Թորոնթոյի հայ համայնքը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակը

Կիրակի, 23 Ապրիլ 2023-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակը, կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբին, ներկայութեամբ դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութեան:

Օրուան հանդիսավարն էր Հրակ Տատայեան, որ նախ ողջունեց ներկաները, ապա հակիրճ անդրադարձ կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ յայտարարեց, որ այս տարուան Յունիսին Ճորճթաունի որբերուն Գանատա ժամանման 100-ամեակը պիտի նշուի:

Ջութակահար Նշան Փափազեան եւ դաշնակահար Մարիա Տաւուտեան հանդէս եկան Արա Գէորգեանի «Ատանա» երաժշտութեամբ:

Հանդիսավար Տատայեան ներկայացուց օրուան բանախօս, Գոնգորտիա համալսարանի ցեղասպանութեանց եւ մարդկային իրաւանց բաժանմունքի տնօրէն Քայլ Մաթիուզը, որ խօսք առնելով ըսաւ. «Մենք իրապէս պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք Հայաստանի մէջ այս օրերուն կատարուած իրադարձութեանց, ես կը խօսիմ Արցախի մասին: Ես չեմ կրնար հաւատալ (ասոր մէջ ներգրաւուած է նաեւ Գանատան), որ 2020-ին Գանատա անօդաչու սարքեր տրամադրեց Թուրքիոյ, որոնք պիտի օգտագործուէին ISIS-ի դէմ պայքարելու, բայց անոնցմէ մաս մը տրամադրուեցան Ատրպէյճանի՝ հայերու դէմ յարձակումի համար օգտագործուելու, Այս մէկը անընդունելի է»: Ապա կոչ ուղղեց շարունակելու Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանումը: «Ինչ պատահած է 108 տարի առաջ պէտք է մեզի մտածել տայ այսօր քայլեր ձեռնարկելու, որպէսզի «դարձեալ՝ երբեք» հասկացութիւնը կարենանք իրականութիւն դարձնել», աւելցուց ան:

Բեմ հրաւիրուեցան Գանատայի Հանրային Ծառայութիւններու նախարար Հելենա ժաքզէգ եւ Ազատական կուսակցութեան խորհրդարանի անդամներ՝ Ժան Եիփ, Մայքըլ Գոթօ, Ալի Էհսասի եւ Փոլ Չանկ, որոնք իրենց ուղերձները փոխանցեցին։ Ընթերցուեցաւ նաեւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օրուան առիթով պաշտօնական պատգամը։

Ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդի տեղակալ եւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Մելիսա Լանթսման իր զօրակցութեան խօսքը փոխանցեց։ Նոր-Դեմոկրատական կուսակցութեան (NDP) ղեկավար Ճակմիթ Սինկի պատգամը ընթերցեց հանդիսավար Տատայեան.

Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան համանախագահ Հան Տոնկ իր զօրակցութեան ուղերձով հանդէս եկաւ, ապա բեմ հրաւիրուեցան Օնթարիօ նահանգի Հանրային Ծառայութիւններու եւ Համայնքներու նախարար Մայքըլ Փարսա եւ Օնթարիոյի Պահպանողական կուսակցութեան անդամներ եւ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Ռոպին Մարթին, Պիլի Փանկ, Արիս Պապիկեան, Լոկըն Քանափաթի եւ Տէյվիտ Սմիթ: նախարար Փարսա ընթերցեց Օնթարիոյի վարչապետ Տակ Ֆորտի Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով զօրակցական պատգամը։

Օնթարիոյի նահանգային Խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան խօսք առնելով ըսաւ. «Որպէս այս համայնքի զաւակ եւ որպէս երկու ցեղասպանութիւններէ փրկուածներու թոռ (Հայոց Ցեղասպանութիւն եւ Յոյն-պոնտական Ցեղասպանութիւն), ես եւ իմ գործընկերներս պիտի մնանք ձեր կողքին եւ նուիրուինք անարդարութեան դէմ պայքարին, ուր որ ալ տեղի ունենայ… Շնորհակալութիւն կ՚ուզեմ յայտնել նաեւ Գանատայի ժողովուրդին, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներուն հանդէպ իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ես երախտապարտ եմ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերուն հանդէպ իրենց ցուցաբերած օժանդակութեան համար»:

Իրենց պատգամը փոխանցեցին նաեւ Օնթարիոյի Խորհրդարանի անդամներ՝ Դեմոկրատական Թոմ Ռաքոչեվիչ, ինչպէս նաեւ Օնթարիոյի Ազատական կուսակցութեան ղեկավարի տեղակալ Միթզի Հանթըր եւ Ատիլ Շամճի:

Բեմ հրաւիրուեցան Թորոնթոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Պրատ Պրատֆորտ, Ճաշ Մաթլօ, Գրիս Մոյս Ճամալ Մայըրզ, Ճոն Պըրնսայտ եւ Շէլի Գարոլին, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին շրջափակման մէջ գտնուող արցախահայութեան։ Մարքամի փոխ քաղաքապետ Մայքըլ Չան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Ալան Հօ, Ռիչ Լօ, Ճոնիթա Նաթան նոյնպէս իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Թորոնթոյի հայ համայնքին։

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Թորոնթոյի քաղաքապետի յառաջիկայ ընտրութեան եօթը թեկնածուներ՝ Ճաշ Մաթլօ, Պրատ Պրատֆորտ, Աննա Պայլաու, Միթզի Հանթըր, Օլիվիա Չաու, Մարգ Սանտըրս եւ Անթընի Ֆուրէյ: Ներկայ էին նաեւ Օնթարիոյի Ազգային Ժողովի նախկին անդամ Տէյվիտ Ուորնըր եւ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան։

Միջոցառումը աւարտեցաւ ծաղկեպսակի զետեղմամբ Հայոց Ցեղասպանութեան «Վերածնունդ» յուշակոթողին դիմաց, որ ստեղծագործութիւնն է գանատահայ արուեստագէտ Արտօ Չաքմաքճեանի:

 

Comments are closed.