Ըստ «Ֆրիտըմ Հաուս»ի՝ Ատրպէյճան Կրնայ Հայաստանի Վրայ Լայնածաւալ յարձակում Կատարել
«Ֆրիտըմ Հաուս» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը ներկայացուց «Ազատութիւնը աշխարհի մէջ 2024» զեկոյցը, որուն մէջ կը նշուին նաեւ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած ռազմական յարձակումը եւ ցեղային զտումները:
Համաշխարհային բռնապետական յարձակում բաժինին մէջ կ՛ըսուի, որ վիճելի տարածքներու վրայ յարձակումներուն պատճառով հոն ապրող մարդիկ յաճախ կը դառնան ինքնավարութեան, բազմակարծութեան թշնամութեան եւ անոնց ընդլայնողական օրակարգին զոհը:
«Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի վարչակազմին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշարումը պատճառ դարձաւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կազմաքանդման եւ առաւել քան 120,000 հայերու բռնի տեղահանման, զոր բազմաթիւ օտար դիտորդներ որակեցին ցեղային զտումներ: Իբրեւ արդիւնք՝ նախկին մասամբ ազատ տարածքը 2023ին կրեց աշխարհի մեծագոյն վարկանիշային անկումը՝ ընդհանուր առմամբ կորսնցնելով 40 միաւորներ: Մինչ Ռուսիոյ կառավարութիւնը կը բանակցէր 2020էն ետք նոր զինադադարի մը շուրջ, որ զգալի յաջողութիւններ բերաւ Պաքուին, 2022ին Մոսկուայի ներխուժումը Ուքրանիա՝ սահմանափակեց Ռուսիոյ խաղաղապահ ներուժը, եւ Ատրպէյճանի բանակի ուժերը ամրապնդեցին իրենց վերահսկողութիւնը միջերկիրի մնացած մասին վրայ: Վերջապէս, քիչ բան կրնայ կասեցնել Ատրպէյճանի վարչակարգի յաւակնութիւնները՝ լուծելու երկարամեայ վէճը ուժի միակողմանի կիրակումով: Յարձակումը համընկնեցաւ Ատրպէյճանի մէջ մենատիրական բռնաճնշումներու խորացման հետ: 1990ականներու սկիզբէն, կառավարութիւնը բնիկ հայերուն նկատմամբ կիրարկած է խտրական քաղաքականութիւն, եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ անոնց ժառանգորդներուն արգիլուած է մուտք գործել երկիրը կամ ենթարկուիլ սահմանափակումներու: Վերջին տարիներուն աւելցած են կրօնի նկատմամբ խտրականութիւնը եւ անկախ լրատուամիջոցներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ ճնշումները: Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւումը աւելցուց ներքին ժողովրդականութիւնը նախագահ Իլհամ Ալիեւի, որ կը ղեկավարէ Ատրպէյճանը 2003ին՝ իր հօրմէ այդ պաշտօնը ժառանգելէ ետք, եւ մտավախութիւն յառաջացուց, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կրնայ լայնածիր ներխուժում կատարել Հայաստանի Հանրապետութիւն, որուն սահմանները արդէն խախտած են: Պաքուն կրնայ ոգեշնչուիլ Ռուսիոյ գործողութիւններէն: Քրեմլինի կողմէ Խրիմը Ուքրանիայէն ապօրինաբար բռնագրաւելէն ետք, տասնամեակի մը ընթացքին թերակղզիին մէջ երկու միլիոն բնակիչներու ազատութեան մակարդակը կտրուկ կերպով անկում ապրեցաւ: 2023ին, բռնագրաւող ռուսական ուժերը շարունակեցին Խրիմի բնակիչները զօրակոչել ռուսական բանակ եւ ազգայնացնել մասնաւոր սեփականութիւնը: Իրավիճակը յատկապէս սարսափելի է բնիկ ուքրանացիներու եւ Խրիմի թաթարներուն համար, որոնց լեզուն, կրօնը եւ մշակոյթը ճնշումի տակ են, որովհետեւ Մոսկուա կը փորձէ ռուսացնել տարածաշրջանը», կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ:
Նոյն զեկոյցին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Հայաստանի մէջ ազատութեան, որ նախորդ տարուան պէս «մասամբ ազատ» պետութիւններու ցանկին վրայ է: Հայաստան «Քաղաքական ազատութիւններ» անուանակարգին մէջ ստացած է 40 առաւելագոյն միաւորներէն 23ը, «Քաղաքացիական ազատութիւններ» բաժինին մէջ՝ 60էն 31, եւ ունի ընդհանուր 54 կէտեր:
Comments are closed.