Թորոնթոյի մէջ Մոմավառութիւն` ի յիշատակ ապրիլեան նահատակներու հոգիներուն
- (0)

Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Թորոնթոյի Մարքամի Յիշատակի Պուրակին մօտ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամներուն տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ ծաղկեմատոյց:
Սոյն ձեռնարկը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով։
Օրուան հանդիսավարներ` Բալիկ Ասդուր եւ Ժանօ Տոնոյեան, ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը ապրիլեան նահատակներու հոգիներուն, որմէ ետք Բալիկ Ասդուր անգլերէնով, իսկ Ժանօ Տոնոյեան հայերէնով ընթերցեցին բացման խօսքը։ Անոնք անդրադարձան Օսմանեան կառավարութեան կատարած ոճրագործութեանց, որուն պատճառաւ ժողովուրդ մը ամբողջ բնաջնջումի ենթարկելով ուզեցին արմատախիլ ընել, զանոնք քշելով դէպի Սուրիոյ անապատները։ հանդիսավարները իրենց խօսքին ընդմէջէն լոյս սփռեցին հայու հզօր կամքին, երբ անապատը, որ հայոց անթաղ մարմիններու գերազմանն էր, դարձաւ ծնունդ որբացեալ ժողովուրդին։
Անոնք շեշտեցին. «Ցեղասպանութենէն առ այսօր մեր պայքարը կը շարունակուի: Մենք պահանջատէր ենք մեր բռնագրաւած հողերուն եւ արդար հատուցումը կ’ուզենք թուրքիոյ կառավարութենէն։ 2004-ին գանատական կառավարութիւնը ճանաչում յայատարարեց հայոց ցեղասպանութեան։ Ուրեմն մենք, որպէս երիտասարդներ, պիտի շարունակենք քալել մեր նախնիներուն ճամբէն եւ պիտի մերժենք ամէն տեսակ ուրացում, որ մոռացութեան կ’ենթարկէ հայոց ցեղասպանութեան հարցը»։
Ձեռնարկի ընթացքին, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի 12-րդ կարգի աշակերտները ասմունքեցին «Ցասում», որուն հեղիկնակն է վարժարանի տնօրէն Պրն. Ռաֆֆի Սարգիսեան։
Պատանեկան միութեան անդամները հանդէս եկան «Տուն իմ հայրենի» հայրենասիրական երգով, որմէ ետք ԳԵՄ-ական ընկերներու կողմէ պատրաստուած յատուկ տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը, բարձր գնահատականի արժանացաւ, որով նոր սերունդի երիտասարդներ կ’ուխտէին ի գին ամէն բանի, բարձր պահել հայ լեզուն եւ մշակոյթը, որպէսզի յաջորդող սերունդներ հպարտանքով օգտագործեն զանոնք:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Մարքամի փոխ քաղաքապետ Մայքըլ Շան, որ բարձր գնահատեց հայութեան վարկը Գանատայի մէջ։
Տեղին է յիշատակել, թէ սոյն միջոցառման ներկայ էին քաղաքական դէմքեր՝ Հանուլէպըլ հելէնապատգամաւոր Մարքսմ սթուֆֆվիլլի, Պր Բիթիր եուին թեկնածու
Ազատական կուսակցութեան, Մարքամ իւնիոնվիլի, Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղիկներու տեղադրում Ծիծեռնակաբերդի մանրֆակերտին դիմաց, որ պատրաստուած էր ԳԵՄ-ական երիտասարդներու կողմէ, ինչպէս նաեւ անմոռուկի մանրակերտին մօտ, որ պատրաստուած էր ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ:
Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի «Պահպանիչ»ով եւ Տէրունական աղօթքով փակուեցաւ միջոցառումը:
Հ.Ն.Պ.