Թաշքենթի Մէջ Կայացաւ «Վերադարձ Դէպի Արեւմտեան Ատրպէյճան» Հակահայ «Գիտաժողով»ը
Խումբ մը ատրպէյճանցի հանրային գործիչներ կոչ ըրին՝ միաւորելու թրքական (լրատւութեան մէջ, «թրքական» եւ «թուրք» եզրերը գործածուած են թրքական արմատ ունեցող բոլոր ազգաբնակչութիւններուն համար. այլ խօսքով՝ փանթուրանութեան մաս կազմող ժողովուրդներուն) ջանքերը հայկական ազգայնականութեան դէմ պայքարին մէջ` վկայակոչելով Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ «թրքախօս ազգաբնակչութիւններու դէմ ցեղային զտումները»: Յայտարարութիւնները կատարուեցան Իւզպէքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենթի մէջ տեղի ունեցած «Վերադարձ դէպի Արեւմտեան Ատրպէյճան եւ թրքական աշխարհ» խորագիրով «գիտաժողով»ին ընթացքին, երբ ատրպէյճանցի բանախօսները դիմեցին իւզպէք պատասխանատուներուն, օտար հիւրերուն եւ հանրութեան՝ «տարածաշրջանին մէջ թուրքերուն դիմագրաւած պատմական անարդարութիւնները դարմանելու» խնդրանքով։
Ձեռնարկին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ « 20րդ դարասկզբին հայ ազգայնականներու գործած վայրագութիւնները կեդրոնացած էին ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան՝ նախկին Արեւմտեան Ատրպէյճանի տարածքին թուրքերու ցեղային զտումներուն վրայ»:
«Այս գիտաժողովին նպատակը համատարած իրազեկութիւնը Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ թրքախօս ազգաբնակչութիւններու դէմ գործուած ցեղային զտումներու պատմութեան մասին բարձրաձայնելն է», ըսաւ ատրպէյճանցի հանրային գործիչ Եասեմէն Կարակոյունլու, ըստ Turan News ատրպէյճանական գործակալութեան հաղորդած լրատուութեան։
Ան անդրադարձաւ «պատմական իրադարձութիւններուն», ինչպէս օրինակ՝ «1918ին Զանգեզուրի մէջ 35,000 ազերիներու ջարդին»: Ան նաեւ մատնանշեց «1924ին Քերքուքի (այժմ՝ Իրաք) սպանութիւնները, ուր հայերը, բրիտանացիներուն աջակցութեամբ՝ սպանեցին 280,000 թուրքեր»:
Ըստ Կարակոյունլուի՝ «հայ դաշնակները պատասխանատու են Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ, ներառեալ՝ Իւզպէքիստանի մէջ, հարիւր հազարաւոր թուրքերու մահուան»։
«Գիտաժողով»ին ընդգծուեցաւ կարեւորութիւնը «1918ին թուրք հրամանատար Նուրու փաշայի բանակին Ատրպէյճան եւ Տաղստան ժամանումին, որ կանխեց տեղւոյն իսլամ բնակչութեան ամբողջական ոչնչացումը»։ Կարակոյունլու ներկաներուն նաեւ յիշեցուց, որ «20րդ դարու սկիզբէն ի վեր, Արեւմտեան Ատրպէյճանէն, որ այժմ Հայաստանի տարածքն է, առաւել քան 1.5 միլիոն ատրպէյճանցիներ տեղահանուած են»:
Թաշքենթի ատրպէյճանա-թրքական տան կազմակերպած այս «գիտաժողով»ին աւարտին ընդունեցաւ բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ «միաւորելու թրքական ջանքերը՝ պայքարելու համար հայկական ազգայնականութեան եւ թրքատեացութեան դէմ»:
Comments are closed.