Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Յայտարարութիւն

Սիրելի Թորոնթոհայեր,
Գաղութիս անդամներուն ապահովութիւնը մեր առաջնահերթութիւնն է: Այս իմաստով պիտի դիմենք տարբեր միջոցներու ընդհանուր ապահովութիւնը պահելու համար:

ԿԵԴՐՈՆՆԵՐ

  • Կիրակի, 15 Մարտ 2020ին, Հայ Կեդրոնը ՓԱԿ պիտի մնայ:
  • Յառաջիկայ օրերուն, կը խնդրենք դադրեցնել Հայ եւ Հայ Երիտասարդական կեդրոն բոլոր ոչ-անհրաժեշտ այցելութիւնները:
  • Զոյգ կեդրոններէն ներս, մաքրութիւնն ու հականեխումը պիտի դառնան աւելի յաճախակի:
  • Կը խնդրենք որոշ հեռաւորութիւն ձգել իրարու միջեւ երբ կեդրոններէն ներս կը գտնուինք, ինչպէս ձեռնուիլ, փաթթուիլ, համբուրուիլ:

ՍԲ. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ

  • Եկեղեցին կիրակի օրերը փակ պիտի մնայ: Պատարագին եւ հոգեհանգիստի արարողութեան կրնաք մասնակցիլ այցելելով եկեղեցիի դիմատետրի էջը:
  • Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք հեռաձայնել եկեղեցիի գրասենեակ՝ (416) 493-8122.

ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐ, ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԿԱՄԶԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

  • Բոլոր հաւաքնեը եւ ժողովները առկախուած են:
  • Կը խնդրենք կապ հաստատել ձեր վարչութիւններուն հետ, ապագայ ծրագիրներու համար:

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՀՈԳԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

  • Եթէ անհանգիստ էք, կը խնդրենք որ տունը մնաք:
  • Չվարակուելու ամէնալաւ ձեւը ձեռքերը լուալն է:’
  • Ըստ Գանատայի Կառավարութեան, եթէ դուք կամ ձեր ընտանիքի ոեւէ անդամը Գանատայէն դուրս ճամբորդած է, մեծապէս յանձնարարելի է առնուազն 14 օր տունը մնալ:
  • Եթէ COVID-19ի որեւէ ախտանշան ունիք (Տաքութիւն, հազ, շնչառութեան դժուարութիւն) հեռաձայնեցէք Telehealth Ontario՝ 1-866-797-0000 կամ ձեր բժիշկին:
  • Եթէ ճամբորդութենէ վերադարձած էք կամ ախտանշաններ ցոյց կու տաք, նախքան ձեր այցելութիւնը որեւէ բժշկական գրասենեակ կամ կեդրոն, անպայման հեռաձայնեցէք որպէսզի յստակացնէք այցելութեան ձեր կարելիութիւնը:
  • Երէց (60+) անդամները կամ անոնք որոնք առողջական յատուկ պարագաներ ունին (տկար դիմադրողականութիւն, սրտի եւ թոքերու տկարութիւն) ենթակայ են աւելի վտանգի:
  • Այցելեցէք Public Health Ontarioի կայքէջը յաւելեալ տեղեկութիւններու համար:

Մնացէք ապահով եւ առողջ

Շնորհակալութիւն
Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.