Թորոնթոյի մէջ կայացաւ Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ.-ի 50-րդ պատգամաւորական ժողովը

Սեպտեմբերի 17-18 շաբաթավերջին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնէն ներս կայացաւ Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ.-ի 50-րդ պատգամաւորական ժողովը, մասնակցութեամբ 30 պատգամաւորներու՝ Մոնթրէալի, Լաւալի, Գէմպրիճի, Վանգուվըրի եւ Թորոնթոյի մասնաճիւղերէն։ Սոյն ժողովին ներկայ էին նաեւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Պատանեկան Միութեան ներկայացուցիչներ։

Շաբաթ առաւօտեան, ժողովը բացուեցաւ Հայաստանի քայլերգով, որմէ ետք ժողովականները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին վերջին շաբթուան ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէն ծրագրուած յարձակման պատճառով նահատակուած զինուորներու յիշատակին:

Երկու օրերուն վրայ երկարող նիստերու ընթացքին, քննարկման բովէ անցան Հայ Դատի, կազմակերպական, քարոզչական եւ Դիմադրութեան շարժման վերաբերող հարցեր եւ անոնց լուծման ի խնդիր՝ ճշդուեցան պայքարի տարբեր ճակատները։

Ժողովը վերահաստատեց հայրենակործան իշխանութեան դէմ՝ հայ երիտասարդութեան հայրենատիրութեան անվկանդ երթը շարունակելու իր պատասխանատուութիւնը։

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական Վարչութիւն։

Հ.Յ.Դ. Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 50-րդ պատգամաւորական ժողով

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.