Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի 47-րդ վերամուտը

Առաջին զանգը դարձեալ հնչեց

Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ռուբինա Մանկամսուրի, Պապայեան մանկապարտէզի, Գոլոլեան նախակրթարանի եւ Լափոյեան Երկրորդական վարժարանի 47-րդ վերամուտի զանգը հնչեց Երեքշաբթի, 2 Սեպտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 9:00ին: Տնօրէնութիւն, ուսուցչակազմ, աշակերտութիւն եւ ծնողք վերադարձան նպատակաուղղուած աշխատանքի:

ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանը, իր 687 աշակերտներով եւ 79 հոգինոց անձնակազմով ու պաշտօնեաներով, թորոնթոհայ միակ ամէնօրեայ կրթական հաստատութիւնն է, որ առաւելագոյն ճիգերով կը շարունակէ իրագործել հայապահպանման իր վեհ առաքելութիւնը:

Վարժարանի Ծիլ դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան թորոնթոհայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն եւ ներկայացուցիչներուն, վարժարանի տնօրէնութեան եւ կրթական մարմինին կողմէ: Վերամուտի պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի եւ Շրջանային վարչութեան, Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող քոյր միութիւններու եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները:

Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանի բարի գալուստի խօսքով եւ աղօթքով սկսաւ բացման արարողութիւնը:

Վարժարանի Կրթական մարմնի ատենապետ Վազրիկ Շարապխանեան ողջունեց աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու գալուստը, եւ 2025-2026 ուսումնական 47-րդ տարեշրջանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց: Ան յայտնեց, որ վարժարանը տարուէ տարի վերելքի մէջ է, բան մը՝ որ կը պարտինք անցեալի եւ ներկայ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, քարտուղարական կազմերուն եւ կրթական մարմիններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ու չեն խնայեր, որ վարժարանը յաջողի ջամբել գերազանց ուսում, տիպար նկարագիր եւ ազգային ու հայկական գիտակցութիւն, դպրոցական ապահով միջավայրի մը մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բոլոր բարերարներուն եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ ուղեկից միութիւններուն՝ իրենց շարունակական անվերապահ աջակցութեան ու հոգատարութեան՝ կրթական այս օճախին վերելքին ի նպաստ:

Ապա խօսք առաւ տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, որ յայտնեց, թէ մեծ պատիւ է 2 տարեկան հայ մանուկէն մինչեւ 18 տարեկան հայ երիտասարդին գուրգուրալ, դաստիարակել, հոգին ազնուացնել, հայկական շունչով սնուցել եւ ապագայի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու պատրաստել: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որ վարժարանին կը պարգեւեն այդ հոգեպարար առիթը: Վարժարանի 47-րդ տարեշրջանի սեմին, պարոն Սարգիսեան իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ մեր վարժարանի վերելքին սատարող նախկին եւ ներկայ բարերարները, անձնակազմն եւ կամաւորները:

Ան նաեւ աւելցուց, թէ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի ապրած դժուար օրերուն կրկնակի կարեւոր կը դառնայ հայ վարժարանը կանգուն եւ ծաղկուն պահելը սփիւռքի մէջ: Երբ շատեր կը քննադատեն սփիւռքը եւ կը համարեն անոր դժուարութիւնները որպէս անխուսափելի ճակատագիր, մեր վարժարանի հիմնադիր տնօրէն պարոն Մարգար գրած էր իր պատասխանը. «Ես ճակատագրին հաւատացողը չեմ, երբեք չեմ եղած, բայց խոր հաւատք ունիմ ազգային դաստիարակութեան եւ ազգային ինքնագիտակցութեան վրայ, որուն արմատները կը տեսնեմ հայ դպրոցին, ազգային հայկական միջավայրին եւ հայադրոշմ ընտանիքին մէջ»:

Փառք Տիրոջ, հազար փառք, որ մեր զաւակները յաճախելով հայ վարժարան, պարոն Մարգարին նշած ճանապարհով կ’առաջնորդուին:

Սարգիսեան աւելցուց, որ վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչակազմը պատրաստ են ծառայելու աշակերտութեան: Աւարտին, ուժ եւ կորով մաղթեց ուսուցիչներուն եւ յարատեւ յաջողութիւն՝ աշակերտներուն:

Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանի, Տէր Հայարի Քահանայ Թանաշեանի, Տէր Հայկ Քահանայ Շահինեանի եւ Պատուելի Զոհրապ Սարգիսեանի Տէրունական աղօթքով ու «Պահպանիչ»ով փակուեցաւ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի 47-րդ վերամուտի արարողութիւնը, որմէ ետք աշակերտները ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան իրենց դասարանները՝ յաջողութիւններով լեցուն ուսումնական նոր տարեշրջան մը սկսելու համար:
Վերամուտի արարողութենէն մասեր կարելի է դիտել «Նոր Հայ Հորիզոն» Հեռուստաժամի YouTube-ի էջով (HorizonTV Toronto):