Թորոնթոյի մէջ կայացաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի 45-րդ Շրջանային ժողովը
703
0
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի 45-րդ Շրջանային ժողովը, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 6 յուլիս 2024-ին, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն ներս, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն։ Ներկաներու ընդհանուր թիւն էր 35, ներառեալ 25 պատգամաւորներ Մոնթրէալի «Սանահին», Թորոնթոյի «Գլաձոր», Գէմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղերէն, ինչպէս նաեւ առցանց՝ Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղէն։ Ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Թամար Տօնապետեան Գուզուեանը, Վարչութեան ատենադպիր Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեանը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դոկտ. Խաժակ Գուլաճեանը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի, Ազգային Վարչութեան, ՀՕՄ,ի եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի ներկայացուցիչներ։
Ժողովի օրակարգին առանցքը կազմեցին հետեւեալ գլխաւոր նիւթերը՝ քարոզչութիւն, հրատարակչական աշխատանք, գրատարածման գործունէութիւն, երիտասարդական հաւաքներ, անդամներու ներգրաւում, «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացք, խօսակցական արեւմտահայերէնի առցանց դասընթացք, միջ-մասնաճիւղային փոխանակումներ, Միջին Արեւելքի տագնապահար շրջաններու եւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան օժանդակութիւն։ Ներկաները իրենց աշխոյժ մասնակցութեամբ եւ շինիչ առաջարկներով հանդէս եկան, նպաստելով Ժողովի արդիւնաւէտութեան։
Աւարտին, Ժողովը ընտրեց յառաջիկայ երկամեայ տարեշրջանի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը , որուն յաջորդեց պաշտօններու բաժանումը։
Ընկհ. Թամար Շահինեան ՝ ատենապետ (Մոնթրէալ)
Ընկհ. Անահիտ Պալեան՝ ատենադպիր (Մոնթրէալ)
Ընկհ. Ծովիկ Կուտեան ՝ գանձապահ (Մոնթրէալ)
Ընկհ. Մարալ Պէրպէրեան՝ խորհրդական (Մոնթրէալ)
Ընկհ. Էօժենի Բարսեղեան՝ խորհրդական (Թորոնթօ)
Ընկհ. Թալին Արթինեան-Գըլըպոզեան՝ խորհրդական (Թորոնթօ)
Ընկ. Յարութ Տոնոյեան՝ խորհրդական (Թորոնթօ)
Comments are closed.