրացաւ յանուն մարդկութեան փրկութեան ու Իր արիւնը թափեց փրկելու համար մարդը, ջնջեց մարդուն մեղքերը ու գերեզման իջնելով՝ յաղթեց մահուան, նոր կեանք պարգեւեց մեզի ու մեզ առաջնորդեց դէպի փրկութիւն։ Սրբազանը ընդգծեց, որ Քրիստոսի իւրաքանչիւր ուսուցում իր խորհուրդն ու պատգամը ունի, իսկ մենք՝ հաւատացեալներս, պէտք է ընկալենք զանոնք ու ապրինք Քրիստոսի պատգամներով։

«Քրիստոսի գերեզմանը կեանքի եւ փրկութեան խորհուրդի վերածուեցաւ։ Քրիստոսի գերեզմանէն ճառագայթող յաւիտենական կեանքով լեցուինք, որպէսզի, քալենք այն ճամբէն, որ մեզ կը տանի դէպի յաւիտենականութիւն», Սրբազան Հայրը իր պատգամը եզրափակեց «Փառք քեզ Աստուած Փառք քեզ» աղօթքով։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Քրիստոսի խաչափայտի մասունքով Սրբազան Հայրը օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը, որմէ ետք, մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալները խոնարհեցան Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ, որմէ ետք օրհնուած վարդ, հաւկիթ եւ կարկանդակ ստանալով հոգեկան բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան իրենց տուները։