Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի 2023-2024 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսներ

Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանին համար Յունիս 2024-ը տօնական ամիս էր, որուն ընթացքին տեղի ունեցան «Պապայեան» մանկապարտէզի, «Գոլոլեան» նախակրթարանի եւ «Լափոյեան» երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսներն ու վկայականներու բաշխումները, ներկայութեամբ ծնողներուն, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան, համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ հանրութեան:

Ուրբաթ, 7 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 5:30-էն սկսեալ եռուզեր էր Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական կեդրոնի մուտքին: 48 մանուկներ, իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ, ժամանեցին կեդրոն, ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով:

Ձեռնարկը սկսաւ «Համազգային» թատերասրահին մէջ, յիշատակի նկարներու յարակցումով մը, որ կը ներկայացնէր Ծիլ կարգէն մինչեւ Ծաղիկ կարգի մեր աշակերտներուն գործունէութիւնը: Մինչ հանդիսատեսը սուզուած էր յիշատակներու ծովին մէջ, 48 շրջանաւարտ ծաղիկները կը շարուին բեմին վրայ, վարագոյրներու ետին: Կ’աւարտի ներկայացումը: Կը հնչեն Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները, ու ապա վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարիգսեանը կ’ողջունէ ներկաները եւ պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարէ հանդէսը: Կը բացուի վարագոյրը: Շրջանաւարտները մեզ կը դիմաւորեն իրենց անմեղ ժպիտներով եւ յայտագիրը կը բանան «Հայր Մեր» աղօթքով: Ապա հայերէն լեզուով կ’երգեն «Խաղաղութիւն» երգը եւ կ’ասմունքեն «Երազ մը» բանաստեղծութիւնը: Անգլերէն լեզուով կը ներկայացնեն «On My Way» եւ «One Small Voice» երգերը եւ «45 Wish» եւ «We Are Graduating» ասմունքները. իսկ ֆրանսերէնով կ’երգեն «Ainsi font, Il etati un Petit Navire, Au Revoir les Copains» երգը: Հանդէսի առաջին բաժինը կը փակուի «Հրաժեշտ Մանկապարտէզին» երգով:

Փոխ-տնօրէն տիկին Զէլա Գագուսեան բեմ կը հրաւիրէ մանկապարտէզի ուսուցիչները եւ անոնց կը նուիրէ ծաղիկներ: Տնօրէն Րաֆֆի Սարիգսեանի, փոխ-տնօրէն Զէլա Գագուսեանի եւ ծաղիկ կարգի ուսուցիչներու ձեռամբ կը կատարուի վկայականներու բաշխումը:

Կրթական խորհուրդի ատենապետ տիար Վազրիկ Շարապխանեան շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց շրջանաւարտներուն, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն: Ապա բեմ հրաւիրեց բազմավաստակ կրթական մշակ, 33 տարիներ վարժարանիս մանկապարտէզի մէջ հայոց լեզու դասաւանդած, սերունդներ դաստիարակած, բոլորին սիրելի տիկին Սօսէ Տէրտէրեանը: Ան պարգեւատրեց զինք ապակեայ գնահատագիրով եւ Մայքըլ Արամի ձեռամբ պատրաստուած յուշամետաղով, որուն վրայ պատկերուած էր ՀՕՄ-ի զինանշանը՝ շրջապատուած մանուկներով: Իր կարգին, պարգեւատրեալը փոխանցեց իր սրտի խօսքը, նշելով յիշատակելի դէպքեր եւ զարգացումներ, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նախկին եւ ներկայ տնօրէններուն եւ պաշտօնակիցներուն եւ ապա յայտնեց, որ պիտի կոչուի հանգստեան: Հանդիսատեսները յոտնկայս ծափողջոյններով իրենց գնահատանքը յայտնեցին տիկին Տէրտէրեանի տարիներու վաստակին:

Այսպէս, ծաղիկները հրաժեշտ տուին մանկապարտէզի ջերմ կեանքին եւ ուրախ խաղերուն, եւ ցոյց տուին իրենց պատրաստակամութիւնը` անցնելու նախակրթարանի Ա. Դասարան՝ հայկական պարով։

Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեանի սրտի խօսքով ու «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ հոգեթով հանդիսութիւնը:

Յաջորդող Ուրբաթ օր, 14 Յունիսին, «Գոլոլեան» Նախակրթարանի ընթացքը աւարտող 40 աշակերտներու «Համազգային» թատերասրահ հանդիսաւոր մուտքով եւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ տեղի ունեցաւ վարժարանի 8-րդ կարգի հանդէս-վկայականներու բաշխումի երեկոն: Ձեռնարկը կը հանդիսավարէր վարժարանիս հայերէն լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցիչ տիկին Սիւզի Մելիտոնեանը:

Շրջանաւարտները հանդէս եկան Եղիշէ Չարենցի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութեամբ, նուիրուած մեր աննման հայրենիքին: Երախտիքի խօսքեր արտասանեցին հայերէնով՝ Սեւանա Սարգիսեան, անգլերէնով՝ Ալինա Կրըշօն եւ ֆրանսերէնով՝ Լիանա Շամահեան:

Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, որ յայտնեց, թէ վարժարանիս համայնքը իր յաջողութիւններու բաժինը կը պարտի «աննման, ժրաջան եւ նուիրուած անձնակազմին»: Սարգիսեան լուսարձակի տակ առաւ հեռատես եւ նուիրեալ համայնքի ղեկավարներու տեսիլքն ու աշխատանքը, որով հիմը դրին այս վարժարանին:

Ապա, 8-րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ կրթական խորհուրդի ատենապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ մրցանակ-վկայականներու բաշխումը:

Կրթական խորհուրդի ատենապետ տիար Վազրիկ Շարապխանեան շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց շրջանաւարտներուն, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն:

Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան արտասանեց իր սրտի խօսքն ու «Պահպանիչ»ով աւարտեց զայն:

Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր ելքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։

Եւ վերջապէս, 21 Յունիս, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մանկապարտէզի եւ Նախակրթարանի վկայականներով արդէն զինուած, եւ երկրորդական վարժարանի ընթացքը աւարտած 29 երիտասարդներ, շաբաթ մը ամբողջ հետեւելով երկրորդական կարգերու հայ գրականութեան եւ հայ դատի ուսուցիչ տիկին Աշխէն Մալխասեանի ցուցմուքներուն եւ ուսուցողութեան, հանդիսաւոր մուտքով շարուեցան Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահի բեմին վրայ: Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներէն ետք, տիկին Մալխասեան ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց ներկայութիւնը ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի եւ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէի, հոգեւոր հայրերու, Հայ կեդրոնի յարակից միութիւններու, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի ներկայացուցիչներուն եւ բարերարներուն: Մալխասեան յայտնեց, որ այս 29 երիտասարդները «մեր աչքերուն առջեւ կազմաւորուեցան եւ դաստիարակուեցան իբրեւ տիպար քաղաքացիներ ու հայրենասէր հայեր եւ այսօր հաստատ քայլերով պիտի շարունակեն իրենց երթը դէպի նորանոր բարձունքներ»:

Շրջանաւարտները հանդէս եկան Մուշեղ Իշխանի «Հայ Հոգին» եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութիւններով: Հրաժեշտի ուղերձներ արտասանեցին հայերէնով՝ Իզապէլ Ակոբ, անգլերէնով՝ Ուինոլա Իսկէնտէրեան եւ ֆրանսերէնով՝ Սարին Գաբրիէլեան:

Բեմ հրաւիրուեցաւ տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան: Ան նշեց, որ այսօրուան ստանալիք վկայականներով շրջանաւարտները կը միանան ծանր պատասխանատուութիւններ կրող այն փաղանգին, որ իր յաճախած միջավայրերուն մէջ կը դառնայ Հայ ազգի ու դատի առաքեալը եւ իր յաջողութիւնները միշտ կը ծառայեցնէ ազգի վերելքին, շեշտելով որ այդ հոգիով թորոնթոհայ համայնքը կրցած է գոյատեւել: Սարգիսեան վերյիշեցուց, որ անցեալ աւարտական հանդէսին վարժարանը ստեղծեց աւանդութիւն մը՝ յաջորդական հունձքերը անուանելու Հայրենիքի տարածքներու անուններով, ամրապնդելու մեր շրջանաւարտներու պահանջատէր ոգին. «Վկայելով ձեր տարիներու ընթացքին ցուցաբերած ազգանպաստ գործերն ու ձեր բուռն հայրենասիրութիւնը, տպաւորուելով ձեր նուիրուածութեամբ եւ կամաւոր ոգիէն եւ քաջ գիտնալով որ ձեր մէջ կ’ապրի եւ կը շարունակէ ծաղկիլ հայու հզօր հոգին, որուն յառած դուք պիտի սաւառնիք արիաբար դէպի ազգային եւ անձնական կեանքի մարտահրաւէրներու դիմաց, ձեր հունձքը, 45-ամեակի հունձքի կողքին, կ’անուանենք «Սարդարապատ» հունձք: Մեր ժողովուրդը կարիքը ունի նոր Սարդարապատի, որուն յաղթերգով նաեւ կ’առաջնորդուինք այսօր: Ձեր կեանքի ընթացքին միշտ յիշեցէ՛ք, որ դուք վերապրած ժողովուրդի շառաւիղներն էք եւ դուք ձեզ կը ճանչնաք որպէս նոր Սարդարապատ եւ չընկաք, միշտ կաք, դեռ կը գաք, երբ տան զանգը, ահազանգը, մեր հոգու պարտքը պիտի տանք», յայտարարեց Սարգիսեան:

12-րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ կրթական խորհուրդի ատենապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Մրցանակ-վկայականներու բաշխումը:

Խօսք առաւ կրթական խորհուրդի ատենապետ տիար Շարապխանեանը, շնորհաւորելով շրջանաւարտները, ծնողները եւ ուսուցիչները:

Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վարդան Ծ. Վարդապետ Թաշճեանի սրտի խօսքէն եւ օրհնանքէն ետք հնչեց «վերջին զանգ»ը, «Սարդարապատ» հունձքի շրջանաւարտները նետեցին իրենց գլխարկները, վերջին անգամ ըլլալով նկարուեցան ուսուցիչներուն հետ ու սրահէն դուրս ելլելով բարձր թռիչքով, հայու հոգիով, հայու առաքելութեամբ ու հայու հպարտութեամբ հրաժեշտ տուին վարժարանին՝ ուղուելու դէպի լուսաշող ապագայ:

ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարան

Լուսանկարները Իշխան Ղազարեանի

Comments are closed.