Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի հաղորդագրութիւն

Horizon Weekly Newspaper

16 Ապրիլ 2020

Սիրելի Հայրենակից,

Անցնեալ ամիս, Թորոնթոհայ համայնքը ենթարկուեցաւ զօրաշարժի, դիմակալելու համար COVID-19 համաճարակը: Ստորեւ կը ներկայացնենք ցարդ տարած մեր աշխատանքներու ամփոփ տեղեկագիրը ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրները:

Հայ Կեդրոնի հեռաձայնային թէժ գիծ եւ ե-նամակի հասցէ

  • Երկուշաբթիէն ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 7:00-9:00, հեռաձայնով՝ 416-491-2900 x3202 կամ ե-նամակով՝ helpline@acctoronto.ca:
  • Այս միջոցը ի գործ դրուած է հասնելու կարիքներուն (ուտեստեղէն, դեղորայք, անհրաժեշտ պիտոյքներ) 60 տարիքը բոլորած, քրոնիկ հիւանդութենէ տառապող, անկարող կամ հիւանդ անհատներու, որոնք չունին զանոնք ապահովող ընտանիքի անդամներ:

Համաճարակի պատրաստականութեան երկլեզու կայքէջ

  • Կեդրոնս պատրաստեց Համաճարակի Պատրաստականութեան երկլեզու կայքէջ, ուր կրնաք գտնել բժշկական, առողջապահական, անձնական հոգատարութեան, կառավարական օժանդակութիւններու զանազան տեղեկութիւններ եւ կապի տուեալներ: Կը խնդրենք որ ձեր տեղեկութիւնները քաղէք հաւաստի աղբիւրներէ եւ հեռու մնաք ապատեղեկատուութենէ:
  • Պիտի շարունակենք նորութիւններ փոխանցել ձեզի կայքէջին, դիմատետրի մեր էջին եւ ե-նամակներու միջոցով:

Անհատական նիւթական օժանդակութեան տեղեկատու-ուղեցոյց

  • Գանատայի կառավարութեան բոլոր մակարդակները հաստատեցին միջոցներ՝ լաւագոյնս բաւարարելու գանատաբնակներու նիւթական կարիքները: Մենք ալ մեր կարգին ուսումնասիրեցինք առկայ այլազան տարբերակները եւ պատրատեցինք նիւթական օժանդակութեան յստակ, հակիրճ եւ պարզեցուած ցուցակ մը, որ կրնաք տեսնել սեղմելով այստեղ:

ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակ

  • Ե-նամակի հասցէ՝ ARSSocialServices@gmail.com
  • Գրասենեակը անմիջապէս անցում կատարեց դէպի առցանց գործունէութիւն, եւ կը շարունակէ համայնքի անդամներուն տրամադրել անմիջական եւ ճգնաժամային ծառայութիւններ եւ ցուցմունք տալ անոնց որ օգտուին անհրաժեշտ ծրագիրներէն (ներառեալ` կառավարական նիւթական օժանդակութեան ծրագիրէն):

ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի անմիջական անցում հեռավար ուսուցումի

  • Մեր համայնքի ամէնատպաւորիչ անցումներէն մէկն էր հեռավար ուսուցումը, որ սկսաւ Գարնանային Արձակուրդէն անմիջապէս ետք: Կրթական մարմինն ու անձնակազմը անմիջապէս անցան բնականոն ուսուցումի՝ Google Classroom-ի միջոցով:
  • Այս նոր միջավայրին մէջ աճելու եւ սորվելու համար, ուսուցիչները ի գործ դրած են դասաւանդումի տարբեր ձեւեր առօրեայ դասերը փոխանցելու համար, օգտագործելով տեսահոլովակի կամ ձայնագրութեան միջոցները, ամէնօրեայ դէմ առ դէմ դասաւանդութիւններուն կողքին:
  • Կը վստահեցնենք, որ մեր աշակերտները կը ստանան կրթութեան նոյն որակը, որ պիտի ստանային ֆիզիքական դասարանէն ներս եւ պատրաստ պիտի ըլլան 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանին:

 

Նոր Հայ Հորիզոն Հեռուստաժամի ու Թորոնթոհայ Ամսաթերթի գործունէութիւն եւ առցանց ներկայութեան ընդլայնում

  • Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի երկու լրատուամիջոցները կը շարունակեն գործել՝ համայնքի վերջին լուրերը տրամադրելով հանրութեան:
  • Թորոնթոհայ Ամսաթերթը զանց առած է Ապրիլ ամսուան թիւի տպագրութիւնը: Թուային տարբերակը կարելի է կարդալ սեղմելով այստեղ:
  • Նոր Հայ Հորիզոնը թողարկեց դիմատետրի իր նոր էջը՝ որպէսզի շտապ լուրերն ու համայնքի նորութիւնները (համաճարակի մասին եւ անկէ անդին) աւելի արագ հասանելի ըլլան հանրութեան:

Եկեղեցական արարոութիւններու ուղիղ սփռում Սբ. Աստուածածին եկեղեցիէն

  • Պահելու համար ֆիզիքական եւ ընկերային հեռաւորութիւնը, եկեղեցին իր բոլոր արարողութիւնները ուղիղ եթեր կը սփռէ եկեղեցւոյ դիմատետրի էջով։
  • Եկեղեցւոյ գրասենեակը կը շարունակէ օժանդակել համայնքի զաւակներուն: Կարելի է հեռաձայնել 416-493-8122 թիւին կամ գրել՝ stmaryarmchurch@yahoo.com հասցէին:

ՀՕՄի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ՝ դիմակներու պատրաստութիւն

  • ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղը զօրաշարժի ենթարկած է իր կամաւոր շարքերը՝ առաջնային գիծի աշխատակազմի անդամներուն դիմակ պատրաստելու համար:
  • Հպարտութեամբ կը տեղեկացնենք, որ շուտով 1,000 դիմակ պիտի նուիրեն Michael Garron հիւանդանոցին:
  • Այս աշխատանքին մասին կարելի է դիտել Նոր Հայ Հորիզոնի եթերէն կամ կարդալ Թորոնթոհային մէջ:

Հայ Կեդրոնի Նիւթական Կայունութեան ապահովում

  • Ոչ-շահութաբեր այլ կազմակերպութիւններու եւ բարեսիրական հաստատութիւններու նման, Հայ Կեդրոնի եկամուտի աղբիւրներու զգալի մասը ցամքած է՝ համաճարակին հետեւանքով (ներառեալ կեդրոնի վարձավճարները, միութենական ձեռնարկները, նուիրատուութիւնները):
  • Հայ Կեդրոնի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ մօտէն վերահսկել եւ կառավարել իր կեդրոններու եւ հաստատութիւններու նիւթական իրավիճակը: Անմիջական դժուարութիւնները լուծելու համար, ի գործ դրուած են արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրներ:
  • Կեդրոնիս ղեկավարութիւնը կապեր հաստատեց կառավարութեան բոլոր մակարդակներու ներկայացուցիչներուն հետ` ընդգծելու համար կեդրոնին կարիքները եւ խնդրելու, որ մեր կեդրոնը եւ կարկինը լայն բացած՝ ոչ-շահութաբեր, բարեսիրական ոլորտն ալ ստանան հարկ եղած նիւթական աջակցութիւնը, կայուն կարենալ պահելու համար Հայ Կեդրոնը այս ճգնաժամի ընթացքին:
  • Արդէն կապեր հաստատուած են աւելի քան 25 դաշնակցային եւ նահանգային երեսփոխաններու հետ (հեռաձայնով կամ ե-նամակով) եւ հանդիպումներ տեղի ունեցած են Ընտանիքներու, Երեխաներու եւ Ընկերային Զարգացումի նախարար՝ Ահմեդ Հուսէնի եւ Փոքր Առեւտուրներու, Արտածումի Զարգացումի եւ Միջազգային Առեւտուրի նախարար՝ Մերի Ինկի հետ:
  • Կը շարունակուի կապերու հաստատումը կառավարութեան բոլոր մակարդակներու ներկայացուցիչներուն հետ, ապահովելու համար մեր համայնքի բարօր կեանքը:

 

Յառաջիկայ Ձեռնարկներ

  • Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակի առիթով, Ապրիլ 24ի Օթթաուայի ժողովրդային հաւաքը եւ բողոքի ցոյցը փոխարինուած են առցանց սփռումով՝ Ապրիլ 24ի օրը, կէսօրուան ժամը 12:00ին: Մանրամասնութիւններն ու դիտելու կայանները կրանք գտնել այցելելով Գանատայի Հայ Դատի Գրասենեակի դիմատետրի էջը:
  • Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 6:00ին, Հայ Կեդրոնը պիտի ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ուղիղ եթեր՝ Մարքամի Յիշատակի Պուրակէն, ուր ՀՅԴ ԳԵՄ-ի երկու անդամներ եւ ՀՄԸՄ Թորոթոյի երկու սկաուտներ 105 կապոյտ ժապաւէններ պիտի կապեն պուրակին ծառերուն վրայ առ ի յարգանք առաջնային գիծի աշխատող հերոսներուն #FrontLineHeroes: Ժողովուրդի մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ միայն ուղիղ եթերով, որ պիտի սփռուի Հայ Կեդրոնի դիմատետրի էջէն:

 Այս դժուարին պայմաններուն, միշտ կը փնտռենք նոր եւ նորարարական եղանակներ մեր համայնքի յարափոփոխ կարիքները հոգալու համար: Ձեր առաջարկները հաճեցէք ուղարկել communityplanning@armenian.ca հասցէին:

Ապահով մնանք, պահենք մեր ֆիզիքական հեռաւորությունը: Միասին կը յաղթահարենք COVID-19ը:

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.