Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Լաբոյեան Երկրորդական վարժարանի 14-րդ հունձքով շրջանաւարտ դարձան 24 աշակերտներ

ՀՕՄ-ի Լաբոյեան Երկրորդական վարժարանի 14-րդ հունձքի աւարտական հադէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 15 Յունիս, 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» Թատերասրահին մէջ: Ներկայ էին Հոգեշնորհ Տէր Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, Արժանապատիւ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեան, Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ, Վարժարանի Կրթական մարմնի ներկայացուցիչներ՝ ատենապետ Սեւակ Քիւփէլեանի գլխաւորութեամբ, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, բարերարներ, ծնողներ, հարազատներ:

Արարողութիւնը բացուեցաւ 24 շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքով: Անոնք բեմ բարձրացան եւ Գանատայի ու Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգներէն ետք գրաւեցին իրենց տեղերը:

Հանդիսավարները հրաւիրեցին երեք աշակերտներ ընթերցելու հրաժեշտի եւ երախտիքի իրենց խօսքը: Մարալ Տէր Օհան՝ Հայերէն լեզուով, Բալիկ Քէօհնէլեան՝ Անգլերէն լեզուով եւ Արշակ Պետրոսեան՝ Ֆրանսերէն լեզուով շնորհակալութիւն յայտնեցին ծնողներուն, ուսուցիչներուն, տնօրէնութեան եւ բոլոր անոնց, ովքեր օգնած են իրենց հասնելու կեանքի այդ կարեւոր հանգրուանին: Մարալ Մարալ Տէր Օհան իր ուղերձին մէջ գրած էր. «Այս չորս պատերէն ներս, սորված ենք գրել, կարդալ եւ լաւ հայ ըլլալու իմաստը։ Այս վարժարանը տուած է մեզի հայեցի կրթութիւն»։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Վարժարանի տնօրէն պարոն Րաֆֆի Սարգիսեան: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտներուն, իր խօսքին մէջ շեշտեց «Սիրելի շրջանաւարտներ՝ դուք այս տարի սերտեցիք Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ը: սորվեցաք, թէ ինչ տառապանքներով մէջտեղ եկաւ ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդը: Դուք ձեր բառերով պատկերացուցիք իրենց «Կարծր սրտերն ու խանցուած հոգիները» Թող որ այդ սերունդի վարքն ու հոգին դառնայ ձեզի ներշնչարան: Մեր վերապրողներուն նման փարատեցէք յուսահատութիւնը ձեր հոգիներէն եւ անվարան ողջունեցէք պայքարի անպարտ ոգին:»

Վարժարանի Կրթական Մարմնի կողմէ խօսքառաւ տիկ Թալին Մուշեան: Ան ամփոփ ձեւով ներկայացուց 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանին Կրթական Մարմնի արձանագրած յաջողութիւնները։

Ապա Տնօրէնի հրաւէրով բեմ բարձրացան Կրթական Մարմնի ատենապետ Պարոն Սեւակ Քիւփէլեան, փոխ տնօրինուհի տիկին Արփի Փանոսեան եւ բոլոր ուսուցիչները: Կատարուեցաւ վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխման արարողութիւն:

Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Տէր Գեղարդ Քիւսպէկեան, ան շնորհաւորեց բոլորը այդ եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ շրջանաւարտներուն։

(Լուսանկարը՝ Իշխան ղազարեանի)

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.